YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 8

8
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄ
1Արդ, եղբայրնե՛ր, ձեզի կը ցուցնենք Աստուծոյ շնորհքը, որ Մակեդոնացիներու եկեղեցիներուն տրուած է. 2Որ նեղութեան մեծ փորձին մէջ իրենց ուրախութիւնը աւելցաւ եւ իրենց ծանր աղքատութեանը մէջ աւելի մեծ առատաձեռնութեան մղուեցան։ 3Վասն զի ես կը վկայեմ թէ իրենց կարողութեան չափովը ու կարողութենէն ալ աւելի յօժարակամութեամբ, 4Կ’աղաչէին որ տուրքերը ու սուրբերուն համար եղած օգնութեան մասնակցութիւնը ընդունինք։ 5Ոչ միայն որչափ մենք կը յուսայինք, հապա անձերնին ալ տուին առաջ՝ Տէրոջը ու ետքը՝ մեզի՝ Աստուծոյ կամքովը։ 6Տիտոսին ալ աղաչեցինք, որ ինչպէս անիկա առաջուընէ սկսաւ, նոյնպէս ալ ձեր մէջ կատարէ այդ շնորհքն ալ։ 7Բայց ինչպէս ամէն բանով առատացած էք դուք, (հաւատքով ու խօսքով ու գիտութիւնով եւ ամէն ջանքով ու մեր վրայ եղած ձեր սիրովը,) նայեցէք որ այդ շնորհքով ալ առատանաք. 8Ո՛չ թէ հրամայելով կը խօսիմ, հապա ուրիշներուն ջանքը տեսնելով, որպէս զի փորձեմ ձեր սիրոյն հարազատութիւնը։ 9Քանզի դուք գիտէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը, թէ ինք ձեզի համար աղքատ եղաւ՝ ան որ հարուստ էր, որպէս զի դուք անոր աղքատանալովը հարստանաք։ 10Եւ այս բանին համար խրատ կու տամ. վասն զի ասիկա ձեր օգտին համար է, դուք որ ոչ թէ միայն ընելը, հապա կամենալն ալ առաջուընէ սկսեցաք՝ անցած տարուընէ ի վեր. 11Ուստի հիմա ընելն ալ կատարեցէք, որպէս զի ինչպէս կամքի յօժարութիւն կայ, նոյնպէս ալ ընելը ձեր ունեցածներուն չափովը ըլլայ։ 12Վասն զի եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը 13Վասն զի ոչ թէ ես ուրիշներուն հանգստութիւն կ’ուզեմ ու ձեզի՝ նեղութիւն. 14Հապա հաւասարութիւն։ Այսօրուան ձեր աւելին անոնց պակասութիւնը լեցնէ, որպէս զի անոնց աւելին ալ օր մը լեցնէ ձեր պակասութիւնը, որպէս զի հաւասարութիւն ըլլայ։ 15Ինչպէս գրուած է. «Ան որ շատ ժողվեց՝ չաւելցաւ ու ան որ քիչ՝ չպակսեցաւ»։
ՏԻՏՈՍ ԵՒ ԻՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ
16Գոհութիւն Աստուծոյ, որ Տիտոսը կը բաղձայ մեզի նման ձեզի օգնել։ 17Վասն զի մեր աղաչանքը ընդունեց եւ յօժարեցաւ իր կամքովը ձեզի գալու։ 18Անոր հետ ղրկեցինք այն եղբայրը, որուն գովութիւնը աւետարանին մէջ է՝ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ 19Եւ ոչ միայն այսքան, հապա նաեւ եկեղեցիներէն ընտրուեցաւ մեզի ճամբորդութեան ընկեր ըլլալու այս տուրքերուն մէջ, որ մենք կը ծառայենք Տէրոջը փառքին համար ու #8:19 Ոմանք, մերձեր յօժարութիւնովը։ 20Բայց այս մասին զգուշութիւն կ’ընէինք, որ չըլլայ թէ մէկը արատ մը դնէ մեր վրայ այս առատութեանը մէջ, որուն մենք կը ծառայենք։ 21Քանզի ո՛չ միայն Տէրոջը առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ բարի բաներ ընելու հոգ կը տանինք։ 22Անոնց հետ մեր եղբայրը ղրկեցինք, որ շատ բաներու մէջ փորձելով՝ շատ անգամ յօժարամիտ գտեր ենք ու հիմա ա՛լ աւելի յօժարամիտ՝ այն մեծ վստահութիւնով որ ձեր վրայ ունի։ 23Բայց եթէ Տիտոսին համար կը հարցնէք, անիկա իմ ընկերս է եւ ձեր մէջ իմ գործակիցս. իսկ եթէ մեր եղբայրներուն համար՝ անոնք եկեղեցիներուն ղրկուածներն են ու Քրիստոսին փառքը։ 24Ուստի ձեր սիրոյն եւ մեր ձեր վրայով պարծենալուն ապացոյցը ատոնց վրայ ցուցուցէք՝ եկեղեցիներուն առջեւ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in