ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 3
3
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴԻՆԵՐԸ
1Տեսէ՛ք, Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի, որպէս զի մենք Աստուծոյ որդիներ կոչուինք. ասոր համար աշխարհ մեզ չի ճանչնար, վասն զի զանիկա ալ չճանչցաւ։ 2Սի՛րելիներ, հիմա մենք Աստուծոյ որդիներն ենք եւ տակաւին յայտնի չէ թէ ի՞նչ պիտի ըլլանք. բայց գիտենք թէ երբ անիկա յայտնուի, անոր պէս պիտի ըլլանք. վասն զի զանիկա պիտի տեսնենք՝ ինչպէս որ է։
3Ամէն ով որ այս յոյսը անոր վրայ ունի, ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս անիկա մաքուր է։ 4Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա անօրէնութիւն ալ կը գործէ եւ բուն մեղքը անօրինութիւն է։ 5Եւ գիտէք թէ անիկա յայտնուեցաւ, որպէս զի մեր մեղքերը վերցնէ. բայց իր մէջ մեղք չկայ։ 6Ամէն ով որ անոր մէջ կը կենայ, մեղք չի գործեր. ամէն ով որ մեղք կը գործէ, զանիկա տեսած չէ ու զանիկա ճանչցած չէ։ 7Որդեակներ, մէկը ձեզ թող չխաբէ. ան որ արդարութիւն կը գործէ՝ արդար է, ինչպէս Անիկա արդար է։ 8Ան որ մեղք կը գործէ, Սատանայէն է, վասն զի Սատանան սկիզբէն ի վեր կը մեղանչէ. ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ։ 9Ամէն ով որ Աստուծմէ ծնած է, մեղք չի գործեր, վասն զի անոր սերմը իր մէջ կը մնայ ու չի կրնար մեղք գործել, քանզի Աստուծմէ ծնած է։ 10Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր։
ՄԷԿԶՄԷԿ ՍԻՐԵԼ
11Վասն զի ասիկա այն պատուիրանքն է որ դուք սկիզբէն լսեցիք, որ մէկզմէկ սիրենք։ 12Ոչ թէ Կայէնին պէս, որ չար էր ու իր եղբայրը սպաննեց։ Ինչո՞ւ համար զանիկա սպաննեց։ Անոր համար որ իր գործերը չար էին, իսկ իր եղբօրը գործերը՝ արդար։ 13Մի՛ զարմանաք, եղբա՛յրներս, եթէ աշխարհ ձեզ ատէ։ 14Մենք գիտենք թէ մահէն կեանքի փոխուեցանք, վասն զի եղբայրները կը սիրենք. ան որ եղբայրը չի սիրեր՝ մահուան մէջ կը մնայ. 15Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի։ 16Ասով գիտցանք Քրիստոսին սէրը, որ անիկա իր կեանքը մեզի համար տուաւ. մենք ալ պարտաւոր ենք մեր եղբայրներուն համար տալ մեր կեանքը։ 17Բայց ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ։ 18Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով։
ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՌՋԵՒ
19Ասով կը ճանչնանք թէ ճշմարտութենէն ենք։ Մեր սրտերուն համարձակութիւնովը անոր առջեւ պիտի երեւնանք։ 20Եթէ մեր սրտերը մեզ մեղադրեն, մենք գիտենք թէ Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ։ 21Սի՛րելիներ, եթէ մեր սրտերը մեզ չմեղադրեն, այն ատեն համարձակութիւն կ’ունենանք Աստուծոյ առջեւ կենալու։ 22Եւ ինչ որ խնդրենք՝ կ’առնենք անկէ, վասն զի Իր պատուիրանքները կը պահենք ու Իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք։ 23Ասիկա է անոր պատուիրանքը, որ իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին անուանը հաւատանք ու մէկզմէկ սիրենք, ինչպէս մեզի պատուիրեց։ 24Ան որ պատուիրանքները կը պահէ՝ անոր մէջ կը կենայ ու Աստուած ալ իր մէջ։ Աստուծոյ մեր մէջ բնակիլը կը գիտնանք Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տուաւ։
Currently Selected:
ԱՌԱՋԻՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 3: WARMB
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.