ՂՈԻԿԱՍ 5
5
ՅԻՍՈՒՍ ԱՌԱՋԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
(Մատթ. 4.18-22, Մարկ. 1.16-20)
1Օր մը, երբ ժողովուրդը անոր բոլորտիքը դիզուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու համար, ինք Գեննեսարէթի ծովակին քով կեցեր էր, 2տեսաւ երկու նաւեր, որոնք ծովակին քով կեցեր էին եւ ձկնորսները անոնց մէջէն ելած՝ ուռկանները կը լուային։ 3Ինք այն նաւերէն մէկուն մէջ մտաւ, որ Սիմոնինն էր եւ աղաչեց անոր որ քիչ մը ցամաքէն ծովուն մէջ տանի եւ նստելով՝ նաւուն մէջէն ժողովուրդին կը սորվեցնէր։
4Երբ խօսելէն դադրեցաւ, ըսաւ Սիմոնին. «Յառաջ տար նաւը ՝ դէպի խորունկը եւ ուռկաննիդ ձգեցէք ձուկ որսալու»։ 5Սիմոն պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, բոլոր գիշերը աշխատեցանք ու բան մը չբռնեցինք. բայց քու խօսքիդ համար ուռկանը կը ձգեմ»։ 6Երբ ըսուածը ըրին, խիստ շատ ձուկեր ժողվեցին, անանկ որ իրենց ուռկանը կը պատռտէր։ 7Աչք կ’ընէին միւս նաւուն մէջ եղող իրենց ընկերներուն՝ որ գան օգնեն իրենց։ Եկան ու երկու նաւերն ալ լեցուցին, գրեթէ ընկղմելու մօտ էին։ 8Սիմոն Պետրոս երբ տեսաւ, Յիսուսին ծունկերուն ինկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, իմ քովէս մէկդի գնա, քանզի ես մեղաւոր մարդ մըն եմ»։ 9Վասն զի ապշութիւնը պատեց զանիկա եւ անոր հետ եղող ամէնքը՝ իրենց բռնած ձուկերուն շատութեան համար։ 10Նոյնպէս ալ Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոս եւ Յովհաննէս՝ որոնք Սիմոնին ընկերներն էին։ Յիսուս ըսաւ Սիմոնին. «Մի՛ վախնար, ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս»։ 11Նաւերը ցամաք հանելով՝ ամէն բան թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։
ՅԻՍՈՒՍ ԲՈՐՈՏ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մատթ. 8.1-4, Մարկ. 1.40-45)
12Օր մը, ինք քաղաքի մը մէջ էր, ահա մարդ մը բորոտութիւնով լեցուն՝ երբ Յիսուսը տեսաւ, երեսի վրայ իյնալով աղաչեց անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել»։ 13Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ՛» եւ շուտ մը բորոտութիւնը անկէ գնաց։ 14Ու ինք պատուիրեց անոր, որ մարդու չըսէ, հապա, ըսաւ. «Գնա քեզ քահանային ցուցուր եւ Մովսէսին պատուիրածին պէս քու մաքրուելուդ ընծան տուր, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։ 15Անոր լուրը աւելի կը տարածուէր ու շատ ժողովուրդ կը ժողվուէին մտիկ ընելու եւ իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու։ 16Բայց ինք անապատ տեղեր կը քաշուէր եւ աղօթք կ’ընէր։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մատթ. 9.1-8, Մարկ. 2.1-12)
17Օր մը երբ ինք կը սորվեցնէր, Փարիսեցիներ եւ օրինաց վարդապետներ նստած էին, որոնք Գալիլիայի ու Հրէաստանի ու Երուսաղէմի բոլոր գիւղաքաղաքներէն ժողվուած էին ու Տէրոջը զօրութիւնը ներկայ էր զանոնք բժշկելու։ 18Ահա քանի մը մարդիկ անդամալոյծ մարդ մը մահիճովը բերին եւ հնարը կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս զանիկա ներս մտցնեն ու դնեն անոր առջեւ։ 19Ու երբ բազմութենէն ճամբայ չկրցան գտնել, որ անկէ ներս խոթեն զանիկա, տանիքին վրայ ելան