YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 14

14
Պօղոս եւ Բառնաբաս Իկոնիոնի մէջ
1Իկոնիոնիմէջնոյնպէս, Պօղոսու Բառնաբասմիասնաբար Հրեաներու ժողովարանը գացին եւ խօսեցան այնպէս՝ որ բազմաթիւ Հրեաներ եւ Յոյներ հաւատացին։ 2Բայց անոնց քարոզութիւնը չընդունող Հրեաները հեթանոսներու միտքը պղտորեցին եւ հաւատացող եղբայրներուն դէմ գրգռեցին զանոնք։ 3Այսուհանդերձ առաքեալները բաւական ատեն մնացին այնտեղ։ Համարձակութեամբ կը քարոզէին՝ վստահելով Տիրոջ, որ իր շնորհքին քարոզութեան վկայութիւն կու տար՝ անոնց ձեռքով նշաններ ու հրաշքներ կատարելով։
4Քաղաքի բնակիչներուն մէջ երկպառակութիւն ինկաւ. ոմանք Հրեաներուն հետ էին, իսկ ուրիշներ՝ առաքեալներուն։ 5Երբ որ հեթանոսներ ու Հրեաներ իրենց իշխաններով միասին ոտքի ելան՝ առաքեալները խոշտանգելու եւ քարկոծելու համար, 6անոնք հասկցան իրենց գլխուն գալիքը եւ փախան դէպի Լիկայոնացիներու քաղաքները՝ Լիստրա, Դերբէ եւ շրջակայ գաւառները, 7եւ հոն կ՚աւետարանէին։
Պօղոս եւ Բառնաբաս Լիստրայի եւ Դերբէի մէջ
8Լիստրայի մէջ կար ոտքերով տկար մարդ մը, որ նստած կը մնար, քանի որ ծնունդով կաղ էր եւ երբեք չէր քալած։ 9Պօղոսի խօսած ատեն՝ ասիկա մտիկ կ՚ընէր։ Պօղոս իր աչքերը անոր յառեց, եւ տեսնելով որ փրկուելու հաւատք ունի՝ 10ուժեղ ձայնով ըսաւ անոր.
–Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով կ՚ըսեմ քեզի. ե՛լ, ոտքերուդ վրայ կանգնէ՝ ուղիղ։
Մարդը ոտքի ցատկեց եւ կը քալէր։ 11Մարդիկ երբ տեսան Պօղոսի գործած հրաշքը, սկսան բարձրաձայն աղաղակել Լիկայոներէն լեզուով, ըսելով.
–Աստուածները մարդոց կերպարանքով մեր քով իջան։
12Բառնաբասը Զեւս կը կոչէին, իսկ Պօղոսը՝ Հերմէս, քանի որ ինքն էր գլխաւոր խօսողը։ 13Քաղաքի մուտքին գտնուող Զեւսի տաճարին քուրմը ցուլեր եւ ծաղկեպսակներ բերաւ քաղաքի մուտքին, բազմութեան հետ միասին, զանոնք առաքեալներուն առջեւ զոհելու համար։ 14Առաքեալները, Բառնաբասեւ Պօղոս, երբ լսեցին ասիկա՝ իրենց հագուստները պատռեցին եւ ամբոխէն դուրս վազեցին, բարձրաղաղակ ըսելով.
15Մարդի՜կ, ի՞նչ կ՚ընէք։ Մենք ալ ձեզի պէս տկար մարդիկ ենք, եւ ձեզի կը քարոզենք որ այդպիսի պարապ բաները ձգելով՝ դառնաք կենդանի Աստուծոյ, «Որ ստեղծեց երկինքը, երկիրն ու ծովը եւ ինչ որ կայ անոնց մէջ»։ 16Անիկա անցեալ ժամանակներուն թոյլ տուաւ որ իւրաքանչիւր ազգ իր ճամբով երթայ։ 17Եւ սակայն միշտ ալ ինքն իր մասին վկայութիւն տուաւ իր բարերարութիւններով. երկինքէն անձրեւ տուաւ ձեզի, պտղաբերութեան եղանակներ դրաւ, ուտելիքներով լիացուց ձեզ եւ ձեր սիրտերը ուրախութեամբ լեցուց։ 18Այս խօսքերով հազիւ կրցան բազմութիւնը ետ կեցնել՝ իրենց առջեւ զոհ մատուցանելու մտադրութենէն, եւ համոզեցին որ իւրաքանչիւրը իր գործին երթայ։ 19Մինչ անոնք կը շրջէին եւ կ՚ուսուցանէին, Անտիոքէն եւ Իկոնիոնէն Հրեաներ եկան։ Երբ առաքեալները համարձակօրէն վիճիլ սկսան, Հրեաներ խաբէութեամբ համոզեցին բազմութիւնը, որ անոնցմէ հեռու մնան, ըսելով.
–Այս մարդոց ըսածները բնաւ ճշմարիտ չեն, այլ ամբողջութեամբ սուտ։
Եւ Պօղոսը քարկոծելով՝ քաշեցին քաղաքէն դուրս հանեցին, զայն մեռած համարելով։ 20Բայց երբ Տիրոջ աշակերտածները անոր շուրջ խմբուեցան, Պօղոս ելաւ եւ քաղաք մտաւ. իսկ յաջորդ օր Բառնաբասին հետ միասին Դերբէ գնաց։
Վերադարձ դէպի Սուրիա
21Դերբէի մէջ Աւետարանը քարոզելէ եւ շատերը Յիսուսի աշակերտ դարձնելէ ետք, Պօղոս եւ Բառնաբաս վերադարձան Լիստրա, Իկոնիոն եւ Անտիոք, 22Տիրոջ աշակերտները զօրացնելու համար եւ զանոնք յորդորելու՝ որ հաւատքին մէջ հաստատուն մնան։ Անոնց կ՚ըսէին.–
–Բազմաթիւ նեղութիւններ պէտք է կրենք՝ Աստուծոյ արքայութիւնը մտնելու համար։
23Անոնք նաեւ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ համար երէցներ ձեռնադրեցին՝ ծոմապահութեամբ աղօթք ընելով, եւ հաւատացեալները յանձնեցին Տիրոջ, որուն անոնք հաւատացած էին։ 24Ապա Պիսիդիա նահանգը շրջելով՝ եկան Պամփիլիա, 25եւ Պերգէի մէջ Տիրոջ խօսքը քարոզելէ ետք իջան Ատտալիա քաղաքը։ 26Հոնկէ նաւելով գացին Անտիոք, ուրկէ Աստուծոյ շնորհքին յանձնուած էին՝ ա՛յն գործին համար, որ աւարտեցին։ 27Եկան եւ եկեղեցին մէկտեղելով՝ պատմեցին այն բոլորը, որ Աստուած կատարեց իրենց գործակցութեամբ եւ թէ՝ Աստուած հեթանոսներուն առջեւ բացաւ հաւատքի դուռը։ 28Եւ բաւական ժամանակ մնացին այնտեղ, Տիրոջ աշակերտածներուն հետ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in