YouVersion 標識
搜索圖示

ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 4

4
Յիսուսի փորձութիւնը
(Մր 1.12-13, Ղկ 4.1-13)
1Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար։ Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցնելէ ետք՝ անօթեցաւ։
3Այն ատեն փորձիչը՝ Սատանան, մօտեցաւ իրեն եւ ըսաւ.
– Եթէ Աստուծոյ Որդի ես, ըսէ՛ որ այս քարերը հաց դառնան։
4Յիսուս պատասխանեց.
Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է»։
5Ապա Սատանան տարաւ Յիսուսը Սուրբ Քաղաքը՝ Երուսաղէմ, եւ զայն կանգնեցնելով տաճարի աշտարակներէն մէկուն վրայ, 6ըսաւ անոր.
– Եթէ Աստուծոյ Որդի ես, դուն քեզ հոսկէ վար նետէ. քանի Սաղմոսներուն մէջ գրուած է. «Աստուած իր հրեշ տակներուն պիտի պատուիրէ քեզի համար, եւ քեզ իրենց ձեռքերուն վրայ պիտի վերցնեն, որպէսզի ոտքդ քարի չզարնուի»։
7Յիսուս ըսաւ անոր.
– Դարձեալ, Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։
8Յետոյ Սատանան կրկին առաւ տարաւ Յիսուսը շատ բարձր լեռ մը եւ անոր ցոյց տալով աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները եւ անոնց փառքը, 9ըսաւ.
– Այս բոլորը քեզի՛ կու տամ, եթէ երկրպագելով՝ պաշտես զիս։
10Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր.
– Ետի՛ս գնա, Սատանա՛յ, որովհետեւ Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն անո՛ր ծառայես»։
11Այն ատեն Սատանան ձգեց զինք ու հեռացաւ. եւ ահա հրեշտակները մօտեցան եւ կը ծառայէին Յիսուսի։
Յիսուս Գալիլեայի մէջ իր առաքելութեան կը սկսի
(Մր 1.14-15, Ղկ 4.14-15)
12Երբ Յիսուս լսեց թէ Յովհաննէս բանտարկուեցաւ, մեկնեցաւ գնաց Գալիլեա, 13եւ ձգելով Նազարէթը, եկաւ բնակեցաւ լիճին եզերքը գտնուող Կափառնաում քաղաքը, Զաբուղոնի եւ Նեփթաղիմի սահմաններուն մէջ։ 14Այսպիսով իրականացաւ այն՝ ինչ որ Տէրը կ՚ըսէ Եսայի մարգարէին բերնով.–
15 «Ո՛վ երկիր Զաբուղոնի, ո՛վ երկիր Նեփթաղիմի,
ճամբայ՝ որ ծովէն Յորդանան գետ կը տանի.
դո՛ւն, Գալիլեա՛, հեթանոսներու երկիր։
16 Այն ժողովուրդը որ խաւարի մէջ կ՚ապրէր,
մեծ լոյս մը տեսաւ.
եւ մահուան աշխարհին ու շուքին մէջ ապրողներուն
վրայ լոյս ծագեցաւ»։
17Եւ այդ օրէն Յիսուս սկսաւ քարոզել, ըսելով.
– Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը մօտեցած է։
Յիսուս չորս ձկնորսներ կը կանչէ
(Մր 1.16-20, Ղկ 5.1-11, Յհ 1.35-42)
18Մինչ Յիսուս Գալիլեայի լիճին եզերքը կը շրջէր, տեսաւ երկու եղբայրներ, որոնք ձկնորս էին. Սիմոնը՝ որ Պետրոս կը կոչուէր եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, որոնք ուռկանը ջուրը կը նետէին ձուկ որսալու համար։ 19Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Հետեւեցէ՛ք ինծի եւ ես ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ։
20Անոնք անմիջապէս ձգեցին ուռկանները եւ հետեւե ցան Յիսուսի։
21Քիչ մը առաջ երթալով, Յիսուս ուրիշ երկու եղբայրներ ալ տեսաւ, Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսը եւ անոր եղբայրը Յովհաննէսը, որոնք իրենց հօրը՝ Զեբեդէոսի հետ նաւակին մէջ էին եւ իրենց ուռկանները կարգի կը դնէին։ Զանոնք ալ կանչեց։ 22Անոնք անմիջապէս ձգեցին նաւակն ու իրենց հայրը եւ հետեւեցան Յիսուսի։
Յիսուս կ՚ուսուցանէ եւ կը բժշկէ
(Մր 3.7-11, Ղկ 6.17-19)
23Յիսուս Գալիլեայի բոլոր կողմերը շրջելով՝ ժողովարաններուն մէջ կ՚ուսուցանէր, Աստուծոյ արքայութեան Աւետարանը կը քարոզէր եւ ժողովուրդը կը բժշկէր բոլոր ցաւերէն ու հիւանդութիւններէն։ 24Իր համբաւը ամբողջ Սուրիայի մէջ տարածուեցաւ։
Մարդիկ իրեն բերին բոլոր այն հիւանդները, որոնք կը տառապէին զանազան ցաւերէ եւ բարդութիւններէ, ինչպէս նաեւ դիւահարներ, լուսնոտներ, անդամալոյծներ, եւ Յիսուս բժշկեց զանոնք։ 25Մեծ բազմութիւններ, որոնք եկած էին Գալիլեայէն, Դեկապոլիսէն, Երուսաղէմէն, Հրէաստանէն եւ անդր Յորդանանէն, հետեւեցան իրեն։

醒目顯示

分享

複製

None

想要在所有設備上保存你的醒目顯示嗎? 註冊或登入