ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 14

14
ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԱՒԵԼԻ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
1Սիրոյ ետեւէն գացէ՛ք ու հոգեւոր պարգեւներուն նախանձախնդիր եղէ՛ք, մանաւանդ մարգարէութիւն ընելու։ 2Վասն զի ան որ օտար լեզուով կը խօսի, ո՛չ թէ մարդոց կը խօսի, հապա Աստուծոյ. վասն զի մէկը չկայ որ իմանայ, բայց անիկա հոգիով խորհուրդները կը յայտնէ։ 3Սակայն ան որ կը մարգարէանայ, մարդոց կը խօսի՝ շինութիւն ու յորդորանք եւ մխիթարութիւն տալու։ 4Ան որ օտար լեզուով կը խօսի՝ իր անձին շինութիւն կ’ընէ ու ան որ կը մարգարէանայ՝ եկեղեցիին շինութիւն կ’ընէ։ 5Կ’ուզեմ որ դուք ամէնքդ լեզուներ խօսիք, բայց մանաւա՛նդ մարգարէութիւն ընէք, վասն զի աւելի աղէկ է ան՝ որ կը մարգարէանայ, քան թէ ան՝ որ լեզուներ կը խօսի. բայց պէտք է թարգմանէ, որպէս զի եկեղեցին օգտուի։
6Հիմա, եղբայրնե՛ր, եթէ ես ձեզի գամ լեզուներ խօսելով, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենամ ձեզի՝ եթէ չխօսիմ ձեզի կա՛մ յայտնութիւնով, կա՛մ գիտութիւնով, կա՛մ մարգարէութիւնով, կա՛մ վարդապետութիւնով։ 7Ձայն տուող անկենդան գործիքներն անգամ, թէ՛ սրինգ եւ թէ՛ քնար, եթէ ձայներու զանազանութիւն չունենան, ի՞նչպէս պիտի ճանչցուի սրինգով կամ քնարով հնչուածը։ 8Վասն զի եթէ փողն ալ անորոշ ձայն հանէ, ո՞վ պիտի պատրաստուի պատերազմի։ 9Նոյնպէս դուք ալ եթէ լեզուով բացայայտ խօսք չխօսիք, խօսուածը ի՞նչպէս պիտի հասկցուի. վասն զի օդին խօսողներ պիտի ըլլաք։ 10Ահա աշխարհի մէջ շատ տեսակ ձայներ կան, որոնցմէ ոեւէ մէկը առանց նշանակութեան չէ։ 11Ուստի եթէ այն ձայնին իմաստը չգիտնամ, ես խօսողին օտարական մը պիտի ըլլամ, խօսողն ալ ինծի օտարական մը պիտի ըլլայ։ 12Նոյնպէս դուք ալ, որովհետեւ հոգեւոր պարգեւներու նախանձախնդիր էք, եկեղեցիին շինութեանը համար խնդրեցէք որ աւելնաք նոյն պարգեւներովը։ 13Անոր համար ան որ օտար լեզուով կը խօսի, աղօթք թող ընէ որ թարգմանէ ալ։ 14Քանզի եթէ ես աղօթք ընեմ օտար լեզուով, իմ հոգիս աղօթք կ’ընէ, բայց միտքս անպտուղ է։ 15Ուրեմն ի՞նչ ընելու եմ։ Աղօթք ընեմ հոգիով, աղօթք ընեմ մտառութեամբ ալ. սաղմոս երգեմ հոգիով, սաղմոս երգեմ մտառութեամբ ալ։ 16Եթէ դուն հոգիով օրհնութիւն ընես, անիկա որ տգէտի պէս կայներ է, ի՞նչպէս «Ամէն» պիտի ըսէ քու գոհութիւն տալու ատենդ, վասն զի ան քու ըսածդ չի հասկնար։ 17Թէպէտ դուն աղէկ գոհութիւն կ’ընես, բայց միւսը չօգտուիր։ 18#14:18 Ոմանք, իմ ԱստուծմէսԱստուծմէ կը գոհանամ որ բոլորէդ աւելի լեզուներով կը խօսիմ, 19Բայց եկեղեցիին մէջ կ’ուզեմ հինգ խօսք մտառութեամբ խօսիլ, որպէս զի ուրիշներուն ալ սորվեցնեմ, քան թէ բիւրաւոր խօսքեր՝ օտար լեզուով։
