Արդ, եթէ Աստուած միեւնոյն պարգեւը, որ մեզի տուած էր, անոնց ալ տուաւ՝ երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին, ես ինչպէ՞ս կրնայի արգելք ըլլալ Աստուծոյ։
Այս բացատրութիւնը լսելով՝ անոնք դադրեցան զինք մեղադրելէ, եւ զԱստուած փառաւորեցին, ըսելով.
–Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ առիթ տուաւ, որ ապաշխարեն եւ կեանք ունենան։