ԾՆՆԴՈՑ 9
9
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒԽՏԸ ՆՈՅԻՆ ՀԵՏ
1Եւ Աստուած օրհնեց Նոյը ու անոր որդիները եւ ըսաւ անոնց. «Աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք ու երկիրը լեցուցէ՛ք 2Եւ ձեր վախը ու երկիւղը երկրի բոլոր գազաններուն վրայ ու երկնքի բոլոր թռչուններուն վրայ թող ըլլայ։ Անոնք երկրի բոլոր շարժողներուն հետ ու ծովու բոլոր ձուկերուն հետ ձեր ձեռքը տրուած են։ 3Ամէն շարժուն կենդանի թող ձեզի կերակուր ըլլայ։ Ամէնը ձեզի բանջարի պէս տուի։ 4Բայց միսը ողջութիւնովը, այսինքն անոր արիւնովը մի՛ ուտէք։ 5Եւ անշուշտ ձեր կեանքի արեան համար հաշիւ պիտի պահանջեմ. ամէն գազանի ձեռքէն ու ամէն մարդու ձեռքէն պիտի պահանջեմ զայն։ Մարդուն կեանքը եղբօրը ձեռքէն պիտի պահանջեմ։ 6Ով որ մարդու արիւն թափէ, իր արիւնն ալ մարդէ պիտի թափուի. քանզի Աստուած իր պատկերին պէս ստեղծեց մարդը։ 7Դուք աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք, երկրի վրայ բազմացէ՛ք ու անոր մէջ շատցէ՛ք»։
8Եւ Աստուած խօսեցաւ Նոյին ու անոր որդիներուն հետ՝ ըսելով. 9«Ես ահա ձեզի հետ ու ձեզմէ ետքը ձեր սերունդին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ 10Եւ ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիի հետ, թէ՛ թռչունի, թէ՛ անասունի եւ թէ՛ ձեզի հետ եղող երկրի ամէն գազանի հետ, տապանէն ելածներէն ամենուն հետ ու երկրի բոլոր անասուններուն հետ։ 11Ձեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, որ անգամ մըն ալ ամէն մարմին ջրհեղեղի ջուրերէն չկորսուի, ո՛չ ալ նորէն ջրհեղեղ պիտի ըլլայ երկիրը աւերելու համար»։ 12Եւ Աստուած ըսաւ. «Իմ ու ձեր մէջտեղ եւ ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիի մէջտեղ յաւիտենական դարերու համար ըրած ուխտիս իբր նշան՝ 13Իմ աղեղս ամպին մէջ պիտի դնեմ։ Այն պիտի ըլլայ իմ ու երկրի մէջտեղ եղած ուխտին նշանը։ 14Երբ երկրի վրայ ամպ բերեմ, աղեղը ամպին մէջ պիտի տեսնուի 15Եւ իմ ու ձեր մէջտեղ ու ամէն մարմինի, ամէն շնչաւոր կենդանիի մէջտեղ եղած իմ ուխտս պիտի յիշեմ եւ անգամ մըն ալ ամէն մարմին կորսնցնելու համար ջրհեղեղ պիտի չըլլայ։ 16Աղեղը ամպին մէջ պիտի ըլլայ ու անոր պիտի նայիմ, որպէս զի Աստուծոյ ու երկրի վրայ եղող ամէն մարմինի եւ բոլոր կենդանի անասունի մէջտեղ եղած յաւիտենական ուխտը յիշեմ»։ 17Աստուած Նոյին ըսաւ. «Այս է այն ուխտին նշանը, որ ես հաստատեցի իմ ու երկրի վրայ եղող ամէն մարմինի միջեւ»։
ՆՈՅ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆԵՐԸ
18Նոյին որդիները, որոնք տապանէն ելան, Սէմ, Քամ ու Յաբեթ էին։ Եւ Քամ Քանանի հայրն էր։ 19Այս երեքը Նոյի որդիներն էին եւ ասոնցմէ բոլոր երկիրը տարածուեցան։
20Նոյ առաջին երկրագործն էր։ Այգի տնկեց։ 21Գինիէն խմեց ու գինովցաւ եւ իր վրանին մէջ մերկացաւ։ 22Եւ Քանանի հայրը՝ Քամ՝ իր հօրը մերկութիւնը տեսաւ ու դուրս ելաւ իր երկու եղբայրներուն պատմեց։ 23Սէմ ու Յաբեթ հանդերձ առին եւ իրենց երկուքին ուսերուն վրայ դրին ու ետ ետ երթալով իրենց հօրը մերկութիւնը ծածկեցին եւ իրենց երեսը ետեւ դարձած ըլլալով՝ իրենց հօրը մերկութիւնը չտեսան։ 24Նոյ իր գինիէն արթննալով՝ իր պզտիկ որդիին իրեն ըրածը իմացաւ 25Ու ըսաւ. «Անիծեալ ըլլայ Քանան. իր եղբայրներուն ծառաներուն ծառայ ըլլայ»։ 26Նաեւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Սէմին Տէր Աստուածը եւ Քանան անոր ծառան ըլլայ։ 27Աստուած թող ընդարձակէ Յաբեթը ու Սէմին վրանները բնակի եւ Քանան #9:27 Կամ, անոնցանոր ծառան ըլլայ»։
28Ու Նոյ ջրհեղեղէն ետքը երեք հարիւր յիսուն տարի ապրեցաւ։ 29Նոյին բոլոր օրերը ինը հարիւր յիսուն տարի եղան ու մեռաւ։
Actualmente seleccionado:
ԾՆՆԴՈՑ 9: WARMB
Destacar
Compartir
Copiar
¿Quieres guardar tus resaltados en todos tus dispositivos? Regístrate o Inicia sesión
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.