YouVersion 標識
搜索圖示

ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 3

3
Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութիւնը
(Մր 1.2-8, Ղկ 3.1-18, Յհ 1.19-28)
1Այդ օրերուն Յովհաննէս Մկրտիչ սկսաւ քարոզել Հրէաստանի անապատին մէջ, 2ըսելով.
– Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը մօտեցած է։
3Այս Յովհաննէսն էր այն անձը, որուն համար Եսայի մարգարէ խօսեր էր, ըսելով.–
«Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ՚ըսէ.–
2 Տիրոջ ճամբան պատրաստեցէք,
հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները»։
4Յովհաննէս ուղտի մազէ շինուած հագուստ մը ունէր եւ մէջքին՝ կաշիէ գօտի։ Իր կերակուրը մարախ եւ վայրի մեղր էր։ 5Երուսաղէմէն, ամբողջ Հրէաստանէն եւ Յորդանան գետի բոլոր շրջաններէն մարդիկ իրեն կ՚երթային 6եւ իրենց մեղքերը խոստովանելով, անոր ձեռքով կը մկրտուէին Յորդանան գետին մէջ։
7Երբ Յովհաննէս տեսաւ շատ մը Սադուկեցիներ եւ Փարիսեցիներ, որոնք իրմէ մկրտուելու եկած էին, ըսաւ անոնց.
– Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ ըսաւ ձեզի թէ կրնաք Աստուծոյ տալիք պատիժէն փախչիլ։ 8Ասկէ ետք՝ գործո՛վ ցոյց տուէք թէ ապաշխարած էք։ 9Դուք ձեզի մի՛ խորհիք թէ կրնաք պատիժէն ազատիլ, ըսելով.
«Մենք Աբրահամի որդիներ ենք»։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ Աստուած այս քարերէն ալ կրնայ Աբրահամի որդիներ հանել։ 10Կացինը արդէն իսկ պատրաստ է ծառերը իրենց արմատներէն կտրելու։ Այն ծառը որ բարի պտուղ չի տար, պիտի կտրուի եւ կրակ նետուի։ 11Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան իբրեւ նշան, բայց ան որ ինձմէ ետք կու գայ, անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ։ Անիկա ինձմէ աւելի հզօր է, եւ ես անոր կօշիկները կրելու իսկ արժանի չեմ։ 12Հեծանոցը իր ձեռքին, ան պիտի մաքրէ իր կալը, ցորենը հաւաքէ շտեմարանին մէջ, իսկ յարդը այրէ անշէջ կրակով։
Յիսուսի մկրտութիւնը
(Մր 1.9-11, Ղկ 3.21-22, Յհ 1.29-34)
13Այդ օրերուն Յիսուս Գալիլեայէն Յորդանան գետ եկաւ Յովհաննէսի մօտ՝ անկէ մկրտուելու համար։ 14Բայց Յովհաննէս ընդդիմացաւ անոր, ըսելով.
– Ե՛ս պէտք ունիմ քեզմէ մկրտուելու, եւ դո՞ւն ինծի կու գաս։
15Յիսուս պատասխանեց.
– Հիմա թո՛յլ տուր որ այսպէս ըլլայ, որովհետեւ այսպիսով կատարած պիտի ըլլանք Աստուծոյ արդար կամքը։
Եւ Յովհաննէս թոյլ տուաւ։ 16Յիսուս մկրտուելէ ետք՝ անմիջապէս ջուրէն դուրս ելաւ։ Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ, եւ տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի նման կ՚իջնէր եւ կու գար իր վրայ։ 17Եւ ահա երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՚ըսէր.
– Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ։

醒目顯示

分享

複製

None

想要在所有設備上保存你的醒目顯示嗎? 註冊或登入