YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 16

16
Տիմոթէոս կը միանայ Պօղոսի ու Շիղայի
1Պօղոս շրջելով հասաւ Դերբէ եւ հոնկէ եկաւ Լիստրա։ Այնտեղ կար Տիրոջ աշակերտած մէկը, Տիմոթէոս անունով, որ դարձի եկած Հրեայ կնոջ մը զաւակն էր՝ հեթանոս հօրմէ, 2եւ շատ յարգուած էր Լիստրայի եւ Իկոնիոնի եղբայրներուն կողմէ։ 3Պօղոս ուզեց զայն իր հետ տանիլ. ուստի առաւ զայն թլփատեց, այդ շրջաններու Հրեաներուն համար, որոնք գիտէին թէ անոր հայրը հեթանոս էր։
4Ամէն անգամ որ քաղաքէ մը կ՚անցնէին, կը փոխանցէին Երուսաղէմ գտնուող առաքեալներուն ու երէցներուն կողմէ պատուիրուած հրահանգները, որպէսզի գործադրեն զանոնք։ 5Իսկ եկեղեցիները կը զօրանային հաւատքին մէջ եւ հաւատացեալները օրէ օր թիւով կ՚աւելնային։
Պօղոսի տեսիլքը Տրովադայի մէջ
6Պօղոս, Շիղա եւ Տիմոթէոս Փռիգիայի եւ Գաղատիայի կողմերը շրջեցան. բայց Սուրբ Հոգին թոյլ չտուաւ որ Ասիա նահանգին մէջ Տիրոջ խօսքը քարոզեն։ 7Նոյնպէս, երբ դէպի Միսիա եկան եւ կը փորձէին Բիթանիա երթալ՝ Յիսուսի Հոգին չարտօնեց իրենց։ 8Ուստի Միսիայէն անցնելով իջան Տրովադա։ 9Այստեղ գիշերը Պօղոս տեսիլք մը ունեցաւ։ Մակեդոնացի մարդ մը կանգնած՝ կ՚աղաչէր իրեն, ըսելով. «Մակեդոնիա եկուր եւ օգնէ՛ մեզի»։ 10Այս տեսիլքին վրայ ուզեցինք շուտով Մակեդոնիա անցնիլ, հետեւցնելով՝ թէ Տէրը մեզ հրաւիրեց որ Աւետարանը քարոզենք Մակեդոնացիներուն։
Լիդիայի դարձը
11Տրովադայէն նաւելով՝ ուղիղ գացինք Սամոթրակէ. անկէ՝ դէպի Նէապոլիս, 12իսկ հոնկէ՝ դէպի Փիլիպպէ, որ Մակեդոնիա նահանգին առաջին գաւառին մէկ քաղաքն է եւ հռոմէական գաղթավայր։ Ժամանակ մը մնացինք այդ քաղաքը։ 13Շաբաթ օրը քաղաքէն դուրս ելանք, գետափին, ուր Հրեաներ կը հաւաքուէին աղօթելու։ Նստանք եւ կը խօսէինք հաւաքուած կիներուն հետ։ 14Թիւատիր քաղաքէն ծիրանի զգեստներ ծախող աստուածավախ կին մը կար, Լիդիա անունով, որ մտիկ կ՚ընէր։ Տէրը ինք բացաւ անոր միտքը, որ Պօղոսի խօսքերուն մտիկ ընէ։ 15Երբ ինք եւ իր ընտանիքը մկրտուեցան, աղաչեց մեզի, ըսելով. – Եթէ զիս Տիրոջ հաւատացող կը նկատէք՝ եկէք իմ տունս մնացէք։ Եւ ստիպեց, տարաւ մեզ։
Բանտարկութիւն Փիլիպպէի մէջ
16Պատահեցաւ որ, երբ կրկին աղօթքի վայրը կ՚երթայինք, մեր դէմը ելաւ ստրուկ աղախին մը, որ հարցուկ ոգի մը ունէր իր ներսիդին եւ իր ըրած գուշակութիւններով ահագին շահ կը բերէր իր տէրերուն։ 17Այս կինը Պօղոսի եւ մեր ետեւէն գալով՝ կ՚աղաղակէր եւ կ՚ըսէր.
–Այս մարդիկը Բարձրեալ Աստուծոյ ծառաներն են, որոնք փրկութեան ճամբան կը քարոզեն ձեզի։
18Երբ օրեր շարունակ ասիկա կրկնեց, Պօղոսի համբերութիւնը հատաւ, եւ դառնալով՝ ըսաւ ոգիին.
