YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9

9
ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ
1Սուրբերուն տրուելիք օգնութեան վրայ աւելորդ է ձեզի գրել։ 2Վասն զի գիտեմ ես ձեր յօժարութիւնը, որուն համար կը պարծենամ ձեզի համար Մակեդոնացիներուն մէջ, թէ Աքայեցիները անցած տարուընէ ի վեր պատրաստ են։ Ասիկա շատերուն բարի նախանձը գրգռեց։ 3Եւ ահա եղբայրներս ղրկեցի, որպէս զի մեր ձեզի համար պարծենալը այդ մասին մէջ պարապ չելլէ, հապա պատրաստ գտնուիք, ինչպէս ըսեր եմ. 4Որ չըլլայ թէ երբ Մակեդոնացիները ինծի հետ գան ու ձեզ անպատրաստ գտնեն, մենք (որ չըսենք թէ դուք) ամօթով մնանք այս #9:4 Ոմանք չունինպարծանքին վստահութեանը մէջ։ 5Ուստի հարկաւոր սեպեցի եղբայրներուն աղաչել, որ առաջուընէ ձեզի գան ու ժամանակին կարգի դնեն ձեր խոստացած ընծան, որպէս զի պատրաստ ըլլայ, այնպէս որ մասնաւոր ընծայի պէս ըլլայ, ո՛չ թէ ակամայ տրուածի պէս։ 6Բայց ասիկա կ’իմացնեմ թէ՝ ան որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով պիտի հնձէ ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ։ 7Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ։ 8Բայց կարող է Աստուած բոլոր շնորհքները ձեզի տալ, որպէս զի ամէն բանի մէջ ամէն ատեն բոլոր ձեզի պէտք եղածը ունենալով՝ բարիք գործէք առատութեամբ. 9Ինչպէս գրուած է. «Տարածեց ու աղքատներուն տուաւ։ Անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։ 10Եւ անիկա որ սերմ ցանողին սերմ կը պարգեւէ #9:10 Ոմանք, կերակուրի համար հաց ալ պիտի պարգեւէ եւ ձեր սերմանելիքը պիտի աւելցնէեւ կերակուրի համար՝ հաց, ձեզի սերմանելիք պիտի պարգեւէ եւ աւելցնէ՝ ՝ ու ձեր արդարութեան պտուղները #9:10 Ոմանք, պիտի շատցնէշատցնէ. 11Որպէս զի ամէն բանի մէջ հարստանաք ամէն կերպ առատութիւնով, որ մեր ձեռքով պիտի մղէ գոհութիւն տալ Աստուծոյ։ 12Վասն զի այս պաշտօնին մատակարարութիւնը ո՛չ միայն սուրբերուն պակասութիւնը լեցնելու համար է, հապա որ աւելի շատ գոհանան Աստուծմէ։ 13Այս պաշտօնին փորձովը Աստուած պիտի փառաւորեն՝ Քրիստոսին աւետարանը խոստովանելու հնազանդութեանը համար եւ այն առատաձեռնութեանը համար՝ որով հաղորդակցութիւն կ’ընէք անոնց ու ամենուն հետ. 14Եւ անոնք ձեզի համար պիտի աղօթեն ձեզի ցանկալով՝ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար որ ձեզի տրուած է։ 15Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in