YouVersion Logo
Search Icon

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 8

8
ՅԻՍՈՒՍ ՄԵՐ ՄԵԾ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ
1Այս ըսուած խօսքերուն բովանդակութիւնը այս է։ Այնպիսի քահանայապետ մը ունինք մենք՝ որ երկինքը Աստուծոյ մեծութեանը աթոռին աջ կողմը նստաւ. 2Սրբարանին պաշտօնեայ, ճշմարիտ խորանին՝ որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը։ 3Քանզի ամէն քահանայապետ պատարագներ ու զոհեր մատուցանելու համար որոշուած է. ուստի հարկ է որ ասիկա ալ բան մը ունենայ մատուցանելու։ 4Որ եթէ երկրի վրայ ըլլար, քահանայ անգամ պիտի չըլլար, վասն զի կան քահանաներ՝ որոնք պատարագներ կը մատուցանեն օրէնքին համեմատ. 5(Որոնք երկնային բաներուն նմանութիւնովը ու շուքովը կը ծառայեն, ինչպէս Մովսէսին հրամայուեցաւ, երբ խորանը պիտի շինէր. քանզի ըսաւ. «Նայէ որ լեռը քեզի ցուցուած օրինակին պէս շինես.») 6Բայց հիմա Յիսուս ա՛լ աւելի գերազանց պաշտօնի մը հասաւ, որչափ որ լաւագոյն խոստումներով հաստատուած լաւագոյն ուխտի մը միջնորդ է։
7Վասն զի եթէ առաջինը անմեղադրելի ըլլար, ուստի երկրորդը պիտի չփնտռուէր։ 8Ուստի կը յանդիմանէ զանոնք ու կ’ըսէ. «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, երբ Իսրայէլի տանը հետ ու Յուդայի տանը հետ նոր ուխտ պիտի ընեմ. 9Սակայն ո՛չ թէ այն ուխտին պէս՝ որ անոնց հայրերուն հետ ըրի, այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար, վասն զի անոնք իմ ուխտիս մէջ չկեցան, ես ալ անհոգ եղայ անոնց վրայով», կ’ըսէ Տէրը։ 10«Քանզի այս է այն ուխտը՝ որ Իսրայէլի տանը հետ պիտի ընեմ այն օրերէն յետոյ, կ’ըսէ Տէրը. իմ օրէնքներս անոնց մտքին մէջ պիտի դնեմ եւ անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ զանոնք ու ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ 11Ու բնաւ պիտի չսորվեցնէ ոեւէ մէկը իր ընկերին, կամ իր եղբօրը, ըսելով. «Տէրը ճանչցիր». քանզի անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը զիս պիտի ճանչնան. 12Վասն զի ես անոնց անիրաւութիւններուն պիտի ներեմ եւ անոնց մեղքերն ու անօրէնութիւնները ա՛լ պիտի չյիշեմ»։
13Նոր ուխտ ըսելով առաջինը հինցուց ու այն որ կը հիննայ եւ կը ծերանայ, ա՛լ կորուստի կը մօտենայ։

Currently Selected:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 8: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in