ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2

2
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԶԻՆՈՒՈՐԸ
1Արդ՝ որդեա՛կս, զօրացի՛ր այն շնորհքովը որ Յիսուս Քրիստոսով է։ 2Եւ այն բաները որոնք ինծմէ լսեցիր շատ վկաներով՝ հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որպէս զի անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել։ 3Արդ՝ դուն նեղութիւններու համբերէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս։ 4Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ։ 5Եւ մրցորդ մը պսակ չի ստանար, եթէ օրէնքին համաձայն չմրցի։ 6Աշխատող երկրագործը պէտք է առաջ ինք պտուղները վայելէ։ 7Իմացի՛ր ինչ որ կ’ըսեմ։ Տէրը քեզի իմաստութիւն տայ ամէն բանի մէջ։ 8Մի՛տքդ բեր Դաւիթին ցեղէն եղող Յիսուս Քրիստոսը՝ մեռելներէն յարութիւն առած, իմ քարոզած աւետարանիս համաձայն. 9Որուն մէջ չարագործի մը պէս կը չարչարուիմ մինչեւ անգամ կապերով. բայց Աստուծոյ խօսքը կապուած չէ։ 10Ուստի ամէն բանի կը համբերեմ ընտրեալներուն համար, որպէս զի անոնք ալ հասնին այն փրկութեանը, որ Քրիստոս Յիսուսով է յաւիտենական փառքով։ 11Այս խօսքը հաւատարիմ է. վասն զի եթէ անոր հետ մեռանք, անոր հետ պիտի ապրինք ալ. 12Եթէ համբերենք, անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ. եթէ զինք ուրանանք, ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ. 13Եթէ չհաւատանք, ինք հաւատարիմ կը մնայ, իր անձը չի կրնար ուրանալ։
ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԱԾ ԳՈՐԾԱՒՈՐ ՄԸ
14Այս բաները անոնց միտքը ձգէ՝ Տէրոջը առջեւ վկայելով, խօսքերու վրայ վէճ չընել՝ որ բանի մը օգտակար չէ, հապա միայն կը կործանէ լսողները։ 15Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով։ 16Բայց պիղծ ու փուճ խօսքերէն մէկդի՛ կեցիր, քանզի անոնք աւելի յառաջ կ’երթան ամբարշտութեան մէջ 17Եւ անոնց խօսքը քաղցկեղի պէս կը ճարակէ. որոնց կարգն են Հիմենոսն ու Փիղետոսը, 18Որոնք ճշմարտութենէն մոլորեցան ու կ’ըսեն թէ մեռելներուն յարութիւնը արդէն եղած է եւ կը կործանեն ոմանց հաւատքը։ 19Բայց Աստուծոյ հիմը հաստատուն կը կենայ ու այս կնիքը ունի, թէ՝ «Տէրը կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են» եւ «Անիրաւութենէ մէկդի թող կենան անոնք, որ #2:19 Ոմանք, ՏէրոջըՔրիստոսին կը պատկանին»։ 20Մեծ տան մը մէջ ոչ միայն ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ կան, հապա փայտէ ու հողէ ամաններ ալ կան։ Ոմանք պատիւի համար են ու ոմանք՝ անարգանքի համար։ 21Ուստի եթէ մէկը իր անձը անարգ բաներէ մաքրէ, անիկա պատուական անօթ մը պիտի ըլլայ, սրբուած ու իր Տէրոջը պիտանի, ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած։ 22Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով։ 23Բայց յիմարական ու անիմաստ վէճերէն մէկդի քաշուէ, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծնանին։ 24Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող, ոխ չպահող. 25Քաղցրութեամբ խրատէ հակառակ կեցողները, որ թերեւս Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար 26Եւ Սատանային որոգայթէն զգաստանան, որմէ բռնուած են անոր կամքին ծառայելու։

Ընդգծել

Կիսվել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք