Logo YouVersion
Ikona vyhledávání

ՄԱՂԱՔԵԱՅ 1

1
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՀԱՄԱՐ
1Մաղաքիային միջոցով Իսրայէլին եղած Տէրոջը պատգամը.
2«Ես ձեզ սիրեցի», կ’ըսէ Տէրը
Ու դուք՝ «Մեզ ինչո՞վ սիրեցիր», կ’ըսէք։
«Միթէ Եսաւը Յակոբին եղբայրը չէ՞ր», կ’ըսէ Տէրը։
Ես Յակոբը սիրեցի,
3Բայց Եսաւը ատեցի։
Անոր լեռները ամայութեան
Ու անոր ժառանգութիւնը անապատի #1:3 Կամ, չագալներու տուիբնակութեան դարձուցի՝ ՝։
4Եթէ Եդովմ ըսէ՝ ‘Թէեւ կործանեցանք,
Բայց պիտի դառնան ու աւերակները շինենք’,
Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Անոնք պիտի շինեն, բայց ես պիտի փլցնեմ.
Անոնք պիտի կոչուին Անօրէնութեան Սահման,
Ժողովուրդ՝ որու դէմ Տէրը յաւիտեան բարկացեր է»։
5«Ձեր աչքերը պիտի տեսնեն ու պիտի ըսէք՝
‘Տէրը Իսրայէլի #1:5 Կամ, սահմանին վրայսահմանէն անդին՝ ՝ թող փառաւորուի’»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ
6«Տղան՝ իր հօրը,
Ծառան՝ իր տիրոջը պատիւ կ’ընէ։
‘Եթէ ես հայր եմ, իմ պատիւս ո՞ւր է,
Եթէ տէր եմ, իմ վախս ո՞ւր է’,
Կ’ըսէ ձեզի զօրքերու Տէրը,
Ո՛վ քահանաներ, որ իմ անունս կ’անարգէք
Եւ դուք կ’ըսէք. ‘Քու անունդ ի՞նչ բանով անարգեցինք’։
7Իմ սեղանիս վրայ պիղծ հաց կը մատուցանէք
Ու կ’ըսէք. ‘Քեզ ինչո՞վ պղծեցինք’։
Տէրոջը սեղանը անարգ է ըսելով։
8Երբ կոյրը զոհի համար կը մատուցանէք, գէշ չէ՞.
Երբ կաղը կամ հիւանդը կը մատուցանէք, գէշ չէ՞.
‘Աղէ՜, եթէ զանիկա քու իշխանիդ ընծայես,
Միթէ քեզի պիտի հաճի՞,
Կամ #1:8 Եբր., քու երեսդքեզ սիրով՝ ՝ պիտի ընդունի՞’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
9Հիմա Աստուծոյ աղաչեցէ՛ք,
Որպէս զի ձեզի ողորմութիւն ընէ։
Ասիկա ձեր ձեռքով եղաւ։
‘Միթէ ձեզ սիրով պիտի ընդունի՞’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
10Ձեր մէջ դռները ձրի գոցող ո՞վ կայ։
Իմ սեղանիս կրակն ալ ձրի չէք վառեր։
‘Ձեզի չեմ հաճիր, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը
Ու ձեր ձեռքէն ընծայ չեմ ընդունիր։
11Քանզի արեւուն ծագած տեղէն մինչեւ անոր մարը մտած տեղը,
Ազգերուն մէջ իմ անունս մեծ պիտի ըլլայ։
Ամէն տեղ իմ անուանս
Խունկ ու սուրբ ընծայ պիտի մատուցանուի,
Քանզի իմ անունս ազգերուն մէջ մեծ պիտի ըլլայ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
12Բայց դուք զանիկա կը պղծէք,
Ըսելով. ‘Տէրոջը սեղանը պիղծ է
Ու անոր բերքը, այսինքն կերակուրը, անարգ’։
13Նաեւ կ’ըսէք. ‘Այս ի՜նչ աշխատութիւն է
Ու անոր վրայ կը փչէք’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը
Եւ յափշտակուածն ու կաղը եւ հիւանդը
Որպէս ընծայ բերիք։
‘Միթէ զանոնք պիտի ընդունի՞մ, կ’ըսէ Տէրը։
14Բայց անիծեալ ըլլայ այն խաբեբայ մարդը,
Որ իր հօտին մէջ որձ ունենալով՝ ուխտ կ’ընէ,
Բայց արատաւորը Տէրոջը կը մատուցանէ.
Քանզի ես մեծ Թագաւոր եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը
Ու իմ անունս ազգերու մէջ ահարկու է’»։

Zvýraznění

Sdílet

Kopírovat

None

Chceš mít své zvýrazněné verše uložené na všech zařízeních? Zaregistruj se nebo se přihlas