Logo YouVersion
Ikona vyhledávání

ՄԱՂԱՔԵԱՅ 2

2
1«Այս պատուէրը ձեզի է, ո՛վ քահանաներ։
2Եթէ մտիկ չընէք,
Եթէ ձեր սրտին մէջ չդնէք
Իմ անուանս պատիւ տալ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,
Այն ատեն ձեզի անէծք պիտի ղրկեմ,
Ձեր օրհնութիւնները պիտի անիծեմ։
Այո՛, զանոնք արդէն անիծեր եմ,
Քանզի դուք ձեր սրտին մէջ չէք դներ։
3Ահա ես ձեր սերունդը պիտի յանդիմանեմ,
Ձեր երեսին վրայ՝ աղբ,
Ձեր տօներուն աղբը պիտի ցանեմ,
Որ ձեզ իրեն հետ տանի։
4Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ձեզի ղրկեցի այս պատուէրը,
Որպէս զի իմ ուխտս Ղեւիին հետ ըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
5Իմ ուխտս անոր հետ էր՝ կեանքի ու խաղաղութեան համար։
Զանոնք անոր տուի այն երկիւղին փոխարէն՝
Որով ինծմէ կը վախնար
Ու իմ անուանս երեսէն կը սարսափէր։
6Ճշմարտութեան օրէնքը անոր բերնին մէջ էր,
Անոր շրթունքներուն մէջ անիրաւութիւն չգտնուեցաւ.
Ինծի հետ խաղաղութեամբ եւ ուղղութեամբ կը քալէր,
Շատերը անօրէնութենէ դարձուց։
7Քահանային շրթունքները գիտութիւն պահելու են,
Մարդիկ անոր բերնէն օրէնք փնտռելու են,
Քանզի անիկա զօրքերու Տէրոջը դեսպանն է։
8Բայց դուք ճամբայէն խոտորեցաք.
Շատերը օրէնքին մէջ գայթակղեցուցիք,
Ղեւիին ուխտը աւրեցիք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
9Ուստի ես ալ ձեզ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անարգեցի ու ցածցուցի,
Քանի որ դուք իմ ճամբաներս չպահեցիք,
Օրէնքին մէջ աչառութիւն ըրիք։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ
10Միթէ ամէնքը մէկ հայր չունի՞ն,
Միթէ մէկ Աստուած չստեղծե՞ց մեզ։
Ինչո՞ւ համար մեր հայրերուն ուխտը աւրելով՝
Մեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն կ’ընէ։
11Յուդան նենգութիւն ըրաւ։
Իսրայէլի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պղծութիւն գործուեցաւ։
Յուդան պղծեց Տէրոջը սրբարանը, որ ինք կը սիրէր
Եւ օտար աստուծոյ աղջկանը այր եղաւ։
12Տէրը Յակոբին վրաններէն բնաջինջ պիտի ընէ այս բանը ընող մարդը,
# 2:12 Կամ, Ուսուցիչն ու աշակերտը Արթուն եղողն ու պատասխան տուողը
Եւ զօրքերու Տէրոջը ընծայ մատուցանողը։
13Դարձեալ ասիկա ըրիք։
Տէրոջը սեղանը արցունքներով,
Լացով ու ողբով ծածկեցիք։
Այնպէս որ Անիկա անգամ մըն ալ ընծային չի նայիր,
Որ զանիկա ձեր ձեռքէն հաճութեամբ ընդունի։
14Բայց դուք ըսիք. ‘Ինչո՞ւ’։
Անոր համար որ Տէրը վկայ եղաւ քու եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջ միջեւ,
Որուն հետ անհաւատարմութեամբ վարուեցար։
Անիկա քու ընկերդ ու քու ուխտիդ կինն է։
15Եւ մէկը չըրա՞ւ, որ Հոգիին առատութիւնը ունէր.
Այն մէկը ի՞նչ կը փնտռէր։ Աստուծոյ սերունդը։
Ուրեմն ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք,
Ձեզմէ ոեւէ մէկը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ թող չվարուի։
16Քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը կ’ըսէ, թէ
# 2:16 Կամ, եթէ կ’ատէ զանիկա, թող արձակէ Ինք կ’ատէ կին արձակելը՝ ՝.
«Բայց մարդը իր հանդերձովը զրկանքը կը ծածկէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը.
Ուստի ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք ու անհաւատարիմ մի՛ ըլլաք»։
ԴԱՏԱՍՏԱՆԻՆ ՕՐԸ ՄՕՏ Է
17«Ձեր խօսքովը Տէրը ձանձրացուցիք։
Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ինչո՞վ ձանձրացուցինք’։
Այսպէս ըսելով. ‘Ամէն չարութիւն ընողը
Տէրոջը աչքերուն առջեւ հաճոյ է
Ու ինք անոնց կը հաւնի’,
Կամ թէ ‘Դատաստան ընող Աստուածը ո՞ւր է’։

Zvýraznění

Sdílet

Kopírovat

None

Chceš mít své zvýrazněné verše uložené na všech zařízeních? Zaregistruj se nebo se přihlas