եւ զանիկա կղմինտրներուն մէջէն մահիճովը՝ մէջտեղը Յիսուսին առջեւ իջեցուցին։ 20Յիսուս տեսնելով անոնց հաւատքը՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ մարդ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։ 21Դպիրներն ու Փարիսեցիները սկսան խորհիլ ու ըսել. «Ո՞վ է ասիկա, որ հայհոյութիւններ կ’ընէ։ Ո՞վ կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած»։ 22Յիսուս իմանալով անոնց խորհուրդները՝ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Սրտերնուդ մէջ ի՞նչ կը խորհիք։ 23Ո՞րը աւելի դիւրին է, ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են’ ըսե՞լը, թէ ‘Ելի՛ր ու քալէ’ ըսելը։ 24Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու», (ըսաւ անդամալոյծին), «Քեզի կ’ըսեմ, ելի՛ր մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։ 25Ան ալ իսկոյն անոնց առջեւ ելաւ ու վրան առաւ ինչ բանի վրայ որ պառկած էր եւ գնաց իր տունը ու Աստուծոյ փառք կու տար։ 26Ամէնքը ապշած մնացին ու Աստուծոյ փառք կու տային եւ վախով լեցուած՝ կ’ըսէին. «Այսօր նորանշան բաներ տեսանք»։
ՅԻՍՈՒՍ ՂԵՒԻՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
(Մատթ. 9.9-13, Մարկ. 2.13-17)
27Այս բաներէն յետոյ ելաւ անկէ ու տեսաւ մաքսաւոր մը, որուն անունը Ղեւի էր, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր ու ըսաւ անոր. «Ետեւէս եկուր»։ 28Ան ալ թողուց ամէնքը եւ ելաւ գնաց անոր ետեւէն։ 29Ու Ղեւի մեծ կոչունք մը տուաւ իր տանը մէջ։ Շատ բազմութիւն կար մաքսաւորներու եւ ուրիշներու, որ անոնց հետ սեղան նստեր էին։ 30Դպիրներն ու Փարիսեցիները տրտունջ կ’ընէին ու անոր աշակերտներուն կ’ըսէին. «Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներուն հետ կ’ուտէք ու կը խմէք»։ 31Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն. 32ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան»։
ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 9.14-17, Մարկ. 2.18-22)
33Անոնք ալ ըսին. «Ինչո՞ւ Յովհաննէսին աշակերտները շատ անգամ ծոմ կը պահեն եւ աղօթքներ կ’ընեն, նոյնպէս ալ Փարիսեցիներուն աշակերտները. բայց քուկիններդ կ’ուտեն ու կը խմեն»։ 34Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Կրնա՞ք հարսանիքին տղոցը ծոմ պահել տալ՝ որքան ատեն որ փեսան իրենց հետ է։ 35Բայց օրեր պիտի գան՝ երբ փեսան իրենցմէ պիտի վերցուի, այն օրերուն ծոմ պիտի պահեն»։ 36Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Մէկը նոր լաթի կտոր մը չի ձգեր հին հանդերձի վրայ. եթէ ոչ՝ այն նորը պատռուածք ալ կ’ընէ ու հինցածին հետ չի յարմարիր այն նոր լաթէն եղած կտորը։ 37Եւ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ չի դներ. եթէ ոչ՝ նոր գինին #5.37 Ոմանք, հին տիկերըտիկերը կը պատռէ, ինք կը թափի ու տիկերը կը կորսուին. 38հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է, որպէս զի երկուքն ալ պահուին։ 39Եւ մէկը հին գինին խմելէն յետոյ անմիջապէս նորը չ’ուզեր, քանզի կ’ըսէ թէ՝ հինը աւելի ախորժելի է»։
Currently Selected:
ՂՈԻԿԱՍ 5: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017