–Յիսուս Քրիստոսի անունով կը հրամայեմ քեզի՝ ե՛լ ատկէ։
Նոյն վայրկեանին ոգին դուրս ելաւ անկէ։ 19Երբ աղախինին տէրերը տեսան թէ իրենց շահի աղբիւրը կտրուեցաւ, բռնեցին Պօղոսն ու Շիղան եւ քաշեցին հրապարակ տարին՝ իշխանութեան յանձնելու։ 20Եւ զանոնք դատաւորներուն բերելով, ըսին.
–Այս մարդիկը Հրեայ են եւ մեր քաղաքը տակնուվրայ կ՚ընեն։ 21Այնպիսի սովորութիւններ կը քարոզեն մեզի՝ որ մենք իբրեւ Հռոմայեցի՝ ո՛չ կրնանք ընդունիլ եւ ո՛չ ալ գործադրել։
22Ամբոխը անոնց շուրջ դիզուեցաւ։ Դատաւորները պատռել տուին անոնց հագուստները եւ հրամայեցին գանահարել։ 23Յետոյ, անոնց մարմինը բաւական խոշտանգելէ ետք, բանտ նետել տուին, բանտապետին պատուիրելով որ զգուշութեամբ պահէ զանոնք։ 24Այս պատուէրին վրայ, բանտապետը զանոնք ներքին խուցերէն մէկընետեց, եւ անոնց ոտքերն ալ կոճղի մէջ ամրացուց։
Բանտապետին դարձը եւ արձակում
25Կէս գիշերուան մօտ, մինչ Պօղոս եւ Շիղա կ՚աղօթէին եւ զԱստուած կ՚օրհներգէին, իսկ միւս բանտարկեալները իրենց մտիկ կ՚ընէին, 26յանկարծ մեծ երկրաշարժ մը եղաւ. այնպէս որ բանտին հիմերը սասանեցան։ Նոյն վայրկեանին բոլոր դռները բացուեցան եւ բոլորին կապերը քակուեցան։ 27Երբ բանտապետը արթնցաւ եւ տեսաւ թէ բանտին դռները բաց են, սուրը քաշեց՝ ինքզինք սպաննելու համար, կարծելով թէ բանտարկեալները փախած են։ 28Պօղոս բարձր ձայնով կանչեց.
–Մի՛ ըներ, կեցի՛ր, բոլորս ալ հոս ենք։
29Բանտապետը լոյս ուզեց եւ ներս խուժելով՝ դողալով ինկաւ Պօղոսի եւ Շիղայի առջեւ։ 30Ապա զանոնք դուրս բերելով, ըսաւ.
–Պարոննե՛ր, ի՞նչ պէտք է ընեմ որ փրկուիմ։
31Անոնք ըսին.
Տէր Յիսուս Քրիստոսի հաւատա եւ ամբողջ ընտանիքովդ կը փրկուիս։
32Եւ Տիրոջ խօսքը քարոզեցին անոր եւ անոր ընտանիքի բոլոր անդամներուն։ 33Իսկ բանտապետը գիշերուան այդ ժամուն առաւ զիրենք եւ իրենց վէրքերը լուաց։ Անմիջապէս ետք, ինք եւ բոլոր իրենները մկրտուեցան։ 34Ապա զիրենք իր տունը տարաւ եւ սեղան շտկեց անոնց առջեւ, եւ ամբողջ ընտանիքով ուրախացան՝ Աստուծոյ հաւատացած ըլլալնուն համար։
35Առաւօտուն, դատաւորները իրենց նուիրակները ղրկեցին՝ ըսելու համար.
–Ազատ արձակէ այդ մարդիկը։
36Բանտապետը եկաւ լուրը Պօղոսին հաղորդեց, ըսելով.
–Դատաւորները մարդ ղրկեցին, որ ազատ արձակեմ ձեզ։ Հետեւաբար ելէք խաղաղութեամբ գացէք։
37Իսկ Պօղոս բանտապետին եւ նուիրակներուն ըսաւ.
–Հրապարակաւ գանակոծել տուին եւ բանտը դրին մեզ, մենք՝ որ անմեղ ենք եւ մանաւանդ Հռոմայեցի. եւ հիմա ծածուկ կերպո՞վ դուրս կը հանեն։ Ո՛չ, չե՛նք ելլեր։ Թող իրե՛նք գան հանեն մեզ։
38Նուիրակները եկան այս խօսքերը հաղորդեցին դատաւորներուն։ Երբ լսեցին որ Հռոմայեցի են՝ վախցան. եկան ներողութիւն խնդրեցին, 39եւ զանոնք դուրս հանելով՝ կ՚աղաչէին որ իրենց քաղաքէն երթան։ 40Իսկ անոնք բանտէն ելլելով՝ գացին Լիդիայի տունը, ուր հաւատացեալ եղբայրները տեսնելով՝ զանոնք քաջալերեցին եւ մեկնեցան։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in