YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 11

11
ՊՕՂՈՍ ԵՒ ԿԵՂԾ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ
1Երանի՜ թէ քիչ մը ներէիք իմ անմտութեանս եւ իրաւցընէ հանդուրժէիք ինծի։ 2Վասն զի ձեզի հանդէպ աստուածային նախանձ մը ունիմ։ Վասն զի ես ձեզ էրկան մը նշանեցի՝ մաքուր կոյսի մը պէս Քրիստոսին առջեւ հանելու։ 3Միայն թէ կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն։ 4Վասն զի եթէ մէկը գալու ըլլայ եւ ուրիշ Յիսուս մը քարոզէ՝ որ մենք չքարոզեցինք, կամ ուրիշ հոգի առնէք՝ որ մեզմէ չառիք, կամ ուրիշ աւետարան՝ որ մեզմէ չէք ընդունած, այնպիսիներուն ալ աղէկ կը հանդուրժէիք։ 5Քանզի ես այսպէս կը սեպեմ՝ թէ ամենէն երեւելի առաքեալներէն բանով մըն ալ պակաս չեմ։ 6Թէպէտ խօսքի մէջ անվարժ եմ, բայց ո՛չ գիտութեան կողմէ. սակայն ամէն բանի մէջ բոլորովին անձերնիս ձեզի յայտնի ցուցուցինք։ 7Միթէ յանցա՞նք գործած եղայ՝ որ Աստուծոյ աւետարանը ձեզի ձրի քարոզելով իմ անձս խոնարհեցուցի, որպէս զի դուք բարձրանաք, 8Ուրիշ եկեղեցիներ կողոպտեցի, անոնցմէ թոշակ առնելով ձեզի ծառայելու համար։ 9Ձեր քով գտնուած ատենս երբ պակասութիւն ունեցայ, ձեզմէ մէկո՛ւն ձանձրութիւն չտուի. վասն զի իմ պակասութիւնս լեցուցին Մակեդոնիայէն եկող եղբայրները եւ ամէն կերպով ձեզի ծանրութիւն տալէ զգուշացայ ու պիտի զգուշանամ ալ։ 10Քրիստոսին ճշմարտութիւնը իմ ներսիդիս է, որ այս իմ պարծենալս պիտի չխափանուի Աքայիայի կողմերն ալ։ 11Ինչո՞ւ. որպէս թէ չե՞մ սիրեր ձեզ։ Ատիկա Աստուած գիտէ։ 12Բայց ինչ որ ըրի, պիտի ընեմ ալ, որպէս զի առիթ չտամ անոնց՝ որոնք պատճառ կը փնտռեն, որպէս զի պարծենան թէ իրենք ալ մեզի պէս են։ 13Վասն զի այնպիսիները՝ սուտ առաքեալներ, խաբեբայ բանուորներ ըլլալով՝ Քրիստոսին առաքեալներուն կերպարանքը իրենց վրայ կ’առնեն։ 14Եւ զարմանալի չէ. վասն զի Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ։ 15Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր պաշտօնեաներն ալ արդարութեան պաշտօնեաներուն կերպարանքը առնեն։ Իրենց վերջը իրենց գործերուն համեմատ պիտի ըլլայ։
ՊՕՂՈՍԻՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ ԻԲՐ ԱՌԱՔԵԱԼ
16Դարձեալ կ’ըսեմ, ոչ ոք զիս անմիտ թող սեպէ, բայց գոնէ անմիտի մը պէս զիս ընդունեցէք, որպէս զի ես ալ քիչ մը պարծենամ։ 17Ինչ որ ես կը խօսիմ, ո՛չ թէ Տէրոջը կամքին պէս կը խօսիմ, հապա որպէս թէ անմտութիւնով մը՝ այդ պարծենալուն վստահութիւնովը։ 18Որովհետեւ շատեր մարմնի կողմանէ կը պարծենան, ես ալ պիտի պարծենամ։ 19Քանզի դուք իմաստուն ըլլալով յօժարութեամբ կը համբերէք անմիտներուն։ 20Կը համբերէք, նոյնիսկ եթէ մէկը ձեզ ծառայեցնէ, եթէ մէկը ձեր ստացուածքը ուտէ, եթէ մէկը ձեզմէ բան մը առնէ, եթէ մէկը ձեր վրայ հպարտանայ, եթէ մէկը ձեր երեսին զարնէ։ 21Ամչնալով կը խօսիմ, իբր թէ մենք տկար էինք, բայց ինչ բանով որ կը համարձակի մէկը պարծենալ, (անմտութեամբ կը խօսիմ,) ե՛ս ալ կը համարձակիմ։ 22Անոնք Եբրայեցի՞ են, ե՛ս ալ։ Իսրայէլացի՞ են, ե՛ս ալ։ 23Աբրահամի՞ն սերունդէն են, ե՛ս ալ։ Քրիստոսի՞ն պաշտօնեաներ են, (յիմարաբար կը խօսիմ,) ա՛լ աւելի ես։ Աշխատանքներով՝ աւելի, ծեծերով՝ ա՛լ աւելի, բանտարկութիւններով՝ աւելի, մահուան վտանգներով՝ շատ անգամ։ 24Հրեաներէն հինգ անգամ քառասունէն մէկ պակաս ծեծ կերայ։ 25Երեք անգամ ձաղկով ծեծուեցայ։ Մէկ անգամ քարկոծուեցայ։ Երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպեցայ։ Գիշեր մը ու ցորեկ մը ծովուն անդունդը մնացի։ 26Շատ անգամ ճամբորդութիւններու մէջ չարչարուեցայ. գետերէն՝ վտանգներ, աւազակներէն՝ վտանգներ, իմ ազգէս՝ վտանգներ, հեթանոսներէն՝ վտանգներ, քաղաքի մէջ՝ վտանգներ, անապատի մէջ՝ վտանգներ, ծովու վրայ՝ վտանգներ՝ սուտ եղբայրներու մէջ վտանգներ կրեցի։ 27Ջանքի ու աշխատանքի մէջ, շատ անգամ անքուն գիշերներու, անօթութեան ու ծարաւի մէջ, շատ անգամ ծոմ կենալու մէջ, ցուրտի ու մերկութեան մէջ էի։ 28Մոռնանք արտաքին նեղութիւնները։ Ամէն օրուան զբաղումները, բոլոր եկեղեցիներուն հոգը վրաս կը դիզուէր։ 29Ո՞վ կը տկարանայ ու ես չեմ տկարանար։ Ո՞վ կը գայթակղի ու իմ սիրտս չայրիր։ 30Եթէ պարծենալ պէտք ըլլայ, միայն տկարութեանս բաներուն վրայ կրնամ պարծենալ։ 31Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ յաւիտեան օրհնեալ է, գիտէ թէ սուտ չեմ խօսիր։ 32Դամասկոսի մէջ Արետա թագաւորին ազգապետը զիս բռնելու համար՝ դռներուն քով պահապաններ դրեր էր։ 33Զիս պատուհանէ մը զամբիւղով պարիսպէն վար իջեցուցին ու անոր ձեռքէն փախայ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in