YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 10

10
Պետրոս եւ Կոռնելիոս
11 Կեսպրիպյի մէջ Կոռնելիոս պնունով մպրդ մը կար, որ հարիւրապետ էր՝ հռոմէական բանակի «Իտալական» կոչուած գունդէն։ 2Ասիկա իր ամբողջ ընտանիքով բարեպաշտ էր եւ աստուածավախ. մեծապէս կ՚օգնէր Հրեայ ժողովուրդի աղքատներուն եւ տեւաբար կ՚աղօթէր Աստուծոյ։
3Օր մը, կէսօրէ ետք ժամը երեքի ատենները, Կոռնելիոս տեսիլքի մը մէջ յստակօրէն տեսաւ Աստուծոյ հրեշտակը, որ ներս մտաւ եւ ըսաւ.
–Կոռնելիո՛ս։
4Կոռնելիոս զարհուրանքով նայեցաւ անոր եւ հարցուց.
–Ի՞նչ կայ, Տէ՛ր։
Եւ հրեշտակը ըսաւ.
–Աստուած ընդունեց քու աղօթքներդ ու կատարած ողորմութիւններդ։ 5Ե՛լ, մարդ ղրկէ Յոպպէ եւ կանչել տուր Սիմոն անունով մէկը, որ նաեւ Պետրոս կը կոչուի։ 6Անիկա հիւրաբար իջած է Սիմոն անունով կաշեգործի մը տունը, որ ծովուն մօտն է։
7Երբ իր հետ խօսող հրեշտակը մեկնեցաւ, Կոռնելիոս կանչեց իր ծառաներէն երկու հոգի եւ իրեն սպասաւորող զինուորներէն մէկը, որ բարեպաշտ մարդ մըն էր, 8եւ ամէն ինչ անոնց պատմելէ ետք՝ Յոպպէ ղրկեց։
9Յաջորդ օրը, մինչ անոնք ճամբայ ինկած՝ Յոպպէի կը մօտենային, Պետրոս կէսօր ատեն տանիք ելաւ աղօթելու։ 10Անօթեցաւ եւ ուտել կ՚ուզէր. եւ մինչ տնեցիները ճաշ կը պատրաստէին, մտքի յափշտակութեան մէջ ինկաւ։ 11Տեսաւ՝ երկինքը բացուած, ուրկէ բան մը կ՚իջնէր, չորս ծայրերէն կապուած սփռոցի ձեւով, եւ կու գար գետնին վրայ կը հանգչէր։ 12Անոր մէջ աշխարհի բոլոր չորքոտանիներէն, գազաններէն, սողուններէն եւ թռչուններէն կային։ 13Պետրոս լսեց ձայն մը, որ իրեն կ՚ըսէր.
–Ե՛լ, Պետրո՜ս, մորթէ՛ եւ կեր։
14Քա՛ւ լիցի, Տէ՜ր,– պատասխանեց Պետրոս,– մինչեւ հիմա չէ պատահած որ պիղծ կամ անմաքուր բան մը ուտեմ։
15Ձայնը կրկին անգամ ըսաւ իրեն.
–Ինչ որ Աստուած իբրեւ մաքուր կ՚ընծայէ՝ դուն պիղծ մի՛ համարեր։
16Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ, եւ ապա սփռոցը երկինք վերցուեցաւ։
17Մինչ Պետրոս զարմացումով կը մտածէր, թէ արդեօք ի՛նչ կը նշանակէ իր տեսած այս տեսիլքը, ահա Կոռնելիոսի կողմէ ղրկուած մարդիկը Սիմոնի տունը հարցնելով՝ եկան դրան առջեւ կեցան, 18ձայն տուին եւ հարցուցին.
–Սիմոն Պետրոս կոչուած մարդը այստե՞ղ կը մնայ։
19Մինչ Պետրոս տակաւին տեսիլքին մասին կը խորհէր, Սուրբ Հոգին ըսաւ իրեն.
–Երեք հոգիներ եկած՝ քեզ կը փնտռեն։ 20Ե՛լ, վա՛ր իջիր եւ անոնց հետ գնա՝ առանց վարանելու, որովհետեւ ես ղրկեցի զանոնք։
21Պետրոս վար իջաւ անոնց քով եւ հարցուց.
–Ձեր փնտռած անձը ես եմ. ի՞նչ բանի համար եկեր էք։
22Անոնք պատասխանեցին.
–Մեզ ղրկողը Կոռնելիոս հարիւրապետն է, արդար եւ աստուածավախ մարդ մը, որուն մասին ամբողջ Հրեայ ժողովուրդը կը վկայէ։ Անիկա սուրբ հրեշտակէն հրաման ստացաւ՝ քեզ իր տունը կանչելու եւ քեզմէ լսելու ինչ որ պիտի ըսես։
23Պետրոս զանոնք ներս հրաւիրեց եւ գիշերը իր քով պահեց։
Յաջորդ օր, Պետրոս ելաւ անոնց հետ գնաց։ Իրեն ընկերացան նաեւ Յոպպէի հաւատացեալ եղբայրներէն ոմանք։ 24Միւս օրը Կեսարիա մտան, ուր Կոռնելիոս իր բոլոր ազգականներն ու մտերիմ բարեկամները հաւաքած՝ իրենց գալուն կը սպասէր։ 25Երբ Պետրոս տուն կը մտնէր, Կոռնելիոս զայն դիմաւորեց եւ անոր առջեւ խոնարհութիւն ընելով երկրպագութիւն ըրաւ։
26Պետրոս զայն ոտքի հանեց, ըսելով.
–Ոտքի՛ ել. ես ինքս ալ մարդ եմ։
27Եւ անոր հետ խօսելով մտաւ ներս, ուր հաւաքուած բազմութիւնը տեսաւ 28եւ ըսաւ անոնց.
–Դուք շատ լաւ գիտէք, թէ Հրեայի մը արտօնուած չէ շփում կամ յարաբերութիւն ունենալ օտարազգիի մը հետ։ Բայց Աստուած ինծի ցոյց տուաւ, որ ոեւէ մէկը պիղծ կամ անմաքուր պէտք չէ համարեմ։ 29Ուստի, երբ ետեւէս մարդ ղրկեցիք՝ ելայ եկայ առանց առարկելու։ Բայց հիմա կը հարցնեմ.– Ի՞նչ բանի համար կանչեցիք զիս։
30Կոռնելիոս պատասխանեց.
–Չորս օր առաջ, մօտաւորապէս այս ժամուն, մինչ ժամը երեքի աղօթքը կ՚ընէի տունիս մէջ, ահա փայլուն զգեստներով մարդ մը կեցաւ դիմացս 31եւ ըսաւ. «Կոռնելիո՛ս, Աստուած լսեց աղօթքներդ եւ տեսաւ կատարած ողորմութիւններդ։ 32Ե՛լ, մարդ ղրկէ Յոպպէ եւ կանչել տուր Սիմոնը, որ նաեւ Պետրոս կը կոչուի։ Անիկա հիւրաբար Սիմոն անունով կաշեգործի մը տունը կը մնայ, ծովուն մօտիկ։ Թող գայ եւ խօսի քեզի»։ 33Ես ալ անմիջապէս մարդ ղրկեցի քեզի, եւ շնորհակալ եմ որ եկար։ Հիմա մենք բոլորս Աստուծոյ ներկայութեան կանգնած՝ պատրաստ ենք լսելու ինչ որ Տէրը հրամայած է քեզի։
34Պետրոս սկսաւ ըսել.
–Հիմա ճշմարտապէս կը հասկնամ, որ Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ, 35այլ բոլոր ազգերէն ալ կ՚ընդունի ոեւէ մէկը որ իրմէ կը վախնայ եւ արդար գործեր կը կատարէ։ 36Անիկա իր պատգամը ղրկեց Իսրայէլացիներուն, աւետելով այն խաղաղութիւնը՝ որ պիտի գար Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, որ բոլորին Տէրն է։ 37Դուք արդէն գիտէք այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Գալիլեայէն սկսեալ ամբողջ Հրէաստանի մէջ, Յովհաննէսի կողմէ քարոզուած մկրտութենէն ետք։ 38Կ՚ակնարկեմ Յիսուսի, որ Նազարէթէն էր. Աստուած զայն Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ օծեց, եւ անիկա շրջեցաւ՝ բարիք գործելով եւ Սատանային կողմէ տանջուածները բժշկելով, որովհետեւ Աստուած իր հետն էր։ 39Մենք վկայ ենք այն բոլորին, որ անիկա կատարեց Հրէաստան երկրին եւ Երուսաղէմի մէջ։ Զայն խաչափայտէն կախելով սպաննեցին. 40բայց Աստուած երրորդ օրը յարուցանեց զայն եւ ուզեց որ անիկա երեւի 41ո՛չ թէ ամբողջ ժողովուրդին, այլ մեզի՝ վկաներուս, որ առաջուց ընտրուած էինք Աստուծմէ, եւ Յիսուսի հետ կերանք ու խմեցինք մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետք։ 42Եւ Յիսուս մեզի պատուիրեց՝ ժողովուրդին քարոզել եւ վկայութիւն տալ, թէ ինքն է Աստուծմէ սահմանուած Դատաւորը, որ պիտի դատէ ողջերն ու մեռելները։ 43Բոլոր մարգարէները անոր մասին կը վկայեն, թէ անոր հաւատացողները իրենց մեղքերուն թողութիւն պիտի ստանան անոր անունով։
Հեթանոսները Սուրբ Հոգին կը ստանան եւ կը մկրտուին
44Մինչ Պետրոս կը խօսէր, Սուրբ Հոգին իջաւ բոլորին վրայ, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսէին։ 45Հրէութենէ դարձած հաւատացեալները, որոնք Պետրոսի հետ Յոպպէէն եկած էին, զարմացան որ Սուրբ Հոգիին պարգեւը հեթանոսներուն եւս կը տրուի. 46որովհետեւ կը լսէին թէ ի՛նչպէս անոնք անծանօթ լեզուներով կը խօսէին եւ զԱստուած կը փառաբանէին։ Այն ատեն Պետրոս ըսաւ.
47Ո՞վ կրնայ արգիլել որ ջուրով մկրտուին ասոնք, որոնք Սուրբ Հոգին ստացան մեզի պէս։ 48Եւ հրամայեց անոնց, որ Յիսուս Քրիստոսի անունով մկրտուին։ Իսկ անոնք աղաչեցին իրեն, որ քանի մը օր այնտեղ մնայ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in