1
ԾՆՆԴՈՑ 11:6-7
Western Armenian Bible 1853
Տէրը ըսաւ. «Ահա ասոնք մէկ ժողովուրդ են ու ամենուն լեզուն մէկ է եւ ասիկա շինելու սկսան ու հիմա ինչ որ շինել կը խորհին, բան մը չկայ որ արգիլէ։ Եկէ՛ք, իջնենք եւ անոնց լեզուն հոն խառնակենք, որպէս զի ոեւէ մէկը իր ընկերին լեզուն չհասկնայ»։
Comparar
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 11:6-7
2
ԾՆՆԴՈՑ 11:4
Այն ատեն ըսին. «Եկէք մեզի քաղաք մը ու աշտարակ մը շինենք, որուն գլուխը մինչեւ երկինք հասնի եւ մեզի անուն շինենք, որ չըլլայ թէ բոլոր երկրի վրայ ցրուինք»։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 11:4
3
ԾՆՆԴՈՑ 11:9
Անոր համար անոր անունը Բաբելոն կոչուեցաւ, քանզի Տէրը հոն բոլոր երկրի լեզուն խառնակեց եւ Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 11:9
4
ԾՆՆԴՈՑ 11:1
Եւ բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 11:1
5
ԾՆՆԴՈՑ 11:5
Տէրը մարդոց որդիներուն շինած քաղաքն ու աշտարակը տեսնելու իջաւ։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 11:5
6
ԾՆՆԴՈՑ 11:8
Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք ու քաղաքը շինելէ դադարեցան։
Explorar ԾՆՆԴՈՑ 11:8
Inicio
Biblia
Planes
Videos