Logo YouVersion
Ikona vyhledávání

ՄԱՂԱՔԵԱՅ 3

3
1«Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ,
Որ իմ առջեւս ճամբայ պատրաստէ։
Ձեր փնտռած Տէրը, այսինքն ուխտին հրեշտակը, որու կը հաւնիք,
Յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ։
Ահա կու գայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
2Անոր գալուստին օրը ո՞վ կրնայ դիմանալ։
Անոր երեւնալուն ատենը ո՞վ կրնայ կայնիլ.
Քանզի անիկա հալեցնողին՝ կրակին պէս
Ու թափիչներուն օճառին պէս պիտի ըլլայ։
3Անիկա արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս պիտի նստի։
Ղեւիին որդիները պիտի մաքրէ,
Զանոնք ոսկիի պէս ու արծաթի պէս պիտի զտէ։
Անոնք արդարութեամբ Տէրոջը ընծայ պիտի մատուցանեն.
4Յուդային ու Երուսաղէմին ընծան
Հին օրերուն պէս ու առաջին տարիներուն պէս
Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ։
5Դատաստանի համար ձեզի պիտի մօտենամ,
Կախարդներուն ու շնացողներուն
Սուտ երդում ընողներուն,
Վարձկանին իր վարձքին վրայով,
Որբեւարիին ու որբին զրկանք ընողներուն,
Պանդուխտին իրաւունքը խոտորցնողներուն,
Ինծմէ չվախցողներուն դէմ արագ վկայ պիտի ըլլամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
ՏԱՍԱՆՈՐԴԻ ՎՃԱՐՈՒՄԸ
6«Քանզի ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր,
Անոր համար դո՛ւք, ո՛վ Յակոբի որդիներ, չսպառեցաք։
7Ձեր հայրերուն օրերէն ի վեր
Իմ հրամաններէս հեռացաք ու զանոնք չպահեցիք։
Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը.
Սակայն դուք կ’ըսէք՝ ‘Ինչո՞վ դառնանք’։
8Միթէ մարդ Աստուած կը կողոպտէ՞,
Որ դուք զիս կը կողոպտէք.
Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Քեզմէ ի՞նչ կողոպտեցինք’.
Տասանորդներ ու ընծաներ։
9Դուք անէծքով անիծուած էք,
Քանզի դուք բոլորդ զիս կողոպտեցիք։
10Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք,
Որպէս զի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։
Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
Թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ
Ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ,
Այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ։
11Ձեզի համար ուտողը պիտի յանդիմանեմ,
Անիկա ձեր երկրին պտուղը պիտի չապականէ,
Ձեր այգիին մէջ որթատունկը անպտուղ պիտի չըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
12Բոլոր ազգերը ձեզի երանի՜ պիտի ըսեն,
Քանզի դուք ցանկալի երկիր պիտի ըլլաք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՆԵՐՈՒՄ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
13«Ձեր խօսքերը ինծի դէմ խիստ եղան, կ’ըսէ Տէրը.
Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Քեզի դէմ ի՞նչ խօսեցանք’։
14Դուք ըսիք. ‘Աստուծոյ ծառայութիւն ընելը պարապ է։
Եւ անոր պահպանութիւնը պահելէն
Ու զօրքերու Տէրոջը առջեւ սուգով քալելէն ի՞նչ շահեցանք։
15Հիմա մենք հպարտներուն երանի՜ կ’ըսենք.
Ամբարշտութիւն ընողներն անգամ բարեշէն կ’ըլլան,
Աստուած ալ կը փորձեն ու կ’ազատին’»։
16Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները
Իրարու հետ խօսեցան։
Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց
Եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ
Տէրոջմէ վախցողներուն համար
Ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար։
17Եւ անոնք իմս պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
Այն օրը երբ իմ սեփական գանձս հաւաքեմ,
Անոնց պիտի խնայեմ,
Ինչպէս մարդ մը կը խնայէ իր որդիին,
Որ իրեն ծառայութիւն կ’ընէ։
18Եւ պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարշտին,
Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին
Եւ անոր ծառայութիւն չընողին
Տարբերութիւնը պիտի տեսնէք։

Zvýraznění

Sdílet

Kopírovat

None

Chceš mít své zvýrazněné verše uložené na všech zařízeních? Zaregistruj se nebo se přihlas