Logo YouVersion
Ikona vyhledávání

ԶԱՔԱՐԵԱՅ 14

14
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԵՒ ԱԶԳԵՐԸ
1Ահա Տէրոջը օրը կու գայ
Եւ քու աւարդ քու մէջդ պիտի բաժնուի.
2Քանզի բոլոր ազգերը պատերազմի համար
Երուսաղէմի վրայ պիտի հաւաքեմ։
Քաղաքը պիտի առնուի,
Տուները պիտի կողոպտուին,
Կիները պիտի պղծուին,
Քաղաքին կէսը գերի պիտի տարուի,
Բայց ժողովուրդին մնացորդը քաղաքէն պիտի չհեռանայ։
3Տէրը պիտի ելլէ,
Ապա այն ազգերուն հետ պիտի պատերազմի,
Ինչպէս պատերազմին օրը պատերազմեցաւ։
4Այն օրը անոր ոտքերը
Ձիթենիներու լերանը վրայ պիտի կայնին,
Որ Երուսաղէմին առջեւն է դէպի արեւելք։
Ձիթենիներու լեռը դէպի արեւելք ու դէպի արեւմուտք կէսէն պիտի պատռուի
Ու խիստ մեծ ձոր մը պիտի կազմուի։
Լերանը կէսը՝ դէպի հիւսիս,
Կէսը դէպի հարաւ պիտի քաշուի
5Եւ դուք լեռներուն ձորը պիտի փախչիք,
Քանզի լեռներուն ձորը մինչեւ Ասալ պիտի հասնի։
Պիտի փախչիք՝ ինչպէս գետնաշարժէն փախաք՝
Յուդայի թագաւոր Ոզիային օրերը։
Իմ Տէր Աստուածս պիտի գայ,
Բոլոր սուրբերը քեզի հետ պիտի ըլլան։
6Եւ այն օրը
# 14:6 Կամ, Լոյս պիտի չըլլայ, հապա ցուրտ եւ սառ Լոյսը պայծառ կամ աղօտ պիտի չըլլայ։
7Անիկա Տէրոջը յայտնի օր մը պիտի ըլլայ,
Ո՛չ ցորեկ ու ո՛չ գիշեր պիտի ըլլայ,
Սակայն երեկոյեան ժամանակը լոյս պիտի ըլլայ։
8Այն օրը Երուսաղէմէն կենդանի ջուրեր պիտի հոսին,
Կէսը՝ դէպի արեւելեան ծովը,
Կէսը՝ դէպի արեւմտեան ծովը։
Ամառ ու ձմեռ այնպէս պիտի ըլլայ։
9Տէրը բոլոր երկրի վրայ Թագաւոր պիտի ըլլայ,
Այն օրը Տէրը՝ մէկ ու անոր անունը մէկ պիտի ըլլայ։
10Բոլոր երկիրը դաշտ պիտի դառնայ
Գաբաայէն մինչեւ Ռեմօն, Երուսաղէմի հարաւային կողմը։
Երուսաղէմը պիտի բարձրանայ ու իր տեղը պիտի մնայ՝
Բենիամինին դռնէն մինչեւ Առաջին դրանը տեղը, մինչեւ Անկեան դուռը,
Անանայէլին աշտարակէն մինչեւ թագաւորին հնձանները։
11Հոն պիտի բնակին ու հոն անգամ մըն ալ նզովք պիտի չըլլայ։
Երուսաղէմի մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին։
12Այս պիտի ըլլայ այն հարուածը,
Որով Տէրը պիտի զարնէ այն բոլոր ժողովուրդները,
Որոնք Երուսաղէմին դէմ պատերազմեցան։
Ոտքի վրայ կայնած ատեննին անոնց մարմինը պիտի հալի,
Անոնց աչքերը իրենց խորշերուն մէջ պիտի հալին,
Անոնց լեզուն անոնց բերնին մէջ պիտի հալի։
13Այն օրը անոնց մէջ
Մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ Տէրոջմէն։
Ամէն մէկը իր ընկերին ձեռքը պիտի բռնէ
Ու անոր ձեռքը իր ընկերին ձեռքին դէմ պիտի վերցուի։
14Յուդան ալ Երուսաղէմի մէջ պիտի պատերազմի
Ու բոլոր շրջակայ ազգերուն ստացուածքը,
Ոսկի ու արծաթ ու հանդերձներ, մեծ առատութեամբ հոն պիտի հաւաքուին։
15Ձիուն, ջորիին, ուղտին ու իշուն
Եւ այն բանակներուն մէջի բոլոր անասուններուն աղէտը
Նոյն աղէտին պէս պիտի ըլլայ։
16Երուսաղէմի վրայ եկած բոլոր ազգերուն մնացորդները
Ամէն տարի Թագաւորին, զօրքերու Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու
Եւ տաղաւարահարներու տօնը կատարելու պիտի գան։
17Երկրի ազգատոհմերէն ով որ Երուսաղէմ չելլէ
Թագաւորին, զօրքերու Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու,
Անոր վրայ պիտի անձրեւէ։
18Եթէ Եգիպտացիներու ազգատոհմը չելլէ ու չգայ
(Որոնք անձրեւ չունին),
Անոնց վրայ պիտի ըլլայ այն հարուածը,
Որով Տէրը պիտի զարնէ այն ազգերը,
Որոնք տաղաւարահարներու տօնը կատարելու չեն ելլեր։
19Ասիկա պիտի ըլլայ Եգիպտոսի պատիժը
Եւ տաղաւարահարներու տօնը կատարելու չելլող բոլոր ազգերուն պատիժը։
20Այն օրը ձիերուն սանձի զարդերուն վրայ
ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ պիտի գրուի։
Տէրոջը տանը կաթսաները
Սեղանին առջեւի կոնքերուն պէս պիտի ըլլան։
21Երուսաղէմի մէջ եւ Յուդայի մէջ ամէն կաթսայ
Զօրքերու Տէրոջը սուրբ պիտի ըլլայ։
Բոլոր զոհ ընողները պիտի գան,
Անոնցմէ պիտի առնեն ու անոնց մէջ պիտի եփեն։
Այն օրը անգամ մըն ալ զօրքերու Տէրոջը տանը մէջ Քանանացի պիտի չըլլայ։

Zvýraznění

Sdílet

Kopírovat

None

Chceš mít své zvýrazněné verše uložené na všech zařízeních? Zaregistruj se nebo se přihlas