1
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:15-16
Western Armenian Bible 1853
Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։
Compare
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:15-16
2
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:17
Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:17
3
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:6
Ան որ կ’ըսէ թէ «Անոր մէջ կը բնակի», այնպէս պէտք է քալէ՝ ինչպէս անիկա քալեց։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:6
4
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:1
Որդեակներս, այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէս զի մեղք չգործէք եւ եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:1
5
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:4
Ան որ կ’ըսէ թէ «Ես զանիկա ճանչցայ» ու անոր պատուիրանքները չի պահեր, ստախօս է ու անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:4
6
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:3
Եթէ անոր պատուիրանքները պահենք, այն ատեն կը գիտնանք թէ զանիկա կը ճանչնանք։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:3
7
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:9
Ան որ կ’ըսէ թէ լոյսի մէջ է ու իր եղբայրը կ’ատէ, անիկա տակաւին խաւարի մէջ է։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:9
8
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:22
Ո՞վ է ստախօս, եթէ ոչ ան, որ կ’ուրանայ թէ Յիսուս Քրիստոսն է. անիկա է Նեռը որ կուրանայ Հայրն ու Որդին։
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:22
9
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:23
Ամէն ով որ կ’ուրանայ Որդին, անիկա Հայրն ալ չընդունիր. [բայց ան որ կ’ընդունի Որդին, անիկա Հայրն ալ կ’ընդունի։]
Explore ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:23
Home
Bible
Plans
Videos