YouVersion Logo
Search Icon

ՂՈԻԿԱՍ 6

6
ՇԱԲԱԹԻՆ ՀԱՐՑԸ
(Մատթ. 12.1-8, Մարկ. 2.23-28)
1Տէր Յիսուս Շաբաթ օր մը արտերուն մէջէն կ’անցնէր։ Իր աշակերտները ցորենի հասկեր փրցնելով՝ ձեռքերնուն մէջ կը շփէին ու կ’ուտէին։ 2Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին անոնց. «Ի՞նչ կ’ընէք, չէ՞ որ արգիլուած է գործել Շաբաթ օրը»։ 3Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը, երբ անօթեցան ինք եւ անոնք որ իրեն հետ էին։ 4Ի՛նչպէս անիկա Աստուծոյ տունը մտաւ եւ առաջաւորութեան հացերը առաւ ու կերաւ եւ տուաւ անոնց ալ որ իրեն հետ էին. որոնք ուրիշ մարդո՛ւ օրինաւոր չէր ուտել, բայց միայն քահանաներուն»։ 5Եւ ըսաւ անոնց. «Որդին մարդոյ Շաբաթին ալ տէրն է»։
ՉՈՐՑԱԾ ՁԵՌՔՈՎ ՄԱՐԴԸ
(Մատթ. 12.9-14, Մարկ. 3.1-6)
6Ուրիշ Շաբաթ օր մըն ալ ինք ժողովարանը մտաւ ու կը սորվեցնէր։ Հոն մարդ մը կար, որուն աջ ձեռքը չորցած էր։ 7Դպիրներն ու Փարիսեցիները անոր կը սպասէին՝ տեսնելու թէ Շաբաթ օրը զանիկա պիտի բժշկէ՞, որպէս զի ամբաստանութեան առիթ մը գտնեն անոր դէմ։ 8Իսկ ինք գիտնալով անոնց խորհուրդները, ըսաւ այն մարդուն, որուն ձեռքը չորցած էր. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ»։ Ան ալ ելաւ կայնեցաւ։ 9Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի բան մը հարցնեմ. ‘Շաբաթ օրը ո՞րը յարմար է. բարի՞ք թէ չարիք ընելը, հոգի մը ապրեցնե՞լը թէ մեռցնելը’»։ 10Եւ շուրջանակի ամենուն վրայ նայելով՝ ըսաւ անոր. «Ձեռքդ երկնցուր»։ Ան ալ այնպէս ըրաւ ու անոր ձեռքը ողջնցաւ միւսին պէս։ 11Անոնք կատաղութեամբ լեցուեցան ու իրարու հետ կը խօսէին թէ՝ ի՞նչ ընեն Յիսուսին։
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ Կ’ԸՆՏՐԷ
(Մատթ. 10.1-4, Մարկ. 3.13-19)
12Յիսուս լեռը ելաւ աղօթք ընելու ու բոլոր գիշերը Աստուծոյ աղօթք ընելով անցուց։ 13Առտուն կանչեց իր աշակերտները ու անոնցմէ տասներկու հոգի ընտրեց ու զանոնք առաքեալ անուանեց. 14Սիմոնը՝ որ Պետրոս ալ անուանեց եւ անոր եղբայրը Անդրէասը, Յակոբոսը ու Յովհաննէսը, 15Փիլիպպոսը, Բարթողիմէոսը, Մատթէոսը եւ Թովմասը, Ալփէոսեան Յակոբոսը եւ Նախանձայոյզ ըսուած Սիմոնը, 16Յակոբոսին եղբայրը Յուդան եւ Իսկարիովտացի Յուդան, որը մատնիչ եղաւ։
ՅԻՍՈՒՍ Կ’ՈՒՍՈՒՑԱՆԷ, ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մատթ. 4.23-25)
17Անոնց հետ իջնելով՝ տափարակ տեղ մը կայնեցաւ, նաեւ իր աշակերտներուն ժողովը՝ ու մեծ բազմութիւն մը ժողովուրդներու՝ բոլոր Հրէաստանէն ու Երուսաղէմէն եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի ծովեզերքէն. 18որոնք եկան անոր խօսքերը մտիկ ընելու ու իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու եւ պիղծ ոգիներէն նեղութիւն կրողներն ալ եկան ու բժշկուեցան։ 19Եւ բոլոր ժողովուրդը կ’ուզէր իրեն դպչիլ, վասն զի զօրութիւն կ’ելլէր իրմէ ու ամէնքը կը բժշկէր։
ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏԽՐՈՒԹԻՒՆ
(Մատթ. 5.1-12)
20Ինք իր աչքերը դէպի իր աշակերտները վերցուց ու ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի աղքատներուդ, վասն զի ձերն է Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ 21Երանի՜ ձեզի որ հիմա անօթի էք, վասն զի պիտի կշտանաք։ Երանի՜ ձեզի որ հիմա կու լաք, վասն զի պիտի խնդաք։ 22Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն ու երբ ձեզ իրենց ընկերութենէն մերժեն ու նախատեն եւ ձեր վրայով գէշ անուն հանեն Որդի մարդոյ պատճառով»։
23 «Ուրախ եղէք դուք այն օրը ու ցնծացէք, քանզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին մարգարէներուն։ 24Բայց վա՜յ ձեզի հարուստներուդ, վասն զի ձեր մխիթարութիւնը առած էք։ 25Վա՜յ ձեզի որ կուշտ էք, վասն զի պիտի անօթենաք. վա՜յ ձեզի որ հիմա կը ծիծաղիք, վասն զի սուգ պիտի ընէք ու լաք։ 26Վա՜յ ձեզի երբ #6.26 Ոմանք, բոլոր մարդիկմարդիկ ձեր վրայով աղէկ խօսին, վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին սուտ մարգարէներուն»։
ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ
(Մատթ. 5.38-48, 7.12ա)
27 Բայց կ’ըսեմ ձեզի որ մտիկ կ’ընէք. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ձեզ ատողներուն բարիք ըրէք, 28ձեզ անիծողները օրհնեցէք, ձեզի նեղութիւն տուողներուն համար աղօթք ըրէք։ 29Թէ որ մէկը քու ծնօտիդ զարնէ, միւսն ալ մօտեցուր անոր. եթէ ան քու վերարկուդ քեզմէ հանէ, մի՛ արգիլեր անկէ շապիկդ ալ։ 30Ամէն ինչ, որ քեզմէ կ’ուզէ՝ տուր ու քու բաներդ առնողէն զանոնք մի՛ պահանջեր։ 31Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք։ 32Եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ կը սիրեն զիրենք սիրողները։ 33Եթէ դուք ձեզի բարիք ընողներուն բարիք ընէք, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ նոյն բանը կ’ընեն։ 34Եթէ այնպիսի մարդոց փոխ տաք՝ որոնցմէ յոյս ունիք ետ առնելու. ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ մեղաւորներուն փոխ կու տան, որպէս զի նոյն չափով ետ առնեն։ 35Այլ սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները ու բարիք ըրէք եւ փոխ տուէք առանց փոխարէնը բան մը սպասելու եւ ձեր վարձքը շատ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին որդիները պիտի ըլլաք, վասն զի անիկա բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն։ 36Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»։
ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԴԱՏԵԼ
(Մատթ. 7.1-5)
37 «Մի՛ դատէք ու պիտի չդատուիք։ Մի՛ դատապարտէք ու պիտի չդատապարտուիք։ Ներեցէ՛ք ու ձեզ պիտի ներուի։ 38Տուէ՛ք ու ձեզ պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։
39Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Միթէ կոյրը կոյրին կրնա՞յ առաջնորդութիւն ընել. չէ՞ որ երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան։ 40Աշակերտը իր վարդապետէն մեծ չէ, իսկ ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կրնայ ըլլալ»։
41 «Ինչո՞ւ քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ 42Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ. ‘Եղբա՛յր, թող տուր որ աչքիդ մէջի շիւղը հանեմ’ եւ դուն քու աչքիդ մէջի գերանը չես տեսներ։ Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը»։
ԾԱՌ ՄԸ ԵՒ ԻՐ ՊՏՈՒՂԸ
(Մատթ. 7.16-20, 12.33-35)
43 «Չկայ բարի ծառ մը, որ չար պտուղ բերէ, ո՛չ ալ չար ծառ մը, որ բարի պտուղ բերէ. 44վասն զի ամէն ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի։ Քանզի փուշերէն թուզ չեն քաղեր ու մորենիէն խաղող չեն ժողվեր։ 45Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխեցնէ. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։
ԵՐԿՈՒ ՏՈՒՆ ՇԻՆՈՂՆԵՐԸ
(Մատթ. 7.24-27)
46 «Ինչո՞ւ զիս Տէ՛ր, Տէ՛ր, կը կոչէք ու ըսած բաներս չէք կատարեր։ 47Այն, որ ինծի կու գայ եւ իմ խօսքերս կը լսէ ու զանոնք կը կատարէ, ձեզի ցուցնե՞մ թէ որու կը նմանի։ 48Անիկա տուն շինող մարդու մը կը նմանի, որ փորեց ու խորունկցուց ու հիմը վէմի վրայ դրաւ եւ ջուրերուն յորդած ատենը գետը զարկաւ այն տանը ու չկրցաւ զանիկա շարժել, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր։ 49Բայց ան որ իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի այն մարդուն, որ հողի վրայ առանց հիմի տուն շինեց, որուն զարկաւ գետը եւ շուտ մը փլաւ։ Այն տանը կործանումը մեծ էր»։

Currently Selected:

ՂՈԻԿԱՍ 6: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in