YouVersion Logo
Search Icon

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 9

9
ԵՐԿՐԱՅԻՆ ՈՒ ԵՐԿՆԱՅԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
1Արդարեւ առաջին ուխտն ալ ունէր պաշտամունքին կանոններն ու աշխարհային սուրբ տեղը։ 2Վասն զի առաջին խորանը, որ Սրբութիւն կը կոչուէր, այսպէս կազմուած էր։ Անոր մէջ կային աշտանակը ու սեղանը եւ առաջաւորութեան հացը։ 3Եւ երկրորդ վարագոյրին ետեւը այն խորանը՝ որ Սրբութիւն Սրբութեանց կը կոչուէր. 4Որուն մէջ էին ոսկի բուրվառը եւ ուխտին տապանակը՝ ամէն կողմէ ոսկիով պատուած՝ որուն մէջ էր ոսկիէ սափորը մանանայով լեցուն, Ահարոնին գաւազանը, որ ծաղկեցաւ եւ ուխտին տախտակները։ 5Անոր վրայէն փառաց քերովբէները՝ որ քաւութեան վրայ հովանի կ’ընէին, որոնց մասին պէտք չէ հիմա մէկիկ մէկիկ խօսիլ։
6Ասոնք այսպէս կարգադրուած ըլլալով, քահանաները ամէն ատեն առաջին խորանը կը մտնէին՝ պաշտամունք կատարելու. 7Բայց երկրորդը՝ տարին անգամ մը միայն քահանայապետը կը մտնէր, բայց ո՛չ առանց արիւնի, որ իրեն համար ու ժողովուրդին մեղքերուն համար պիտի մատուցանէր. 8Սուրբ Հոգին կը ցուցնէր՝ թէ սրբարանին ճանապարհը յայտնի եղած չէր, քանի որ տակաւին առաջին խորանը կը կենար. 9(Որ օրինակ մըն էր ներկայ ժամանակին համար,) երբ պատարագներ ու զոհեր կը մատուցանուէին, որ խղճմտանքի կողմանէ չէին կրնար կատարեալ ընել պաշտօն մատուցանողը, հապա միայն կերակուրներով ու խմելիքներով 10Եւ կերպ կերպ լուացումներով՝ մարմնական ծիսակատարութիւններ էին, որոնք մինչեւ ուղղութեան ատենը կը կենային։ 11Բայց երբ Քրիստոս եկաւ, գալու բարիքներուն Քահանայապետը, աւելի մեծ ու կատարեալ եւ անձեռագործ խորանով, այսինքն անով որ այս ստեղծուածներէն չէ, 12Ո՛չ ալ նոխազներու ու զուարակներու արիւնով, հապա իր արիւնովը մէկ անգամ սրբարանը մտաւ՝ յաւիտենական փրկութիւն ստանալով։ 13Վասն զի եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը եւ երինջին մոխիրը սրսկուելով՝ պղծեալները կը սրբէր մարմնի մաքրութեան կողմանէ, 14Ալ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսին արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին ձեռքով իր անձը անարատ պատարագ մատուցանեց Աստուծոյ, պիտի սրբէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ կենդանի Աստուածը պաշտելու։
15Ասոր համար ինք նոր ուխտին միջնորդն է, որպէս զի իր մահը առաջին ուխտին ժամանակը գործուած յանցանքներուն քաւութեանը համար եղած ըլլալով, հրաւիրուածները յաւիտենական ժառանգութեան խոստումը առնեն։ 16Քանզի ուր կտակ մը կայ, հարկ է որ կտակ ընողը մեռնի։ 17Վասն զի կտակը մեռնելէն յետոյ հաստատ կ’ըլլայ. քանզի վաւերական չի սեպուիր այնքան ատեն որ կտակը ընողը ողջ է։ 18Անոր համար առաջին ուխտն ալ առանց արիւնի չէր հաստատուեր։ 19Վասն զի երբ Մովսէս օրէնքին բոլոր պատուէրները ժողովուրդին յայտնեց, ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը առնելով՝ ջուրով ու կարմիր բուրդով եւ զոպայով բուն գրքին եւ բոլոր ժողովուրդին վրայ սրսկեց 20Եւ ըսաւ. «Ասիկա է այն ուխտին արիւնը, որ Աստուած ձեզի պատուիրեց»։ 21Եւ խորանին վրայ ու պաշտամունքի բոլոր գործիքներուն վրայ նոյնպէս սրսկեց արիւնը։ 22Գրեթէ ամէն բան արիւնով կը մաքրուի օրէնքին նայելով ու արիւն չթափուած թողութիւն չըլլար։
ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՊԱՏԱՐԱԳՈՒԻԼԸ ՄԵՂՔԸ ԿԸ ՎԵՐՑՆԷ
23Ուստի հարկ էր որ երկնաւոր բաներուն օրինակները ասոնցմով մաքրուէին. ուրեմն բուն երկնաւորները՝ ասոնցմէ աւելի աղէկ զոհերով։ 24Քանզի Քրիստոս ո՛չ թէ ձեռագործ սրբարանը մտաւ, որ ճշմարտին օրինակն է, հապա բուն երկինքը՝ որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ. 25Ո՛չ թէ՝ որպէս զի շատ անգամ իր անձը պատարագ մատուցանէ, ինչպէս քահանայապետը՝ որ ամէն տարի սրբարանը կը մտնէ իրը չեղած արիւնով. 26Ապա թէ ոչ՝ պէտք է ինք աշխարհի սկիզբէն ի վեր շատ անգամ չարչարուէր. բայց հիմա մէկ անգամ դարեր անցնելէ վերջը՝ իր անձին պատարագովը յայտնուեցաւ՝ մեղքը մէկդի ձգելու համար։ 27Եւ ինչպէս մարդոց սահմանուած է մէկ անգամ մեռնիլ ու անկէ ետքը դատաստան, 28Նոյնպէս ալ Քրիստոս մէկ անգամ պատարագ մատուցուեցաւ՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար, բայց երկրորդ անգամին առանց մեղքի պիտի յայտնուի փրկութեան համար անո՛նց՝ որոնք անոր կը սպասեն։

Currently Selected:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 9: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in