ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 6

6
1Անոնք որ ծառայութեան լուծի տակ են, իրենց տէրերը ամէն պատիւի արժանի թող սեպեն, որպէս զի Աստուծոյ անուան ու վարդապետութեան չհայհոյեն։ 2Անոնք որ հաւատացեալ տէրեր ունին, թող չարհամարհեն՝ եղբայրներ ըլլալնուն պատճառով, հապա աւելի լաւ ծառայութիւն ընեն, վասն զի անոնք հաւատացեալ են ու սիրելի, որոնք բարերարութիւն ընելու մէջ մասնակից են։ Այս բաները սորվեցո՛ւր ու յորդորէ՛։
ՍԽԱԼ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐ ՇԱՀԵՐ
3Եթէ մէկը ուրիշ կերպ բան սորվեցնէ ու մտիկ չընէ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ողջամիտ խօսքերուն եւ այն վարդապետութեանը, որ աստուածպաշտութեան համաձայն է, 4Այնպիսին հպարտացած է ու բան մը չի գիտեր, հապա վէճերով ու հակառակութիւններով ախտացած է. որոնցմէ կը յառաջանան նախանձ, կռիւ, հայհոյութիւններ, գէշ կասկածներ, 5Մտքով ապականած ու ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց զրաբանութիւններ, որոնք աստուածպաշտութիւնը շահավաճառութիւն մը կը սեպեն. այնպիսիներէն մէկդի՛ կեցիր։ 6Սակայն աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է։ 7Վասն զի բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ 8Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք։ 9Բայց անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։ 10Վանս զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին։
ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
11Բայց դո՛ւն, ո՛վ մարդ Աստուծոյ, փախի՛ր այս բաներէն ու գնա՛ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն։ 12Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը՝ որուն կանչուեցար եւ շատ վկաներու առջեւ դաւանեցար բարի դաւանութիւնը։ 13Կը պատուիրեմ քեզի Աստուծոյ առջեւ, որ կենդանի կ’ընէ բոլորը եւ Քրիստոս Յիսուսին առջեւ, որ Պոնտացի Պիղատոսին առջեւ վկայեց բարի դաւանութիւնը, 14Որ դուն այն պատուէրը անբիծ, անարատ պահես՝ մինչեւ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը. 15Որը իր ատենին պիտի ցուցնէ Երանելին ու միմիայն Հզօրը, թագաւորներուն Թագաւորը ու տէրերուն Տէրը։ 16Որ միայն ունի անմահութիւն՝ անմերձենալի լոյսի մէջ բնակած, որ մարդոցմէ մէ՛կը չտեսաւ, ո՛չ ալ տեսնելու կարող է, որուն պատիւ եւ զօրութիւն յաւիտեանս։ Ամէն։
17Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու, 18Բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլան։ 19Հանդերձեալին համար կարենան անձին բարի հիմ դնել, որպէս զի #6:19 Ոմանք, ճշմարիտյաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն։ 20Ո՜վ Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ։ 21Մէկ քանիները զանոնք դաւանելով՝ հաւատքէն մոլորեցան։ Շնորհքը քեզի հետ ըլլայ։ Ամէն։

Արդեն Ընտրված.

ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 6: WARMB

Ընդգծել

Կիսվել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք