YouVersion Logo
Search Icon

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10

10
1Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն է՛, ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը։ Ամէն տարի մատուցուած նոյն զոհերով երբեք չի կրնար կատարեալ ընել զանոնք, որ կը մօտենան։ 2Ապա թէ ոչ՝ պիտի չդադարէի՞ն մատուցուելէն, պաշտամունք մատուցանողներուն մէկ անգամ մաքրուելէն յետոյ ա՛լ մեղքի համար խղճի յանդիմանութիւն չէին ունենար։ 3Բայց անոնցմով ամէն տարի մեղքերու յիշատակութիւն կ’ըլլայ. 4Վասն զի նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը չի կրնար մեղքերը ջնջել։ 5Անոր համար երբ աշխարհ եկաւ, ըսաւ. «Զոհ ու ընծայ չուզեցիր դուն, հապա ինծի մարմին մը պատրաստեցիր։ 6Ողջակէզներու ու մեղքի պատարագներու չհաւնեցար»։ 7Այն ատեն ըսի. «Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։ 8Վերը ըսիր. «Զոհ ու ընծայ եւ ողջակէզներ ու մեղքի պատարագներ չուզեցիր ու անոնց չհաւնեցար, (որոնք օրէնքին համեմատ կը պատրաստուէին)»։ 9Ետքը կ’ըսէ. «Ահա կու գամ ես քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։ Առաջինը կը հերքէ, որպէս զի երկրորդը հաստատէ։ 10Անոր կամքով մենք ալ սրբուեցանք՝ Յիսուս Քրիստոսին մարմնին մէկ անգամ պատարագուելովը։
11Ամէն քահանայ ամէն օր իր պաշտօնին մէջ կը կենայ եւ նոյն զոհերը շատ անգամ կը մատուցանէ, որոնք երբեք չեն կրնար մեղքերը ջնջել. 12Բայց ասիկա մէկ զոհ մատուցանելով մեղքերու համար, մշտնջենապէս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ 13Եւ անկէ յետոյ կը սպասէ, մինչեւ իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան դրուին։ 14Վասն զի մէկ պատարագով մշտնջենապէս կատարեալ ըրաւ սրբուածները։
15Սուրբ Հոգին ալ մեզի վկայութիւն կու տայ, քանզի առաջ ըսուածէն յետոյ. 16«Այս է այն ուխտը՝ որ ես անոնց հետ պիտի ընեմ որ այն օրերէն յետոյ, (կ’ըսէ Տէրը,) իմ օրէնքներս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ ու անոնց մտքին մէջ պիտի գրեմ զանոնք»։ 17Ետքը կ’ըսէ. «Անոնց մեղքերը եւ անոնց անօրէնութիւնները ա՛լ պիտի չյիշեմ»։ 18Ուստի երբ անոնց թողութիւն տրուեցաւ, ա՛լ մեղքի համար պատարագ պէտք չէ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՆԱՆՔ
19Ուրեմն, եղբա՛յրներ, համարձակութիւն ունինք սուրբ տեղը մտնելու Յիսուսին արիւնովը, 20Այն նոր ու կենդանի ճամբովը՝ որ բացաւ մեզի վարագոյրին մէջէն, որ է իր մարմինը 21Եւ մեծ քահանայ մը ունենալով Աստուծոյ տանը վրայ, 22Մօտենանք ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով սրտերնիս չար խիղճէն մաքրուած ու մարմիննիս մաքուր ջրով լուացուած. 23Անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը, վասն զի հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ։ 24Եւ իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով 25Եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք։
26Վասն զի եթէ ճշմարտութեան գիտութիւնը ընդունելէ յետոյ կամաւ մեղք գործելու ըլլանք, ա՛լ անկէ յետոյ մեղքերու համար ուրիշ զոհ չի մնար, 27Հապա զարհուրելի սպասում մը դատաստանին ու կրակի բարկութիւն մը կը մնայ, որ պիտի լափէ հակառակորդները։ 28Մէկը եթէ Մովսէսին օրէնքը անարգէր, առանց ողորմութեան երկու կամ երեք վկաներով՝ կը մեռցուէր. 29Ալ ո՜րչափ սաստիկ պատիժի արժանի պիտի սեպուի կը կարծէք անիկա, որ Աստուծոյ Որդին ոտքի տակ առաւ եւ ուխտին արիւնը անմաքուր սեպեց, որով ինք սրբուեցաւ եւ շնորհներու Հոգին նախատեց։ 30Քանզի կը ճանչնանք զանիկա որ ըսաւ. «Ի՛մս է վրէժխնդրութիւնը, ես պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը եւ դարձեալ. «Տէ՛րը պիտի դատէ իր ժողովուրդը։ 31Սարսափելի բան է կենդանի Աստուծոյ ձեռքը իյնալը»։
32Արդ՝ մտքերնիդ բերէք այն առաջին օրերը, որոնց մէջ լուսաւորուելէ յետոյ շատ սաստիկ չարչարանքներ կրեցիք. 33Երբեմն նախատինքներով ու վիշտերով խայտառակուած, երբեմն ալ այնպիսի վիճակի մէջ եղողներուն միանալով։ 34Վասն զի #10:34 Ոմանք, կապուածներունիմ կապերուս մէջ ինծի՝ ՝ չարչարակից եղաք ու ձեր ստացուածքին կողոպտուիլը ուրախութեամբ ընդունեցիք, գիտնալով որ լաւագոյն եւ մնայուն ստացուածքներ ունիք ձեզի երկինքը։ 35Ուստի ձեզմէ մի՛ ձգէք ձեր վստահութիւնը, որ մեծ վարձքի հատուցում ունի։ 36Վասն զի պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք. 37«Քանզի քիչ մը ատենէն ան որ գալու է՝ պիտի գայ ու պիտի չուշանայ։ 38Եւ Արդարը հաւատքով պիտի ապրի ու եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի»։ 39Բայց մենք ետ չենք քաշուիր որ կորսուինք, հապա կը հաւատանք թէ մեր հոգին պիտի փրկուի։

Currently Selected:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in