YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 11

11
Պետրոս կը զեկուցէ Երուսաղէմի եկեղեցիին
1 Հրէաստանմնացող առաքեալներնուհաւատացեալները լսեցին որ հեթանոսներ ալ Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են։ 2Երբ Պետրոս Երուսաղէմ գնաց, հրէութենէ դարձող հաւատացեալները սկսան զինք մեղադրել, 3ըսելով.
–Ինչո՞ւ անթլփատ մարդոց տունը մտար եւ անոնց հետ հաց կերար։
4Պետրոս սկսաւ կարգով պատմել անոնց, ըսելով.
5Յոպպէքաղաքըկըգտնուէի։ Երբաղօթքկ՚ընէի, մտքի յափշտակութեան մէջ ինկայ եւ տեսիլք մը ունեցայ։ Տեսայ մեծ սփռոցի նմանող բան մը, չորս ծայրերը երկինքէն կախուած, որ իջաւ եւ ինծի հասաւ։ 6Մինչ ապշած անոր կը նայէի, անոր մէջ տեսայ չորքոտանիներ, գազաններ, սողուններ եւ թռչուններ։ 7Լսեցի ձայն մը, որ ինծի կ՚ըսէր. «Պետրո՛ս, ե՛լ, մորթէ՛ եւ կե՛ր»։ 8Ես ըսի. «Քա՛ւ լիցի, Տէ՜ր. մինչեւ հիմա չէ պատահած որ պիղծկամ անմաքուր բան մը մտնէ բերանս»։ 9Երկինքէն ձայնը կրկին հնչեց եւ ինծի ըսաւ. «Ինչ որ Աստուած իբրեւ մաքուր կ՚ընծայէ՝ դուն պիղծ մի՛ համարեր»։ 10Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ. ապա սփռոցն ու կենդանիները միասին երկինք քաշուեցան։ 11Եւ ահա նոյն պահուն երեք հոգիներ, որոնք Կեսարիայէն քովս ղրկուած էին, եկան կեցան այն տան առջեւ, ուր ես կը գտնուէի։ 12Սուրբ Հոգին ինծի ըսաւ, որ իրենց հետ երթամ առանց վարանելու։ Այս վեց եղբայրներն ալ հետս եկան, եւ գացինք մտանք Կոռնելիոսի տունը։ 13Անիկա մեզի պատմեց թէ ի՛նչպէս իր տան մէջ տեսեր էր հրեշտակ մը, որ իր դիմաց կանգնելով՝ ըսեր էր. «Մարդ ղրկէ Յոպպէ եւ կանչել տուր Սիմոնը, որ նաեւ Պետրոս կը կոչուի. 14անիկա Աստուծոյ կողմէ պատգամ մը պիտի բերէ քեզի, որով դուն եւ ամբողջ տունդ պիտի փրկուիք»։ 15Հազիւ սկսեր էի խօսիլ՝ Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, ինչպէս որ նախապէս մեր վրայ իջաւ։ 16Այն ատեն յիշեցի Տիրոջ սա խօսքը, թէ՝ «Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց Աստուած ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ»։ 17Արդ, եթէ Աստուած միեւնոյն պարգեւը, որ մեզի տուած էր, անոնց ալ տուաւ՝ երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին, ես ինչպէ՞ս կրնայի արգելք ըլլալ Աստուծոյ։
18Այս բացատրութիւնը լսելով՝ անոնք դադրեցան զինք մեղադրելէ, եւ զԱստուած փառաւորեցին, ըսելով.
–Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ առիթ տուաւ, որ ապաշխարեն եւ կեանք ունենան։
Անտիոքի եկեղեցին
19Այն հաւատացեալները, որոնք Ստեփանոսի սպանութեան յաջորդած հալածանքին պատճառով զանազան կողմեր ցրուած էին, հասան մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք, եւ Հրեաներէն դուրս ուրիշ ոչ ոքի կը խօսէին Քրիստոսի մասին։ 20Սակայն անոնցմէ ոմանք, որոնք Կիպրացի եւ Կիրենացի էին, երբ Անտիոք հասան՝ սկսան հեթանոսներուն ալ խօսիլ, Տէր Յիսուսը աւետարանելով։ 21Եւ Տէրը կ՚օգնէր անոնց։ Բազմաթիւ մարդիկ հաւատացին եւ Տիրոջ դարձան։
22Այս մասին լուրը հասաւ Երուսաղէմի եկեղեցիին, եւ Բառնաբասը ղրկեցին Անտիոք։ 23Սա երբ որ եկաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ շնորհքը՝ ուրախացաւ, եւ կը յորդորէր բոլորը, որ ամբողջանուէր սրտով կապուած մնան Տիրոջ։ 24Եւ որովհետեւ Սուրբ Հոգիով եւ հաւատքով լեցուն բարի մարդ մըն էր, մեծ բազմութիւն մը հաւատաց Տիրոջ։ 25Ապա Բառնաբաս Տարսոն գնաց Սօղոսը փնտռելու, եւ երբ գտաւ՝ զայն բերաւ Անտիոք, 26ուր երկուքով լման տարի մը եղան այնտեղի եկեղեցիին հետ, մեծ թիւով ժողովուրդի ուսուցանելով։ Եւ առաջին անգամ այստեղ՝ Անտիոքի մէջ էր, որ Քրիստոսի հետեւորդները «քրիստոնեայ» կոչուեցան։
27Այն օրերուն Երուսաղէմէն քանի մը մարգարէներ Անտիոք եկան։ 28Անոնցմէ մէկը, որ Ագաբոս կը կոչուէր, Սուրբ Հոգիէն թելադրուած՝ ելաւ յայտնեց թէ աշխարհի մէջ մեծ սով մը պիտի տիրէ. ինչ որ կատարուեցաւ Կլաւդիոս կայսրին օրով։ 29Անտիոքի հաւատացեալները որոշեցին՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափով օգնութիւն ղրկել Հրէաստան բնակող եղբայրներուն. 30եւ այդ օգնութիւնը արդարեւ կատարեցին, զայն Բառնաբասի եւ Սօղոսի ձեռքով եկեղեցւոյ երէցներուն ղրկելով։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in