ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15
15
ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
1Եղբա՛յրներ, ձեզի կ’իմացնեմ այն աւետարանը որ ես ձեզի քարոզեցի եւ որը ընդունեցիք ու անոր վրայ հաստատուած էք. 2Որով կը փրկուիք ալ, եթէ ամուր բռնէք այն խօսքը որ ես ձեզի քարոզեցի, այնպէս որ պարապ տեղը հաւատացած չըլլաք։ 3Վասն զի ամենէն առաջ ես ձեզի աւանդեցի զանիկա, որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ 4Եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ 5Եւ երեւցաւ Կեփասին ու ետքը տասներկուքին. 6Ետքը հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ, որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կ’ապրին եւ ոմանք՝ ննջեցին։ 7Ետքը երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն։ 8Ամենէն ետքը՝ որպէս թէ վիժածի մը՝ ինծի ալ երեւցաւ։ 9Վասն զի ես առաքեալներուն ամենէն ետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի։ 10Միայն թէ Աստուծոյ շնորհքովն եմ՝ ինչ որ եմ եւ անոր շնորհքը որ իմ վրաս է, պարապ բան մը չեղաւ։ Ես անոնց վրայ ամենէն աւելի աշխատեցայ. ո՛չ թէ ես, հապա Աստուծոյ շնորհքը, որ ինծի հետ էր։ 11Ուստի թէ՛ ես եւ թէ՛ անոնք այսպէս կը քարոզենք ու դուք այսպէս հաւատացիք։
ՄԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
12Ուրեմն եթէ Քրիստոս կը քարոզուի, որ մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեզմէ մէկ քանիները կ’ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներուն յարութիւն չկայ’։ 13Եթէ մեռելներուն յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ։ 14Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է 15Եւ մենք ալ Աստուծոյ սուտ վկաները կ’ըլլանք. որովհետեւ Աստուծոյ համար վկայութիւն տուինք, թէ ինք մեռելներէն յարուցանեց Քրիստոսը։ Եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ուրեմն զանիկա չէ յարուցած։ 16Քանզի եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ 17Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ձեր հաւատքը պարապ է ու տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք. 18Նոյնպէս Քրիստոսով ննջողներն ալ կորսուած են։ 19Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսին յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի խղճալի ենք։ 20Բայց ճշմարիտ է թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը։ 21Քանզի մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ 22Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան. 23Բայց ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու ատենը. 24Անկէ ետք կու գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը, երբ խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն։ 25Վասն զի ան պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ 26Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է։ Վասն զի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց». 27Երբ կ’ըսէ թէ «Ամէն բան հնազանդած է», յայտնի կ’ըլլայ թէ բացի անկէ՝ որ բոլորը իրեն հնազանդեցուց։ 28Ու երբ բոլորը անոր հնազանդ ըլլան, այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ։ 29Ապա թէ ոչ՝ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ մեռելներուն համար կը մկրտուին, եթէ մեռելները բնաւ յարութիւն պիտի չառնեն։ Ինչո՞ւ ուրեմն անոնց համար կը մկրտուին. 