ԿԱՐԳ ՈՒ ԿԱՆՈՆ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ
20Եղբայրնե՛ր, մտքով տղայ մի՛ ըլլաք, հապա չարութիւն գիտնալու կողմէ տղայ եղէք ու մտքով՝ չափահաս։ 21Օրէնքին մէջ գրուած է թէ՝ ‘Օտար լեզուներով ու օտար շրթունքներով այդ ժողովուրդին հետ պիտի խօսիմ, սակայն եւ այնպէս ինծի մտիկ պիտի չընեն’, կ’ըսէ Տէրը։ 22Ուրեմն լեզուները նշանի համար են ո՛չ թէ հաւատացեալներուն, հապա անհաւատներուն, բայց մարգարէութիւնը՝ ո՛չ թէ անհաւատներուն, հապա՝ հաւատացեալներուն։ 23Արդ՝ եթէ բոլոր եկեղեցին մէկտեղ գայ ու ամէնքն ալ օտար լեզուներով խօսելու ըլլան եւ հոն մտնեն տգէտներ կամ անհաւատներ, պիտի չըսե՞ն թէ դուք խենդեցեր էք։ 24Իսկ եթէ բոլորն ալ մարգարէանան ու հոն անհաւատ մը կամ տգէտ մը մտնէ, ամենէն ալ կը յանդիմանուի, ամենէն ալ կը դատուի 25Ու անոր սրտին ծածուկ բաները կը յայտնուին եւ երեսի վրայ ինկած՝ Աստուծոյ երկրպագութիւն պիտի ընէ ու խոստովանի թէ իրաւցընէ Աստուած ձեր մէջ է։
26Ուրեմն, եղբա՛յրներ, երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ձեզմէ ամէն մէկը սաղմոս ունի, վարդապետութիւն ունի, լեզու ունի, յայտնութիւն ունի, թարգմանութիւն ունի. ամէնքն ալ շինութեան համար թող ըլլան։ 27Եթէ մէկը օտար լեզու կը խօսի, կամ երկու հոգի, կամ՝ երեք հոգի ըլլան, այն ատեն մէկիկ մէկիկ թող խօսին ու մէկը թող թարգմանէ։ 28Բայց եթէ թարգմանող չըլլայ, եկեղեցիին մէջ լուռ թող կենան եւ Աստուծոյ հետ խօսին։ 29Իսկ եթէ մարգարէները երկու կամ երեք հոգի ըլլան, մէկիկ մէկիկ թող խօսին ու միւսները քննեն։ 30Իսկ եթէ նստողներէն ուրիշ մէկուն ալ բան մը յայտնուելու ըլլայ, առաջինը թող լռէ։ 31Վասն զի ամէնքդ ալ կրնաք մէկիկ մէկիկ մարգարէանալ, որպէս զի ամէնքն ալ սորվին ու ամէնքն ալ մխիթարուին։ 32Եւ մարգարէներուն հոգիները մարգարէներուն հսկողութեան տակ ըլլան։ 33Վասն զի Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան, ինչպէս սուրբերուն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
34Ձեր կիները եկեղեցիներուն մէջ թող լուռ կենան, վասն զի անոնց հրաման չկայ խօսելու, հապա հնազանդ ըլլալու, ինչպէս օրէնքն ալ կ’ըսէ։ 35Բայց եթէ բան սորվիլ կ’ուզեն, տունը իրենց այրերուն թող հարցնեն. քանզի կիներուն անվայել է եկեղեցիին մէջ խօսիլ։ 36Միթէ Աստուծոյ խօսքը ձեզմէ՞ ելաւ կամ թէ միայն ձեզի՞ հասաւ։ 37Եթէ մէկը կը կարծէ թէ ինք մարգարէ է, կամ հոգեւոր, թող հաստատ գիտնայ թէ ինչ որ ձեզի գրեցի՝ Տէրոջը պատուէրներն են. 38Բայց եթէ մէկը տգէտ է՝ թող տգէտ ըլլայ։ 39Ուստի, եղբա՛յրներ, մարգարէութիւն ընելու նախանձախնդիր եղէք ու լեզուներ խօսիլն ալ մի՛ արգիլէք։ 40Միայն թէ ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ։

Ընդգծել

Կիսվել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք