ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 5

5
ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ
1Ծերը սաստիկ մի՛ յանդիմաներ, հապա հօր մը պէս յորդորէ զանիկա. երիտասարդները՝ եղբայրներու պէս, 2Պառաւները՝ մայրերու պէս, դեռահասակ կիները՝ քոյրերու պէս ամէն կերպ մաքրութիւնով։ 3Որբեւարիները պատուէ՝ անոնք որ ճշմարտապէս որբեւարի են։ 4Իսկ եթէ որբեւարի մը զաւակներ կամ թոռներ ունի, թող անոնք առաջ սորվին իրենց տանը մէջ որդիական գութ ցուցնել ու փոխարէն հատուցանել իրենց ծնողներուն. վասն զի ա՛յն է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ։ 5Ան որ ճշմարտապէս որբեւարի է ու մինակ մնացած եւ իր յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած է, թող գիշեր ցորեկ աղօթքով ու աղաչանքով պարապի։ 6Բայց փափկասէր որբեւարին թէեւ կենդանի՝ բայց մեռած է։ 7Որբեւարիներուն պատուիրէ որպէս զի անարատ ըլլան։ 8Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է։ 9Որբեւարին որբեւարիներու կարգը թող սեպուի, եթէ վաթսուն տարեկանէն պակաս չէ, մէկ էրկան կին եղած, 10Բարի գործերով վկայուած. եթէ զաւակներ մեծցուցած ըլլայ, եթէ հիւրեր ընդունած ըլլայ, եթէ սուրբերուն ոտքերը լուացած ըլլայ, եթէ նեղեալներուն օգնութիւն ըրած ըլլայ, եթէ ամէն տեսակ բարեգործութեան մէջ յարատեւած ըլլայ։ 11Բայց դեռահասակ որբեւարիները մերժէ. քանզի երբ Քրիստոսին դէմ յանդգնելով հեշտասիրութեան անձնատուր ըլլան, ամուսնանալ կ’ուզեն 12Եւ դատապարտութիւն կ’ընդունին, վասն զի նախկին հաւատքնին մէկդի ձգելով կը ծուլանան։ 13Տունէ տուն կը պտըտին եւ ո՛չ միայն ծոյլ, հապա շատախօս ու հետաքրքիր կ’ըլլան եւ անպատեհ բաներ կը խօսին։ 14Ուստի կ’ուզեմ որ դեռահասակ կիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, տնաշէն ըլլան ու նախատինքի առիթ չտան հակառակորդին 15Քանզի արդէն ոմանք խոտորեցան եւ Սատանային ետեւէն գացին։ 16Եթէ հաւատացեալ այր մարդ մը կամ կին մը որբեւարիներ ունենայ, թող օգնէ անոնց եւ եկեղեցին չծանրաբեռնէ, որպէս զի ճմարտապէս որբեւարիներուն օգնէ։
17Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք, որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով։ 18Վասն զի գիրքը կ’ըսէ. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի կապեր» եւ «Մշակը իր վարձքին արժանի է»։ 19Երէցի վրայով ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր, եթէ երկու կամ երեք վկայ չըլլայ։ 20Անոնք որ մեղք կը գործեն, ամենուն առջեւ յանդիմանէ, որպէս զի ուրիշներ ալ վախնան։ 21Կ’երդմնցնեմ Աստուծոյ առջեւ եւ Յիսուս Քրիստոսին ու ընտրեալ հրեշտակներուն որպէս զի այս բաները պահես առանց նախապաշարումի, բան մը աչառութեամբ չընես։ 22Շուտով մէկուն վրայ ձեռք մի՛ դներ եւ ուրիշներուն մեղքերուն հաղորդակից չըլլաս։ Դուն քեզ մաքո՛ւր պահէ։
23Ասկէ յետոյ միայն ջուր չխմես, հապա քիչ մըն ալ գինի խառնէ ստամոքսիդ եւ յաճախակի հիւանդութիւններուդ համար։
24Կան մարդիկ՝ որոնց մեղքերը յայտնի են ու առաջուընէ դատաստանի հասած են եւ կան՝ որոնց մեղքերը յետոյ յայտնի կ’ըլլան։ 25Նոյնպէս ալ ոմանց բարի գործերը յայտնի են եւ այն գործերը որ յայտնի չեն, չեն կրնար ծածկուած մնալ։

Արդեն Ընտրված.

ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 5: WARMB

Ընդգծել

Կիսվել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք