ԾՆՆԴՈՑ 10
10
ՆՈՅԻ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
(Ա. Մնաց. 1:5-23)
1Եւ Նոյի որդիներուն՝ Սէմին, Քամին ու Յաբեթին ծնունդներն ասոնք են։ Ջրհեղեղէն ետքը անոնց որդիներ ծնան։
2Յաբեթին որդիները Գոմերը, Մագոգ, Մադա, Յաւան, Թոբէլ, Մոսոք ու Թիրաս էին։ 3Գոմերին որդիները Ասքանազ, Րիփաթ ու Թորգոմա էին։ 4Յաւանին որդիները Եղիսա, Թարսիս, Կիտացիներն ու #10:4 Կամ, ՌոդացիներնԴոդացիներն էին։ 5Ազգերուն կղզիները իրենց երկիրներովը, ամէն մէկը իր լեզուին պէս, ազգերուն մէջ իրենց տոհմերովը ասոնցմէ բաժնուեցան։
6Քամին որդիները Քուշ, Մեստրեմ, Փութ ու Քանան էին։ 7Քուշին որդիները Սաբա, Եւիլա, Սաբաթա, Ռեգմա ու Սեբեթաքա էին։ Ռեգմային որդիները Սաբա ու Դեդան էին։ 8Քուշ ծնաւ Նեբրովթը։ Ասիկա սկսաւ երկրի վրայ զօրանալ։ 9Ասիկա Տէրոջը առջեւ զօրաւոր որսորդ մըն էր։ Անոր համար կ’ըսուի. ‘Տէրոջը առջեւ Նեբրովթի պէս զօրաւոր որսորդ’։ 10Իր թագաւորութեան սկիզբը Բաբելոն եւ Արեք եւ Աքադ եւ Քաղանէ էր Սենաար երկրին մէջ։ 11Այն երկրէն Ասորեստան գնաց ու Նինուէն եւ Ռոբովթ քաղաքը ու Քաղան շինեց։ 12Նինուէի ու Քաղայի մէջտեղ Ռէսէնն ալ շինեց, որ մեծ քաղաք մըն էր։ 13Եւ Մեստրեմ ծնաւ Ղուդացիները, Անամացիները, Ղաբացիները, Նեփթուքացիները, 14Պաթուրեսացիները, Քասղուքացիները (ուրկէ Փղշտացիները ելան) ու Կափթորացիներն ալ։ 15Քանան ծնաւ իր անդրանիկը՝ Սիդոնը, նաեւ Քետը, 16Յեբուսացին, Ամօրհացին, Գերգեսացին, 17Խեւացին, Արուկեցին, Ասենացին, 18Արուադացին, Սամարացին եւ Ամաթացին ու ետքը Քանանացիներու ցեղերը տարածուեցան։ 19Եւ Քանանացիներու սահմանը Սիդոնէ Գերարա անցնելով մինչեւ Գազա, Սոդոմ ու Գոմոր եւ Ադմա ու Սեբոյիմ, մինչեւ Ղասա է։ 20Քամին որդիները, իրենց տոհմերովը, իրենց լեզուներովը, իրենց երկիրներուն ու ազգերուն մէջ ասոնք են։
21Յաբեթին մեծ եղբօրը՝ Սէմին ալ, որ Եբերի բոլոր որդիներուն հայրն էր, որդիներ ծնան։ 22Սէմին որդիները Եղամ, Ասուր, Արփաքսադ, Ղուդ ու Արամ էին։ 23Արամին որդիները Հուս, Հուլ, Գաթեր ու Մաշ էին։ 24Արփաքսադ ծնաւ Սաղան եւ Սաղա ծնաւ Եբերը։ 25Եբերին երկու որդիներ ծնան. մէկուն անունը Փաղէկ էր. քանզի երկիրը անոր օրերը բաժնուեցաւ եւ անոր եղբօրը անունը Յեկտան էր։ 26Յեկտան ծնաւ Եղմովդադը, Սաղափը, Ասարմօթը, Յարաքը, 27Ադորամը, Ուզալը, Դեկղան, 28Գեբաղը, Աբիմեէլը, Սափան, 29Ոփիրը, Եւիլան ու Յոբաբը։ Ասոնք բոլորը Յեկտանին որդիներն էին։ 30Ասոնք բնակեցան Մեսայէն մինչեւ Սոփեր՝ արեւելեան լեռները։ 31Սէմին որդիները, իրենց տոհմերովը, իրենց լեզուներովը, իրենց երկիրներուն մէջ իրենց ազգերովը ասոնք են։ 32Նոյին որդիներուն տոհմերը, իրենց ծնունդներուն ու ազգերուն համեմատ, ասոնք են։ Ջրհեղեղէն ետքը ազգերը ասոնցմէ տարածուեցան երկրի վրայ։
Actualmente seleccionado:
ԾՆՆԴՈՑ 10: WARMB
Destacar
Compartir
Copiar
¿Quieres guardar tus resaltados en todos tus dispositivos? Regístrate o Inicia sesión
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.