ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1

1
1Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ Աստուծոյ կամքովը կենաց խոստումին պէս՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է, 2Տիմոթէոսին՝ իմ սիրելի որդիիս՝ շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն։
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԻՒՆ
3Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ իմ նախնիքներուս նման մաքուր խղճմտանքով, (միշտ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ գիշեր ու ցորեկ. 4Ցանկալով քեզ տեսնել ու միտք բերելով քու արցունքներդ, որպէս զի ուրախութիւնով լեցուիմ,) 5Կը յիշեմ քու ունեցած անկեղծ հաւատքդ, որ առաջ մեծ մայրդ Լաւոդիա եւ քու մայրդ Եւնիկէ ունէին եւ համոզուած եմ որ դուն դեռ ունիս։ 6Անոր համար քու միտքդ կը ձգեմ որ արծարծես Աստուծոյ պարգեւը, որ քեզի տրուեցաւ երբ իմ ձեռքերս քու վրադ դրի։ 7Վասն զի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։ 8Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, ո՛չ ալ զիս ասոր համար կապուածս. հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն, Աստուծոյ զօրութեանը համեմատ. 9Որ մեզ փրկեց ու սուրբ կոչումով կանչեց, ո՛չ թէ մեր գործերուն նայելով, հապա իր նախասահմանութեանը եւ շնորհքին նայելով, որ Քրիստոս Յիսուսով մեզի տրուեցաւ յաւիտենական ժամանակներէն առաջ. 10Բայց հիմա յայտնուեցաւ մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսին երեւնալովը. որ մահը խափանեց եւ լուսաւորեց կեանքը ու անմահութիւնը աւետարանին միջոցաւ։ 11Որուն ես քարոզիչ ու առաքեալ կարգուեցայ ու հեթանոսներուն՝ վարդապետ։ 12Անոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ. բայց ամօթ չեմ սեպեր, վասն զի գիտեմ թէ որո՛ւն եմ հաւատացեր եւ համոզուած եմ թէ իմ իրեն աւանդած բանս կրնայ պահել մինչեւ այն օրը։ 13Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։
14Այն բարի աւանդը պահէ Սուրբ Հոգիին ձեռքով, որ մեր մէջ բնակած է։ 15Գիտես թէ ինծմէ երես դարձուցին անոնք, որոնք Ասիա էին, որոնցմէ են Փիգեղոսն ու Հերմոգինէսը։ 16Տէրը ողորմութիւն տայ Ոնեսիփորոսին տանը, վասն զի շատ անգամ զիս հանգստացուց ու իմ շղթաս ամօթ չսեպեց 17Ու երբ Հռովմ եկաւ, շատ ջանքով փնտռեց զիս ու գտաւ։ 18(Տէրը իրեն տայ որ այն օրը Տէրոջմէն ողորմութիւն գտնէ.) եւ Եփեսոսի մէջ ալ որչափ սպասաւորութիւն ըրաւ ինծի, դուն շատ աղէկ գիտես։

Ընդգծել

Կիսվել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք