YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2

2
ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԵՐ ՕԳՆԱԿԱՆՆ Է
1Որդեակներս, այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէս զի մեղք չգործէք եւ եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։ 2Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ։
3Եթէ անոր պատուիրանքները պահենք, այն ատեն կը գիտնանք թէ զանիկա կը ճանչնանք։ 4Ան որ կ’ըսէ թէ «Ես զանիկա ճանչցայ» ու անոր պատուիրանքները չի պահեր, ստախօս է ու անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ 5Բայց ան որ անոր խօսքը կը պահէ, իրաւցընէ անոր մէջ կատարեալ է Աստուծոյ սէրը ու ատով կը ճանչնանք թէ անոր մէջ ենք։ 6Ան որ կ’ըսէ թէ «Անոր մէջ կը բնակի», այնպէս պէտք է քալէ՝ ինչպէս անիկա քալեց։
ՆՈՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔԸ
7 # 2:7 Ոմանք, Սիրելիներ Ե՛ղբայրներ, ոչ թէ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, հապա այն հին պատուիրանքը որ սկիզբէն ունէիք։ Հին պատուիրանքը այն խօսքն է, որ դուք սկիզբէն լսեցիք։ 8Դարձեալ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, որ ճշմարիտ է անոր մէջ ու ձեր մէջ. վասն զի խաւարը կ’անցնի ու ճշմարիտ լոյսը արդէն կ’երեւնայ։ 9Ան որ կ’ըսէ թէ լոյսի մէջ է ու իր եղբայրը կ’ատէ, անիկա տակաւին խաւարի մէջ է։ 10Ան որ իր եղբայրը կը սիրէ, լոյսի մէջ կը բնակի ու իր մէջ գայթակղութիւն չկայ. 11Բայց ան որ իր եղբայրը կ’ատէ խաւարի մէջ է ու խաւարի մէջ կը քալէ ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ, վասն զի խաւարը անոր աչքերը կուրցուցեր է։
12Կը գրեմ ձեզի, ո՛րդեակներ, վասն զի ձեր մեղքերը թողուած են անոր անուան համար։ 13Կը գրեմ ձեզի, հա՛յրեր, վասն զի դուք ճանչցաք զանիկա, որ սկիզբէն է։ Կը գրեմ ձեզի, երի՛տասարդներ, վասն զի դուք չարին յաղթեցիք։ 14Կը գրեմ ձեզի, տղա՛քներ, վասն զի դուք ճանչցաք Հայրը։ Գրեցի ձեզի, հա՛յրեր, վասն զի դուք ճանչցաք զանիկա որ սկիզբէն է։ Գրեցի ձեզի, երի՛տասարդներ, վասն զի դուք ուժով էք եւ Աստուծոյ խօսքը ձեր մէջ կը բնակի ու չարին յաղթեցիք։ 15Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ 16Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։ 17Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ։
ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ԹՇՆԱՄԻՆ
18Ո՛րդեակներ, վերջին ժամանակն է ու ինչպէս լսեցիք՝ Նեռը պիտի գայ եւ արդէն շատ նեռեր եկած են, ատկէ կ’իմանանք թէ վերջին ժամանակն է։ 19Մեզմէ ելան ոմանք՝ բայց մեզմէ չէին. վասն զի եթէ մեզմէ ըլլային, մեզի հետ պիտի մնային։ Բայց մեզմէ ելան, որպէս զի յայտնի ըլլայ թէ անոնք ամէնքը մեզմէ չէին։ 20Սակայն դուք օծութիւն ունիք Սուրբէն ու ամէն բան գիտէք։ 21Չգրեցի ձեզի՝ իբր թէ ճշմարտութիւնը չէք գիտեր, հապա գիտէք զանիկա ու նաեւ թէ՝ ամէն ստութիւն ճշմարտութենէն չէ։ 22Ո՞վ է ստախօս, եթէ ոչ ան, որ կ’ուրանայ թէ Յիսուս Քրիստոսն է. անիկա է Նեռը որ կուրանայ Հայրն ու Որդին։ 23Ամէն ով որ կ’ուրանայ Որդին, անիկա Հայրն ալ չընդունիր. [բայց ան որ կ’ընդունի Որդին, անիկա Հայրն ալ կ’ընդունի։] 24Ուրեմն ինչ որ դուք սկիզբէն լսեցիք, թող անիկա ձեր մէջ բնակի. եթէ այն սկիզբէն լսածնիդ ձեր մէջ բնակի, դուք ալ Որդիին ու Հօրը մէջ պիտի բնակիք։ 25Եւ ասիկա է այն խոստումը, որ ինք ձեզի խոստացաւ, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքը։ 26Այս բաները ձեզի գրեցի՝ ձեզ մոլորեցնողներուն համար, 27Որպէս զի այն օծութիւնը, որ դուք իրմէ ընդունեցիք՝ ձեր մէջ մնայ։ Պէտք չէ որ մէկը ձեզի սորվեցնէ. արդէն նոյն օծութիւնը ձեզի կը սորվեցնէ ամէն բան որ ճշմարիտ է ու սուտ չէ։ Ինչպէս անիկա ձեզի սորվեցուց, անոր մէջ կեցէք։
28Ու հիմա, որդեա՛կներ, անոր մէջ կեցէք, որպէս զի, երբ անիկա յայտնուի, մենք համարձակութիւն ունենանք ու անկէ չամչնանք Իր գալու ատենը։ 29Քանի որ գիտէք թէ անիկա արդար է, ուրեմն կ’իմանաք թէ ամէն ով որ արդարութիւն կը գործէ, անկէ ծնած է։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in