YouVersion Logo
Search Icon

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 6

6
1Ուստի Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք, առանց նորէն հիմ ձգելով մեռած գործերէն ապաշխարելու, առ Աստուած հաւատք ունենալու, 2Մկրտութիւններուն վարդապետութեանը, ձեռք դնելուն, մեռելներուն յարութեանը, յաւիտենական դատաստանին։ 3Ասոնք պիտի ընենք՝ եթէ Աստուած հրաման տայ 4Վասն զի անհնար է մէկ անգամ լուսաւորուածներուն՝ որոնք երկնաւոր պարգեւին համը առին, Սուրբ Հոգիին հաղորդակից եղան, 5Աստուծոյ բարի խօսքին ու գալու աշխարհին զօրութիւններուն համը առին 6Որ եթէ իյնան՝ նորէն ապաշխարութիւնով նորոգուին. որովհետեւ կրկին Աստուծոյ Որդին խաչը կը հանեն իրենց անձին ու կը խայտառակեն։ 7Վասն զի այն երկիրը, որ իր վրայ շատ անգամ եկած անձրեւը կը խմէ եւ արդիւնք կը բերէ պիտանի անոնց՝ որոնց համար կը մշակուի, Աստուծմէ օրհնութիւն կ’ընդունի. 8Բայց այն որ փուշեր ու տատասկներ կ’աճեցնէ՝ անպիտան է ու անէծքի արժանի եւ պիտի այրուի։ 9Իսկ մենք, սի՛րելիներ, ձեր վրայով լաւագոյն եւ փրկութեան վերաբերեալ յոյսեր ունինք, թէեւ այսպէս կը խօսինք։ 10Քանզի Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք։
11Բայց մենք կը բաղձանք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը նոյն ջանքը ցուցնէ յոյսը հաստատելու՝ մինչեւ վերջը։ 12Որպէս զի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա՝ նմանիք անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՍՏԱՏ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
13Վասն զի երբ Աստուած Աբրահամին խոստում ըրաւ, որովհետեւ իրմէ մեծը չկար՝ որ անոր վրայ երդում ընէր, 14Իր անձին վրայ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Այո՛, օրհնելով պիտի օրհնեմ քեզ ու շատցնելով պիտի շատցնեմ քեզ»։ 15Եւ Աբրահամ համբերելով խոստումին հասաւ։ 16Քանզի մարդիկ իրենցմէ մեծին վրայ երդում կ’ընեն ու անոնց բոլոր հակառակութեանը հաստատ վճիռ տուողը երդումն է։ 17Որով Աստուած իր խորհուրդին անփոփոխ ըլլալը ա՛լ աւելի ցուցնել ուզելով խոստումին ժառանգորդներուն, երդում ըրաւ. 18Որպէս զի երկու անփոփոխելի բաներով, որոնք կը ցուցնեն թէ՝ անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի, հաստատուն մխիթարութիւն ունենանք մենք, որ ապաստան գտանք մեր առջեւ դրուած յոյսը ամուր բռնելու, 19Որ ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին, որ վարագոյրին ներսի կողմն ալ կը մտնէ. 20Ուր Յիսուս իբրեւ առաջնորդ մտաւ մեզի համար՝ յաւիտենական Քահանայապետ ըլլալով Մելքիսեդեկին կարգին պէս։

Currently Selected:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 6: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in