ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 15
15
Երուսաղէմի ժողովը
1Կարգ մը մարդիկ, որոնք Հրէաստանէն Անտիոք եկած էին, հաւատացեալ եղբայրներուն կ՚ուսուցանէին, ըսելով.
–Եթէ Մովսէսի Օրէնքին տրամադրութեան համաձայն չթլփատուիք՝ չէք կրնար փրկուիլ։
2Բայց երբ բաւական հակառակութիւն եւ խնդիր եղաւ Պօղոսի ու Բառնաբասի եւ անոնց միջեւ, որոշուեցաւ որ Պօղոս եւ Բառնաբաս եւ անոնցմէ ոմանք այդ խնդրին համար երթան Երուսաղէմ, առաքեալներուն ու երէցներուն քով։ 3Ուստի եկեղեցիին կողմէ ղրկուած՝ անոնք հրաժեշտ առնելէ ետք անցան Փիւնիկէէն ու Սամարիայէն, տեղւոյն բոլոր հաւատացեալ եղբայրներուն պատմելով հեթանոսներու դարձին մասին եւ մեծապէս ուրախացնելով զանոնք։ 4Երբ հասան Երուսաղէմ, ընդունուեցան եկեղեցիէն, առաքեալներուն ու երէցներուն կողմէ, եւ պատմեցին ինչ որ Աստուած կատարեց իրենց գործակցութեամբ։ 5Փարիսեցիներու աղանդէն եկող հաւատացեալներէն ոմանք ելան եւ ըսին.
–Պէտք է թլփատել զանոնք, եւ պատուիրել՝ որ Մովսէսի Օրէնքը գործադրեն։
6Առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան այս հարցը քննելու համար։ 7Երբ բաւական վէճ եղաւ, Պետրոս ոտքի ելաւ եւ ըսաւ անոնց.
–Եղբայրնե՛ր, դուք բոլորդ գիտէք, որ առաջին օրէն հոս՝ ձեր մէջէն Աստուած զիս ընտրեց, որպէսզի իմ բերանովս հեթանոսներ լսեն Աւետարանի պատգամը եւ հաւատան։ 8Աստուած, որ մեր մտածումները գիտէ, անոնց մասին իր հաւանութիւնը տուաւ՝ Սուրբ Հոգին տալով անոնց, ինչպէս որ տուած էր մեզի։ 9Ոեւէ խտրութիւն չդրաւ անոնց եւ մեր միջեւ. այլ որովհետեւ հաւատացին՝ սրբեց անոնց մեղքերը։ 10Հետեւաբար, ինչո՞ւ զԱստուած կը փորձէք՝ Տիրոջ աշակերտողներու վիզին դնելով լուծ մը, որ ո՛չ մեր հայրերը կրցան շալկել եւ ո՛չ ալ մենք։ 11Ընդհակառակը, կը հաւատանք որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը պիտի փրկուինք մենք, ինչպէս նաեւ անոնք։
12Ամբողջ բազմութիւնը լռեց, եւ սկսան մտիկ ընել Բառնաբասին ու Պօղոսին, որոնք կը պատմէին թէ Աստուած ի՛նչ նշաններ ու հրաշքներ կատարեցիրենց ձեռքով։ 13Երբ անոնք լռեցին, Յակոբոս խօսք առնելով, ըսաւ.
–Եղբայրնե՛ր, ինծի՛ մտիկ ըրէք։ 14Շմաւոն բացատրեց, թէ ի՛նչպէս Աստուած սկիզբէն հաճեցաւ բոլոր ազգերէն իրեն ժողովուրդ մը պատրաստել՝ իր անունը փառաւորելու համար։ 15Այս կէտին շուրջ մարգարէներու արտայայտութիւնները միաձայն են, ինչպէս, օրինակ, գրուած է.–
16 «Այն օրը պիտի վերադառնամ
ու վերաշինեմ Դաւիթի ինկած տունը.
