Logo de YouVersion
Ícono Búsqueda

ԾՆՆԴՈՑ 11

11
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՇՏԱՐԱԿԸ
1Եւ բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր։ 2Երբ արեւելքէն կը չուէին, Սենաար երկրին մէջ դաշտ մը գտան ու հոն բնակեցան։ 3Եւ իրարու ըսին. «Եկէք աղիւսներ շինենք ու զանոնք կրակով թրծենք»։ Աղիւսները անոնց քարի տեղ ու ձիւթը անոնց ցեխի տեղ եղան։ 4Այն ատեն ըսին. «Եկէք մեզի քաղաք մը ու աշտարակ մը շինենք, որուն գլուխը մինչեւ երկինք հասնի եւ մեզի անուն շինենք, որ չըլլայ թէ բոլոր երկրի վրայ ցրուինք»։ 5Տէրը մարդոց որդիներուն շինած քաղաքն ու աշտարակը տեսնելու իջաւ։ 6Տէրը ըսաւ. «Ահա ասոնք մէկ ժողովուրդ են ու ամենուն լեզուն մէկ է եւ ասիկա շինելու սկսան ու հիմա ինչ որ շինել կը խորհին, բան մը չկայ որ արգիլէ։ 7Եկէ՛ք, իջնենք եւ անոնց լեզուն հոն խառնակենք, որպէս զի ոեւէ մէկը իր ընկերին լեզուն չհասկնայ»։ 8Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք ու քաղաքը շինելէ դադարեցան։ 9Անոր համար անոր անունը #11:9 Այսինքն, խառնակութիւնԲաբելոն կոչուեցաւ, քանզի Տէրը հոն բոլոր երկրի լեզուն խառնակեց եւ Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք։
ՍԷՄԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
(Ա. Մնաց. 1:24-27)
10Սէմին ծնունդները ասոնք են. Սէմ հարիւր տարեկան էր, երբ ծնաւ Արփաքսադը ջրհեղեղէն երկու տարի ետքը։ 11Սէմ Արփաքսադը ծնանելէն ետքը հինգ հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 12Արփաքսադ երեսունըհինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Սաղան։ 13Արփաքսադ Սաղան ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեք տարի ապրեցաւ, տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 14Սաղա երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Եբերը։ 15Սաղա Եբերը ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեք տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 16Եբեր երեսունըչորս տարի ապրեցաւ եւ ծնաւ Փաղէկը։ 17Եբեր Փաղէկը ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 18Փաղէկ երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ռագաւը։ 19Փաղէկ Ռագաւը ծնանելէն ետքը հարիւր ինը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ունեցաւ։ 20Ռագաւ երեսունըերկու տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Սերուգը։ 21Ռագաւ Սերուգը ծնանելէն ետքը երկու հարիւր եօթը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 22Սերուգ երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Նաքովրը։ 23Սերուգ Նաքովրը ծնանելէն ետքը երկու հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 24Նաքովր քսանըինը տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Թարան։ 25Նաքովր Թարան ծնանելէն ետքը հարիւր տասնըինը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ 26Թարա եօթանասուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը եւ Առանը։
ԹԱՐԱՅԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
27Թարային ծնունդները ասոնք են։ Թարա ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը ու Առանը. Առան ծնաւ Ղովտը։ 28Առան մեռաւ իր հօրը Թարային առջեւ, իր ծննդեան երկրին՝ Քաղդէացիներու Ուր քաղաքին մէջ։ 29Աբրամ ու Նաքովր իրենց կիները առին։ Աբրամին կնոջ անունը Սարա էր, իսկ Նաքովրին կնոջ անունը՝ Մեղքա, աղջիկը Առանի, որ Մեղքայի ու Յեսքայի հայրն էր։ 30Սարա ամուլ էր ու չէր ծնաներ։ 31Թարան իր որդին Աբրամը ու իր թոռը Առանի որդին Ղովտը եւ իր որդիին Աբրամին կինը, իր հարսը Սարան առաւ ու անոնց հետ Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն ելաւ դէպի Քանանի երկիրը երթալու համար։ Գացին մինչեւ Խառան եւ հոն բնակեցան։ 32Թարային օրերը երկու հարիւր հինգ տարի եղան։ Թարա Խառանի մէջ մեռաւ։

Actualmente seleccionado:

ԾՆՆԴՈՑ 11: WARMB

Destacar

Compartir

Copiar

None

¿Quieres guardar tus resaltados en todos tus dispositivos? Regístrate o Inicia sesión