Logo de YouVersion
Ícono Búsqueda

ԾՆՆԴՈՑ 8

8
ՋՐՀԵՂԵՂԻՆ ՎԱԽՃԱՆԸ
1Եւ Աստուած յիշեց Նոյը ու անոր հետ տապանին մէջ եղած բոլոր գազանները ու բոլոր անասունները։ Աստուած երկրի վրայ հով մը բերաւ ու ջուրերը նուազեցան։ 2Նաեւ անդունդին աղբիւրները ու երկնքի պատուհանները գոցուեցան եւ երկնքի անձրեւը կտրեցաւ։ 3Ու երթալով ջուրերը երկրի վրայէն քաշուեցան ու հարիւր յիսուն օրէն ետքը ջուրերը քիչցան։ 4Եօթներորդ ամսուն, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, տապանը Արարատ լեռներուն վրայ նստաւ։ 5Ջուրերը երթալով քիչցան մինչեւ տասներորդ ամիսը եւ տասներորդ ամսուան առաջին օրը լեռներուն գլուխները երեւցան։
6Քառասուն օր ետքը Նոյ իր շինած տապանին պատուհանը բացաւ 7Եւ ագռաւ մը արձակեց, որ ելաւ ու ասդին անդին կը պտըտէր՝ մինչեւ երկրի վրայէն ջուրերուն ցամքիլը։ 8Աղաւնի մըն ալ քովէն արձակեց, որպէս զի տեսնէ թէ արդեօք երկրին վրայէն ջուրերը քիչցա՞ծ են։ 9Բայց աղաւնին իր ոտքը դնելու տեղ չգտաւ ու տապանը դարձաւ. վասն զի բոլոր երկրին երեսը ջուրեր կային։ Այն ատեն Նոյ իր ձեռքը երկնցուց ու առաւ զանիկա եւ իր քով տապանին մէջ բերաւ։ 10Եօթը օր ալ սպասեց եւ նորէն աղաւնի մը տապանէն արձակեց։ 11Ու իրիկուան դէմ աղաւնին անոր եկաւ եւ ահա իր բերանը ձիթենիի նոր փրցուած տերեւ մը կար, ուստի Նոյ գիտցաւ թէ ջուրերը երկրի վրայէն քիչցած են։ 12Եւ եօթը օր ալ սպասեց ու նորէն աղաւնի մը արձակեց, որ ա՛լ անոր չդարձաւ։
13 Նոյի կեանքին վեց հարիւրմէկերորդ տարուան առաջին ամսուան առաջին օրը, ջուրերը երկրին վրայէն ցամքեցան։ Նոյ տապանին ծածկոցը վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա երկրին երեսը ցամքեր էր։ 14Ու երկրորդ ամսուն՝ ամսուան քսանըեօթներորդ օրը երկիրը չորցաւ։
15Եւ Աստուած խօսեցաւ Նոյին ու ըսաւ. 16«Տապանէն դուրս ելիր դուն ու քու կինդ եւ քու որդիներդ եւ քու որդիներուդ կիները քեզի հետ։ 17Քեզի հետ եղող ամէն կենդանի ամէն մարմինէ՝ թէ՛ թռչունները, թէ՛ անասունները եւ թէ՛ երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները քեզի հետ հանէ, որպէս զի երկրի վրայ բազմանան ու երկրի վրայ աճին ու շատնան»։ 18Նոյ ու իր որդիները եւ իր կինը եւ իր որդիներուն կիները իրեն հետ ելան. 19Ամէն անասուն, ամէն սողուն ու ամէն թռչուն, երկրին վրայ ամէն շարժողները իրենց տեսակին պէս տապանէն ելան։
ՆՈՅ ԶՈՀ ԿԸ ՄԱՏՈՒՑԱՆԷ
20Եւ Նոյ սեղան մը շինեց Տէրոջը ու ամէն մաքուր անասունէ եւ ամէն մաքուր թռչունէ հատ մը առաւ ու սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց։ 21Տէրը անոյշ հոտը հոտուըտաց եւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Ա՛լ ասկէ յետոյ մարդուն համար նորէն երկիրը պիտի չանիծեմ, #8:21 Կամ, թէեւքանզի մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է, ո՛չ ալ նորէն պիտի ջարդեմ ամէն կենդանի մարմին, ինչպէս ըրի։ 22Որչափ որ երկիրը կը մնայ, սերմ ու հունձք, ցուրտ ու տաքութիւն, ամառ ու ձմեռ եւ ցորեկ ու գիշեր պիտի չդադարին»։

Actualmente seleccionado:

ԾՆՆԴՈՑ 8: WARMB

Destacar

Compartir

Copiar

None

¿Quieres guardar tus resaltados en todos tus dispositivos? Regístrate o Inicia sesión