Մանուկներու Սուրբ ԳիրքըՕրինակ

Մանուկներու Սուրբ Գիրքը

ՕՐ 3 8-ից

Նոյը Աստուածապաշտ մարդ մըն եր։ Մնացեալ մարդիկը կ՛ատեին եւ անհնազանդ Էին Աստուծոյ։ Օր մը Աստուած սարսափելի բան մը ըսաւ. "Ես պիտի կործանեմ այս չար աշխարհը", ըսաւ Աստուած "Միայն քու ընտանիքդ պիտի ազատուի"։

Աստուած զգուշացուց Նոյին ըսելով, որ մեծ ջրհեղեղ պիտի գայ եւ ծածկե ամբողջ աշխարհը։ "Մեծ տախտակե տապան մը շինե, որ մէջը բաւէ քու ընտանիքդ եւ անասունները" հրամայեց Նոյին։ Աստուած Նոյին տուաւ ճշգրիտ ցուցմունքները. Նոյ գործի անցաւ։

ժողովուրդը Նոյին վրայ կը ծիծաէին երբ Նոյ անոնց կը բացատրեր, թե ինչու կը շինե այս նաւը։ Նոյ շարունակեց շինել։ Ան նաեւ շարունակեց ժողովուրդին խօսիլ Աստուծոյ մասին։ Ոեւէ մեկը մտիկ չէր ըներ անոր։

Նոյ մեծ հաւատք ուներ։ Ան Աստուծոյ կը հաւատար թէեւ տակաւին անձրեւ չէր տեղացած ատկէ առաջ։ Արդեն նաւը պատրաստ էր եւ պետք էր մէջը ապրանքները լեցնել։

Հիմա հասան անասունները։ Աստուած կարգ մը անասուններէն եօթական բերաւ եւ ուրիշներէն երկուքական մեծ եւ պզտիկ թռչուններ, պզտիկ եւ երկարահասակ գազաններ բոլորն ալ դեպի տապան կ՚ուղղուէին։

Թերեւս ժողովուրդը անարգական խօսքեր կ՛ուղղեր Նոյին երբ անասունները կ՚առաջնորդէր դեպի նաւ։ Անոնք երբեք չէին դադրէր Աստուծոյ դէմ մեղք գործելէ։ Անոնք չէին խնդրեր տապանին մեջ մտնել։

Վերջապես ամեն անասունները եւ թռչունները նաւ ելան։

"Տապան ելիր" հրաւիրեց Աստուած Նոյին "Ղուն եւ քու ընտանիքդ"։ Նոյ, իր կինը, իր երեք տղաքը իրենց կիներով մտան տապան, յետոյ Աստուած գոցեց տապանին դուռը։

Ետքը անձրեւ սկսաս Սաստիկ ջրհեղեղ, որ աշխարհը ծածկեց, քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր։

Ջրհեղեղին ջուրերը ծածկեցին քաղաքները եւ գիւղերը։ Երբ անձրեւը դադրեցաւ նոյնիսկ լեռներ ջուրերով ծածկուած էին։ Ամեն ինչ որ օդ կը շնչեղ մեռած էր։

Ջուրերը երբ բարձրացան, տապանը կը ծփար անոր երեսը։ Կրնար ըլլալ, որ ներսը մութ էր, թերեւս անհանգիստ, եւ թերեւս ալ վախնալիք։ Սակայն տապանը պաշտպանեց Նոյը ջրհեղեղեն։

Հինգ ամիս ջրհեղեղեն ետքը Աստուած չոր հով ղրկեց։ Կամաց– կամաց տապանը հանգչեցաւ Արարատ լերան գագաթը։

Նոյ ագռաւ մը եւ աղաւնի մը արձակեց տապանին պատուհանէն։ Աղաւնին չգտած ըլլալով չոր ցամաք հանգչելու համար ետ դարձաւ Նոյին։

Մեկ շաբաթ ետք Նոյ Նոյն փորձը կրկնեց։ Այս անգամ աղաւնին դարձաւ կտուցովդ ձիթապտուղի տերեւ բռնած։ Յաջորդ շաբաթը Նոյ գիտցաւ, որ աշխարհը չոր է, որովհետեւ աղաւնին ետ չդարձաւ։

Աստուած ըսաւ Նոյին, որ տապանէն դուրս գալու ատենն է։ Նոյ եւ իր ընտանիքը սկսան տապանը պարպել անասուններէն։

Նոյ շատ շնորհակալ եւ երախտապարտ կը զգար։ Ան խորան մը շինեց եւ սկսաւ պաշտել Աստուծոյ, որ ազատեց իրեն եւ իր ընտանիքը սարսափելի ջրհեղեղեն։

Աստուած Նոյին հրաշալի բան մը խոստացաւ։ Ան խոստացաւ նորեն ջրհեղեղ չղրկել, որ մարդկութիւնը դատէ իրենց մեղքերուն համար։

Վերյիշեցնելու համար իր խոստումը Աստուած մեծ նշան մը տուաւ։ Ծիածանը Աստուծոյ նշանն էր իր խոստումին։

Ջրհեղեղեն ետք Նոյ եւ իր ընտանիքը նոր սկիզբ մը սկսան։ ժամանակ մը ետք Նոյի որդիները եւ անոնց որդիները լեցուցին աշխարհը։ Բոլոր երկիրները եկած են Նոյէն եւ անոր բոլոր զաւակներէն։

Վերջ

Օր 2Օր 4

Այս Ծրագրի Մասին

Մանուկներու Սուրբ Գիրքը

Ինչպես է սկսվել այդ ամենը: Որտեղ ենք եկել: Ինչու է աշխարհում այդքան տխուրությունը: Հույս կա: Կա կյանք մահից հետո: Գտնել պատասխանները, երբ կարդում եք այս աշխարհի ճշմարիտ պատմությունը:

More

Մենք ցանկանում ենք շնորհակալություն հայտնել Bible for Children, Inc.-ին այս ծրագիրը տրամադրելու համար: Լրացուցիչ տեղեկությունների համար այցելեք՝ https://www.bibleforchildren.org/languages/armenian/stories.php