YouVersion Logo
Search Icon

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 7

7
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ
1Մելքիսեդեկը Սաղէմի թագաւորն էր, Բարձրեալն Աստուծոյ քահանան՝ որ Աբրահամը դիմաւորեց՝ երբ անիկա թագաւորներուն կոտորածէն կը դառնար ու օրհնեց զանիկա։ 2Աբրահամ ալ անոր տասանորդ տուաւ իր ստացուածքէն. որուն անունը նախ՝ Արդարութեան թագաւոր կը թարգմանուի, ետքը՝ Սաղէմի թագաւոր՝ որ է Խաղաղութեան թագաւոր, 3Առանց հօր, առանց մօր, ազգահամար չունեցող, որուն ո՛չ օրերուն սկիզբը կայ, ո՛չ ալ կեանքին վախճանը եւ Աստուծոյ Որդիին նման ըլլալով, կը կենայ ու կը մնայ միշտ քահանայ։
4Արդ՝ նայեցէ՛ք թէ որչա՜փ մեծ մէկն էր անիկա, որուն Աբրահամ նահապետն ալ տասանորդ տուաւ աւարէն։ 5Ղեւիին որդիներէն եղողները, որոնք քահանայութիւն կ’առնեն, պատուէր ունին որ ժողովուրդէն տասանորդ առնեն օրէնքին համեմատ, այսինքն իրենց եղբայրներէն. թէպէտեւ անոնք Աբրահամին երանքէն ելեր են. 6Բայց անիկա, որուն ազգահամարը անոնցմէ չէր, Աբրահամէն տասանորդ առաւ ու օրհնեց զանիկա՝ որ խոստումներ առած էր։ 7Սակայն անհակառակելի բան մըն է, որ պզտիկը մեծէն կ’օրհնուի։
8Հոս՝ մահկանացու մարդիկ տասանորդ կ’առնեն, բայց հոն՝ անիկա կ’առնէ, որուն համար վկայուած է թէ կենդանի է։ 9Կրնայ ըսուիլ թէ Ղեւին ալ, որ տասանորդ կ’առնէ, Աբրահամին ձեռքով տասանորդ տուաւ. 10Վասն զի տակաւին իր հօրը երանքն էր, երբ Մելքիսեդեկ զանիկա դիմաւորեց։
11Արդ՝ եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեան ձեռքով ըլլար, (որովհետեւ ժողովուրդը անոր ատենը օրէնքին տակ դրուեցաւ,) ալ ի՞նչ պէտք էր որ Մելքիսեդեկի կարգին պէս ուրիշ քահանայ մը ելլէ ու չըսուի Ահարոնի կարգին պէս։ 12Արդ՝ քահանայութիւնը փոխուելուն պէս՝ հարկ էր որ օրէնքն ալ փոփոխութիւն կրէր։ 13Եւ իրաւ եղաւ, վասն զի ան՝ որուն համար այսպէս կ’ըսուի, ուրիշ ցեղի կը պատկանէր եւ որմէ ոչ մէկը սեղանին մօտեցաւ. 14Քանզի յայտնի է թէ Յուդայի ցեղէն յառաջ եկաւ մեր Տէրը։ Այդ ցեղին մասին Մովսէս բան մը չըսաւ քահանայութեան համար։
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿԻՆ ՆՄԱՆ ՈՒՐԻՇ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ ՄԸ
15Ու ա՛լ աւելի յայտնի է որ փոխուեցաւ, քանի որ Մելքիսեդեկի նմանութիւնովը ուրիշ քահանայ մը ելաւ, 16Որ ո՛չ թէ մարմնաւոր պատուէրին պէս եղաւ, հապա անվախճան կեանքին զօրութեանը պէս։ 17Վասն զի կը վկայէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։ 18Քանզի առաջին պատուէրը կը խափանուի իր տկարութեանը ու անշահեկանութեանը համար, 19(Վասն զի օրէնքը բա՛ն մը կատարեալ չըրաւ,) եւ անոր տեղ բերուեցաւ լաւագոյն յոյս մը՝ որով Աստուծոյ կը մօտենանք։
20Որքան որ Յիսուս ոչ թէ առանց երդումի քահանայ եղաւ, (վասն զի անոնք առանց երդումի քահանայ եղած են. 21Բայց ասիկա երդումով՝ անոր ձեռքով որ իրեն ըսաւ. «Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ, Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»,) 22Այնքան աւելի աղէկ ուխտի մը երաշխաւոր եղաւ Յիսուս։
23Շատ քահանաներ եղած են, քանի որ մահը արգելք եղած է, որ անոնք շարունակ քահանայ մնան։ 24Բայց ասիկա յաւիտենական ըլլալուն համար, իր քահանայութիւնը անանցանելի է։ 25Ուստի բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար։
26Վասն զի մեզի ճիշդ այսպիսի քահանայապետ մը կը վայլէր, սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած ու երկնքէն վեր բարձրացած, 27Որուն ամէն օր հարկաւոր չէ՝ ինչպէս միւս քահանայապետներուն՝ նախ իր մեղքերուն համար պատարագ մատուցանել ու ետքը ժողովուրդին մեղքերուն համար. վասն զի ինք մէկ անգամ ըրաւ ասիկա՝ իր անձը պատարագ մատուցանելով։ 28Վանս զի օրէնքը տկարութիւնով պաշարուած մարդիկը քահանայապետ կը կարգէ, բայց երդումին խօսքը՝ որ օրէնքէն յետոյ էր, Որդին՝ որ յաւիտեան կատարեալ է։

Currently Selected:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 7: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in