30Ինչո՞ւ համար մենք ալ վտանգի մէջ կը մտնենք ամէն ժամ։ 31Վկայ կը բերեմ այն պարծանքը՝ որ ձեր վրայ ունիմ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով, որ ես ամէն օր կը մեռնիմ։ 32Եթէ Եփեսոսի մէջ մարդոց նման գազաններու հետ մարտնչեցայ, ի՞նչ օգուտ ունի #15:32 Կամ, ինծի. եթէ մեռելները յարութիւն չառնեն, ուտենք եւլն.ինծի։ Եթէ մեռելները յարութիւն պիտի չառնեն՝ ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք։ 33Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։ 34Արդարութիւնով զգաստացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք, վասն զի ձեզմէ ոմանք Աստուծոյ գիտութիւնը չունին. ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ։
ՅԱՐԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆԸ
35Բայց պիտի ըսէ մէկը. «Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն», կամ «Ի՞նչ մարմնով կու գան»։ 36Ա՛նմիտ, անիկա որ դուն կը սերմանես, եթէ չմեռնի՝ չի կենդանանար։ 37Զայն որ կը սերմանես, ոչ թէ այն մարմինը որ պիտի բուսնի՝ կը սերմանես, հապա մերկ հատը՝ ցորենի վրայ եւ թէ՛ ուրիշ սերմի՝ 38Ու Աստուած անոր մարմին կու տայ ինչպէս կ’ուզէ եւ ամէն մէկ սերմին իր յատուկ մարմինը։ 39Ամէն մարմին մէկ մարմին չէ. հապա մարդոց մարմինը ուրիշ է ու անասուններուն մարմինը՝ ուրիշ, ձուկերունն ալ՝ ուրիշ եւ թռչուններունը՝ ուրիշ։ 40Երկնաւոր մարմիններ ալ կան, երկրաւոր մարմիններ ալ, բայց երկնաւորներուն փառքը ուրիշ է ու երկրաւորներունը՝ ուրիշ։ 41Արեւուն փառքը ուրիշ է ու լուսնին փառքը՝ ուրիշ եւ աստղերուն փառքը՝ ուրիշ ու մէկ աստղը միւս աստղէն տարբեր է փառքով։ 42Այսպէս մեռելներուն յարութիւնն ալ։ Մարմինը ապականութիւնով կը սերմանուի ու անապականութիւնով յարութիւն կ’առնէ. 43Անարգութիւնով կը սերմանուի ու փառքով յարութիւն կ’առնէ. տկարութիւնով կը սերմանուի ու զօրութիւնով յարութիւն կ’առնէ։ 44Կը սերմանուի շնչաւոր մարմին եւ յարութիւն կ’առնէ հոգեւոր մարմին։ Շնչաւոր մարմին կայ, հոգեւոր մարմին ալ կայ։ 45Եւ այսպէս գրուած է. «Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ կենդանի շունչ եղաւ, վերջին Ադամը՝ կենդանարար հոգի»։ 46Բայց ո՛չ թէ առաջ հոգեւորը, հապա շնչաւորը ու ետքը հոգեւորը։ 47Առաջին մարդը երկրէն էր՝ հողեղէն, բայց երկրորդ մարդը Տէր է՝ երկնքէն։ 48Ինչպէս էր հողեղէնը՝ նոյնպէս ալ հողեղէնները ու ինչպէս երկնաւորը՝ նոյնպէս ալ երկնաւորները 49Եւ ինչպէս հողեղէնին կերպարանքը հագեր ենք, երկնաւորին կերպարանքն ալ պիտի հագնինք։ 50Բայց այս կ’ըսեմ, եղբա՛յրներ, որ մարմին ու արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժառանգել. ո՛չ ալ ապականութիւնը կը ժառանգէ անապականութիւն։
51Ահա ձեզի խորհուրդ մը կ’ըսեմ. «Ամէնքս պիտի չննջենք, բայց ամէնքս ալ պիտի փոխուինք, 52Յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը. որովհետեւ փողը պիտի հնչուի ու մեռելները յարութիւն պիտի առնեն առանց ապականութեան, մենք ալ պիտի փոխուինք»։ 53Վասն զի պէտք է որ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի ու այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի։ 54Բայց երբ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի եւ այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի, այն ատեն պիտի կատարուի այն խօսքը, որ գրուեցաւ. «Մահը յաղթութեան մէջ ընկղմեցաւ»։ 55«Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ»։ 56Մահուան խայթոցը մեղքն է ու մեղքին ոյժը՝ օրէնքը։ 57Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։ 58Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով։
Արդեն Ընտրված.
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15: WARMB
Ընդգծել
Կիսվել
Պատճենել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.