ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 13

13
ՍԷՐ
1Եթէ մարդոց ու հրեշտակներուն լեզուները խօսիմ եւ սէր չունենամ, ես ձայն տուող պղինձի պէս եղայ, կամ հնչող ծնծղաներու պէս։ 2Եւ եթէ մարգարէութիւն ունենամ ու հասկնամ ամէն խորհուրդները ու ամէն գիտութիւնը եւ եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչեւ լեռները տեղափոխելու ու սէր չունենամ, ոչինչ եմ։ 3Եւ եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ ու իմ մարմինս այրուելու տամ եւ սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար։ 4Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, 5Անվայել վարմունք չունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, 6Անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ 7Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։ 8Սէրը բնա՛ւ չիյնար. բայց եթէ մարգարէութիւններ ըլլան՝ պիտի խափանին, եթէ լեզուներ՝ պիտի դադարին, եթէ գիտութիւն՝ պիտի խափանուի։ 9Վասն զի շատէն քիչը գիտենք ու շատէն քիչը կը մարգարէանանք. 10Բայց երբ կատարեալը գայ, այն ատեն շատէն քիչը պիտի խափանուի։ 11Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի. բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի։ 12Քանզի հիմա մենք որպէս թէ հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով, բայց այն ատեն երես առ երես։ Հիմա շատէն քիչ մը տեղեակ եմ, բայց այն ատեն այնպէս պիտի ճանչնամ՝ ինչպէս ճանչցուեցայ։ 13Ուստի հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է։

Ընդգծել

Կիսվել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք