YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12

12
ՊՕՂՈՍԻՆ ՏԵՍԻԼՔՆԵՐԸ ԵՒ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1Պարծենալը #12:1 Ոմանք, պէտք է, բայցիրաւցընէ անօգուտ է. միայն թէ Տէրոջը տեսիլքներուն ու յայտնութիւններուն հասնիմ։ 2Մարդ մը կը ճանչնայի Քրիստոսով, որ տասնըչորս տարի առաջ (մարմինո՞վ էր՝ չեմ գիտեր, կամ առա՞նց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ), յափշտակուեցաւ մինչեւ երրորդ երկինքը։ 3Ու կը ճանչնայի ուրիշ մարդ մը, (մարմնո՞վ թէ առանց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ) 4Որ դրախտ յափշտակուեցաւ ու լսեց անպատմելի խօսքեր, որոնց մասին արժան չէ խօսիլ։ 5Ես այնպիսիին համար պիտի պարծենամ. բայց իմ անձիս համար պիտի չպարծենամ, հապա միայն տկարութեանս վրայ։ 6Վասն զի եթէ պարծենալ ալ ուզեմ, անմիտ պիտի չըլլամ, որովհետեւ շիտակը պիտի խօսիմ. բայց կը խնայեմ խօսքս՝ որ չըլլայ թէ մէկը իմ վրաս աւելի համարում ունենայ, քան որչափ իմ վրաս կը տեսնէ կամ ինծմէ կը լսէ։ 7Որպէս զի չըլլայ որ ես հպարտանամ խիստ շատ յայտնութիւններուն համար։ Ինծի մարմնի խայթոց մը տրուեցաւ, Սատանայի հրեշտակ մը, զիս նեղելու համար, որպէս զի չըլլայ թէ հպարտանամ։ 8Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը, որ մէկդի ընէ ինծմէ։ 9Ու ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։ 10Անոր համար համաձայնած եմ տկարութիւններու, նախատինքներու, տառապանքներու, հալածանքներու եւ նեղութիւններու՝ Քրիստոսին համար, վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ։
ՊՕՂՈՍԻՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ
11Ես անմիտ եղայ #12:11 Ոմանք չունինպարծենալով։ Դուք ստիպեցիք զիս. վասն զի պէտք էր ձեզմէ վկայութիւն առնէի, քանզի ես երեւելի առաքեալներէն բանով մը պակաս չգտնուեցայ, թէեւ ես ոչինչ եմ։ 12Յիրաւի ձեր մէջ առաքեալի նշաններ գործուեցան ամէն համբերութիւնով, նշաններով եւ սքանչելիքներով ու զօրութիւններով։ 13Վասն զի ալ ի՞նչ կայ, որով պակաս գտնուեցաք ուրիշ եկեղեցիներէ, միայն անով՝ որ ես ձեզի ձանձրութիւն չտուի։ Ներեցէ՛ք ինծի այդ յանցանքը։
14Ահա այս երրորդ անգամն է որ կը պատրաստուիմ ձեզի գալու. բայց ես ձեզի ձանձրութիւն պիտի չտամ, վասն զի ձեր ունեցածը չեմ փնտռեր, հապա՝ ձեզ. որովհետեւ որդիները պարտաւոր չեն ծնողքներուն համար բան դիզել, հապա ծնողքները՝ որդիներուն համար։ 15Ես մեծ յօժարութեամբ ծախք պիտի ընեմ ու ծախք պիտի ըլլամ ալ ձեր անձերուն համար, թէպէտեւ ձեզ աւելի սիրելովս ձեզմէ քիչ սիրուիմ ալ։
16Սակայն ես ձեզի ծանրութիւն մը չտուի, բայց գուցէ մէկը ըսէ թէ խորագէտ ըլլալովս նենգութեամբ ձեզ բռնեցի։ 17Միթէ իմ ձեզի ղրկածներէս մէկուն ձեռքով ձեզմէ բան մը քաշեցի՞։ 18Տիտոսին աղաչեցի ու անոր հետ այն եղբայրը ղրկեցի. միթէ Տիտոս ձեզմէ բան մը քաշե՞ց. չէ՞ որ երկուքս ալ նոյն հոգիով քալեցինք, չէ՞ որ նոյն ճամբով պտըտեցանք։
19Դարձեալ, կը կարծէք թէ ձեր առջեւ ջատագովութի՞ւն կ’ընենք մեր անձերուն. Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսով կը խօսինք։ Ամէն բան, սիրելիներ, ձեր շինութեանը համար է. 20Քանզի կը վախնամ որ չըլլայ թէ երբ գամ՝ ձեզ ուզածիս պէս չգտնեմ եւ ես ալ ձեզի ձեր ուզածին պէս չգտնուիմ. չըլլայ թէ ձեր մէջ գտնուին վէճեր, նախանձներ, սրտմտութիւններ, կամ գրգռութիւններ, չարախօսութիւններ, բանսարկութիւններ, ամբարտաւանութիւններ, խռովութիւններ. 21Չըլլայ թէ երբ նորէն գամ, իմ Աստուածս զիս նկուն ընէ ձեր քով ու սուգ ընեմ շատերուն համար, որոնք առաջուընէ մեղք գործեցին ու չապաշխարեցին իրենց գործած պղծութեանը եւ պոռնկութեանը ու գիջութեանը վրայ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in