պիտի վերաշինեմ անոր աւերակները
եւ պիտի վերականգնեմ զայն,
17 որպէսզի մնացեալ մարդիկը եւ բոլոր ազգերը,
որոնց ես իմ անունս տուած եմ՝ զիս փնտռեն,–
կ՚ըսէ Տէրը որ այս բոլորը կ՚իրականացնէ։
18 Արդարեւ յայտնի են Աստուծոյ բոլոր գործերը,
աշխարհի սկիզբէն ի վեր»։
19Հետեւաբար, ես յարմար կը դատեմ՝ չնեղել անոնք որ հեթանոսութենէ կը դառնան Աստուծոյ, 20այլ միայն գրել անոնց՝ որ ամբողջութեամբ հեռու մնան կուռքերու ընծայուած պիղծ կերակուրներէն, պոռնկութենէ, խեղդուած կենդանիներու միսէն եւ արիւնէ: 21Որովհետեւ հին ժամանակներէն ի վեր ամէն մէկ քաղաքի մէջ Մովսէսի Օրէնքը իր քարոզիչները ունի, եւ ամէն Շաբաթ օր ժողովարաններուն մէջ կը կարդացուի։
22Այն ատեն առաքեալներն ու երէցները ամբողջ եկեղեցիին հետ միասին յարմար դատեցին՝ Պօղոսի եւ Բառնաբասի հետ Անտիոք ղրկել իրենց մէջէն ընտրուած քանի մը հոգի, եւընտրեցին Բարսաբա կոչուած Յուդան եւ Շիղան, որոնք հաւատացեալներուն մէջ հեղինակութիւն վայելող անձեր էին։ 23Անոնց ձեռքով նաեւ հետեւեալ նամակը ղրկեցին Անտիոքի եղբայրներուն.–
«Առաքեալներէն, երէցներէն ու եղբայրներէն՝ ողջոյն ձեզի, հեթանոսութենէ դարձի եկած եղբայրներուդ, որ Անտիոքի, Սուրիայի եւ Կիլիկիայի մէջ կը գտնուիք»։
24«Լսեցինք, թէ ոմանք որպէս թէ մեր կողմէ եկած՝ իրենց արտայայտութիւններով խռովեցուցած են ձեզ եւ շփոթի մատնած, ըսելով՝ թէ պէտք է թլփատուիք եւ Օրէնքը գործադրէք. մինչդեռ մենք այդպիսի բան չենք պատուիրած իրենց։ 25Ուստի ժողովի հաւաքուածներս միասնաբար յարմար դատեցինք ձեզի մէկ–երկու ընտրուած մարդիկ ղրկել, մեր սիրելիներուն՝ Պօղոսի եւ Բառնաբասի հետ միասին, 26որոնք իրենց կեանքերը զոհած են մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունին համար։ 27Ուստի Յուդան ու Շիղան ղրկեցինք, որպէսզի իրենք ալ բերանացի կերպով նոյնը հաղորդեն։ 28Որովհետեւ Սուրբ Հոգին եւ մենք յարմար դատեցինք՝ ձեզ չծանրաբեռնել ոեւէ ուրիշ պահանջներով, բացի հետեւեալ կարեւոր բաներէն.– 29որ հեռու մնաք կուռքերուն զոհուած կերակուրներէն, արիւնէ, խեղդուած կենդանիներու միսէն եւ պոռնկութենէ։ Եթէ ասոնք պահէք՝ լաւ կ՚ընէք։ Ողջ եղէք»։
Դարձեալ Անտիոքի մէջ
30Հոնկէ հրաժեշտ առնելով՝ անոնք գացին Անտիոք, եւ հաւատացեալները մէկտեղ հաւաքելով՝ նամակը տուին։ 31Անտիոքացիներ նամակը կարդալով՝ ուրախացան տրուած քաջալերանքին համար։ 32Յուդա եւ Շիղա, որովհետեւ իրենք ալ մարգարէներ էին, երկարօրէն խօսելով՝ քաջալերեցին եւ զօրացուցին եղբայրները։
33Երուսաղէմէն եկողները ժամանակ մը այնտեղ մնալէ ետք, խաղաղութեամբ հրաժեշտ առին եղբայրներէն եւ դարձան զիրենք ղրկողներուն քով։ 34Բայց Շիղա յարմար դատեց այնտեղ մնալ։ 35Իսկ Պօղոս եւ Բառնաբաս կը մնային Անտիոք, ուր Տիրոջ խօսքը կ՚ուսուցանէին եւ կը քարոզէին ուրիշ շատերու հետ միասին։
Պօղոս եւ Բառնաբաս կը բաժնուին իրարմէ
36Կարճ ժամանակ մը ետք, Պօղոս Բառնաբասին ըսաւ.
–Դառնանք եւ մեր հաւատացեալ եղբայրներունայցելենք բոլոր այն քաղաքներուն մէջ, ուր Տիրոջ խօսքը քարոզեցինք, տեսնելու թէ ի՛նչպէս են։
37Բառնաբաս կ՚ուզէր Մարկոս կոչուած Յովհաննէսն ալ միասին առնել. 38բայց Պօղոս ճիշդ չէր գտներ որ իրենց հետ առնեն մէկը՝ որ Պամփիլիայէն իրենցմէ բաժնուեցաւ եւ իրենց հետ գործելու չեկաւ։ 39Այս պատճառով անհամաձայնութիւն ծագեցաւ եւ իրարմէ բաժնուեցան։ Բառնաբաս Մարկոսը առաւ եւ դէպի Կիպրոս նաւեց, 40իսկ Պօղոս Շիղան ընտրեց եւ ճամբայ ելաւ, Անտիոքի եղբայրներուն աղօթքով Աստուծոյ շնորհքին յանձնուելէ ետք։ 41Սուրիայի եւ Կիլիկիայի կողմերը կը պտըտէր եւ եկեղեցիները կը զօրացնէր։
Currently Selected:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 15: WANTACoC
Highlight
Share
Copy

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019