ՂՈԻԿԱՍ 4
4
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆԸ
(Մատթ. 4.1-11, Մարկ. 1.12-13)
1Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ Յորդանանէն դարձաւ ու Հոգիէն անապատը տարուեցաւ, 2ուր քառասուն օր Սատանայէն փորձուեցաւ։ Այն օրերը բան մը չկերաւ։ Այն օրերը լմննալէն յետոյ անօթեցաւ։
3Սատանան ըսաւ անոր. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ այդ քարին, որ հաց ըլլայ»։ 4Յիսուս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Գրուած է թէ՝ ‘Ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքովը’»։
5Սատանան բարձր լեռ մը հանելով զանիկա, աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ցուցուց անոր վայրկեանի մը մէջ 6եւ ըսաւ անոր. «Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասն զի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա, 7ուստի եթէ դուն իմ առջեւս իյնաս երկրպագութիւն ընես, ամէնքը քուկդ պիտի ըլլան»։ 8Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։
9Սատանան Յիսուսը տարաւ Երուսաղէմ ու տաճարին աշտարակին վրայ կայնեցուց ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ. 10վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ քեզ պահեն. 11ու ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես’»։ 12Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ըսուած է թէ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։ 13Ու երբ Սատանան ամէն փորձութիւնը կատարեց՝ ատեն մը ետ կեցաւ անկէ։
ՅԻՍՈՒՍ ԳԱԼԻԼԻՈՅ ՄԷՋ ԻՐ ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՍԿՍԻ
(Մատթ. 4.12-17, Մարկ. 1.14-15)
14Յիսուս Հոգիին զօրութիւնովը Գալիլիա դարձաւ ու անոր համբաւը այն գաւառին բոլոր կողմերը տարածուեցաւ։ 15Ինք անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու ամենէն կը փառաւորուէր։
ՅԻՍՈՒՍ ՆԱԶԱՐԷԹԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ
(Մատթ. 13.53-58, Մարկ. 6.1-6)
16Երբ եկաւ Նազարէթ, ուր ինք մեծցած էր, իր սովորութեանը պէս Շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը ու ելաւ որ կարդայ։ 17Տուին անոր Եսայի մարգարէին գիրքը։ Երբ գիրքը բացաւ, գտաւ այն տեղը՝ ուր գրուած էր. 18«Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. #4.18 Կամ, անոր համարվասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, 19գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու, Տէրոջը ընդունելի տարին քարոզելու»։ 20Եւ գիրքը գոցելով՝ տուաւ սպասաւորին ու նստաւ։ Ժողովարանը եղողներուն ամէնքը աչքերնին տնկած անոր կը նայէին։ 21Սկսաւ անոնց ըսել. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին»։ 22Ամէնքը անոր համար կը վկայէին ու կը զարմանային անոր բերնէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ ու կ’ըսէին. «Ասիկա Յովսէփին որդին չէ՞»։ 23Ըսաւ անոնց. «Իրաւ դուք ինծի պիտի ըսէք այս առակը. ‘Բժիշկ, քու անձդ բժշկէ։ Որչափ բաներ լսեցինք որ Կափառնայումի մէջ եղան, հոս ալ ըրէ քու քաղաքիդ մէջ’»։ 24Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ՝ ‘Մարգարէ մը իր քաղաքին մէջ ընդունելի չէ’։ 25Արդարեւ կ’ըսեմ ձեզի, թէ՝ շատ որբեւարիներ կային Եղիային օրերը Իսրայէլի մէջ, երբ երեք տարի ու վեց ամիս երկինք գոցուեցաւ, այնպէս որ մեծ սով եղաւ բոլոր երկրին մէջ. 26բայց Եղիա անոնցմէ մէկո՛ւն չղրկուեցաւ, հապա միայն Սիդոնացիներու Սարեփթա քաղաքին մէջ որբեւարի կնոջ մը։ 27Շատ բորոտներ կային Իսրայէլի մէջ Եղիսէ մարգարէին ատենը ու անոնցմէ մէ՛կը չմաքրուեցաւ, հապա միայն Նէեման Ասորին»։ 28Ժողովարանին մէջ ամէնքն ալ բարկութիւնով լեցուեցան՝ երբ այս խօսքերը լսեցին 29ու ելան զանիկա քաղաքէն դուրս հանեցին ու տարին զանիկա մինչեւ այն լերան ցցուած ծայրը, որուն վրայ իրենց քաղաքը շինուած էր, որպէս զի զանիկա բարձր տեղէն վար ձգեն։ 30Բայց ինք անոնց մէջէն անցաւ գնաց։
ՊԻՂԾ ՈԳԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՐԴ ՄԸ
(Մարկ. 1.21-28)
31Իջաւ Գալիլիայի Կափառնայում քաղաքը ու Շաբաթ օրերը կը սորվեցնէր անոնց։ 32Բոլորը կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ, վասն զի իշխանութիւնով էր անոր խօսքը։ 33Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար, որ պիղծ դեւի ոգի ունէր, որը մեծ ձայնով մը աղաղակեց, ըսելով. 34«Թո՛ղ տուր, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսուս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար. գիտեմ ո՛վ ես, Աստուծոյ Սուրբը»։ 35Յիսուս սաստեց զայն՝ ըսելով. «Պապանձէ ու ե՛լ ատկէ»։ Ու դեւը զանիկա ներկայ գտնուողներուն մէջտեղը գետինը զարկաւ եւ ելաւ անկէ ու վնաս մը չտուաւ անոր։ 36Ամէնքը զարմացած իրարու հետ կը խօսէին ու կ’ըսէին. «Այս ի՞նչ խօսք է, որ իշխանութիւնով ու զօրութիւնով կը հրամայէ պիղծ ոգիներուն ու կ’ելլեն»։ 37Եւ անոր համբաւը տարածուեցաւ շրջակայ գաւառին բոլոր կողմերը։
ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մատթ. 8.14-17, Մարկ. 1.29-34)
38Ժողովարանէն ելլելով՝ Սիմոնին տունը մտաւ։ 39Սիմոնին զոքանչը սաստիկ ջերմով կը տանջուէր։ Անոր համար աղաչեցին իրեն։ 40Եւ Յիսուս անոր քով կայնելով՝ սաստեց ջերմը, որը թողուց զանիկա։ Կինը շուտ մը ելաւ ու անոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։
41Արեւին մարը մտած ատենը՝ ամէն անոնք որ տեսակ տեսակ ցաւերով հիւանդներ ունէին, իրեն բերին զանոնք։ Ինք ալ ամէն մէկուն վրայ ձեռք դնելով՝ բժշկեց զանոնք։ 42Դեւեր ալ կ’ելլէին շատերէն, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին»։ Բայց ինք կը սաստէր ու թող չէր տար անոնց որ խօսին, վասն զի գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է։
ՅԻՍՈՒՍ ՍԻՆԱԿՈԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մարկ. 1.35-39)
43Երբ ցորեկ եղաւ, ելաւ ու գնաց անապատ տեղ մը եւ ժողովուրդները կը փնտռէին զանիկա։ Եկան անոր քով ու կը ստիպէին որ ան իրենցմէ չերթայ. 44բայց անիկա ըսաւ անոնց. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։ 45Ու Գալիլիայի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր։
Currently Selected:
ՂՈԻԿԱՍ 4: WA2017
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017