YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10

10
ՊՕՂՈՍ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1Ես՝ Պօղոսս՝ ձեզի կ’աղաչեմ Քրիստոսին հեզութիւնովն ու քաղցրութիւնովը, որ երես առ երես գտնուած ատենս խոնարհ եմ ձեր մէջ, բայց հեռուէն համարձակ կը խօսիմ. 2Կ’աղաչեմ որ չըլլայ թէ մօտէն ալ համարձակիմ այն վստահութիւնովը՝ որով միտք ունիմ ցուցնել մէկ քանիներուն, որոնք մեր վրայով այնպէս կը կարծեն թէ մարմնաւորապէս կը քալենք։ 3Քանզի թէպէտ մարմինով կը քալենք, բայց ո՛չ թէ մարմնաւորապէս զինուորութիւն կ’ընենք, 4Վասն զի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու։ 5Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները ու բոլոր մտքերը Քրիստոսին կը հնազանդեցնենք եւ գերի կ’ընենք։ 6Պատրաստ ենք վրէժ առնելու ամէն անհնազանդութենէ, որպէս զի ձեր հնազանդութիւնը կատարեալ ըլլայ։ 7Դուրսի երեւոյթի՞ն կը նայինք։ Կա՞յ մէկը որ վստահ ըլլայ իր անձին վրայ՝ թէ ինք Քրիստոսինն է։ Ան նորէն ինքնիրմէ թող խորհի՝ թէ ինչպէս ինք Քրիստոսինն է, այնպէս ալ մենք#10:7 Ոմանք կ’աւելցնեն, Քրիստոսին ենք։ 8Քանզի եթէ աւելի ալ պարծենալու ըլլամ այն մեր իշխանութեանը համար՝ որ Տէրը մեզի տուաւ՝ ձեզ շինելու եւ ոչ թէ քակելու համար, պիտի չամչնամ. 9Որպէս զի այնպէս չսեպուիմ, որպէս թէ ես թուղթերովս ձեզի վախ կը պատճառեմ. 10Քանզի «Անոր թուղթերը, կ’ըսէ մէկը, ծանր ու զօրաւոր են, բայց անոր մարմնին երեւոյթը տկար է ու խօսքը՝ անարգ»։ 11Այնպիսին թող խորհի, թէ մենք հեռուէն ի՛նչպէս ենք խօսքով ու թուղթերով, մօտեն ալ նո՛յնպէս պիտի ըլլանք գործով։ 12Վասն զի մենք չենք համարձակիր մեր անձը կշիռքի դնել ու բաղդատել ոմանց հետ, որ ինքզինքնին կը գովեն. բայց իրարմով իրենց անձերը կը չափեն եւ զիրենք իրարու հետ բաղդատելով՝ չեն հասկնար։ 13Բայց մենք չափէ դուրս բաներով պիտի չպարծենանք, հապա այն կանոնին չափովը՝ որ Աստուած մեզի բաժին տուաւ մինչեւ ձեզի հասնելու. 14Ո՛չ թէ որպէս թէ մենք ձեզի հասած չենք ու ինքզինքնիս չափէն աւելի կ’երկնցնենք, վասն զի Քրիստոսին աւետարանովը մինչեւ ձեզի հասանք։ 15Եւ ո՛չ թէ չափէ դուրս բաներով՝ ուրիշներուն աշխատանքովը կը պարծենանք՝ հապա յոյս ունինք, որ ձեր հաւատքը աւելնալուն՝ մեր գործին չափովը ձեզմէ աւելի ընդարձակուինք, 16Ձեզմէ անդին աւետարանը քարոզելու եւ ո՛չ թէ պատրաստ բաներու վրայ պարծենալու ուրիշի մը գործով։ 17Բայց ան որ կը պարծենայ՝ թող Տէրոջմով պարծենայ։ 18Վասն զի ո՛չ թէ ան որ իր անձը կը գովէ՝ անիկա է ընտրուածը, հապա ան՝ որ Տէրը կը գովէ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in