1
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:58
Western Armenian Bible 1853
Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:58
2
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:57
Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:57
3
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:33
Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:33
4
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:10
Միայն թէ Աստուծոյ շնորհքովն եմ՝ ինչ որ եմ եւ անոր շնորհքը որ իմ վրաս է, պարապ բան մը չեղաւ։ Ես անոնց վրայ ամենէն աւելի աշխատեցայ. ո՛չ թէ ես, հապա Աստուծոյ շնորհքը, որ ինծի հետ էր։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:10
5
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:55-56
«Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ»։ Մահուան խայթոցը մեղքն է ու մեղքին ոյժը՝ օրէնքը։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:55-56
6
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:51-52
Ահա ձեզի խորհուրդ մը կ’ըսեմ. «Ամէնքս պիտի չննջենք, բայց ամէնքս ալ պիտի փոխուինք, Յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը. որովհետեւ փողը պիտի հնչուի ու մեռելները յարութիւն պիտի առնեն առանց ապականութեան, մենք ալ պիտի փոխուինք»։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:51-52
7
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:21-22
Քանզի մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան.
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:21-22
8
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:53
Վասն զի պէտք է որ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի ու այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի։
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:53
9
ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:25-26
Վասն զի ան պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է։ Վասն զի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց».
Ուսումնասիրեք ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15:25-26
Գլխավոր
Աստվածաշունչ
Ծրագրեր
Տեսանյութեր