ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 2
2
ԿԱՆԱՅԻ ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ
1Երրորդ օրը հարսանիք մը կար Գալիլիայի Կանա քաղաքը եւ Յիսուսին մայրը հոն էր։ 2Յիսուս ալ կանչուեցաւ այն հարսանիքին ու իր աշակերտներն ալ։ 3Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսին մայրը ըսաւ անոր. «Գինի չունին»։ 4Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՜վ կին, դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. իմ ժամանակս դեռ հասած չէ»։ 5Իր մայրը սպասաւորներուն ըսաւ. «Ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք»։ 6Հոն վեց հատ քարէ կարասներ դրուած էին Հրէից մաքրուելու սովորութեանը համեմատ, որոնց ամէն մէկը երկու կամ երեք մար բան կ’առնէր։ 7Յիսուս ըսաւ անոնց. «Լեցուցէ՛ք այդ կարասները ջուրով»։ Անոնք լեցուցին զանոնք մինչեւ բերանը։ 8Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հիմա հանեցէ՛ք ու սեղանապետին տարէ՛ք»։ Անոնք ալ տարին։ 9Սեղանապետը երբ գինի դարձած ջուրին համը առաւ, ինք չէր գիտեր ուրկէ ըլլալը, (բայց սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցեր էին, գիտէին,) 10Ըսաւ փեսային. «Ամէն մարդ աղէկ գինին առաջ կը մատուցանէ ու երբ խմած ըլլան, այն ատեն ստորնագոյնը. բայց դուն աղէկ գինին մինչեւ հիմա պահած ես»։ 11Յիսուս հրաշքներուն սկիզբը այս ըրաւ Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ եւ իր փառքը յայտնեց ու իր աշակերտները հաւատացին իրեն։
12Յետոյ Յիսուս Կափառնայում իջաւ, ինք եւ իր մայրը ու իր եղբայրները եւ իր աշակերտները, բայց շատ օրեր հոն չկեցան։
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐ Կ’ԵՐԹԱՅ
(Մատթ. 21:12-13, Մարկ. 11:15-17, Ղուկ. 19:45-46)
13Հրէից զատիկը մօտ էր, ուստի Յիսուս Երուսաղէմ գնաց։ 14Տաճարին մէջ գտաւ արջառ ու ոչխար եւ աղաւնի ծախողներ ու ստակ փոխողներ ալ՝ որոնք նստեր էին։ 15Չուանէ խարազան մը շինելով՝ ամէնքը տաճարէն դուրս հանեց, ոչխարներն ալ ու արջառներն ալ։ Ստակ փոխողներուն պղինձները ցիրուցան ըրաւ ու սեղանները կործանեց։ 16Աղաւնի ծախողներուն ըսաւ. «Ասկէ վերցուցէ՛ք ասոնք, իմ Հօրս տունը առուտուրի տուն մի՛ ընէք»։ 17Իր աշակերտները մտքերնին բերին որ գրուած է. «Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ»։
18Այն ատեն Հրեաները եկան ու ըսին անոր. «Ի՞նչ նշան կը ցուցնես մեզի՝ որ այդ բաները ընելու իրաւունք ունիս»։ 19Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Քակեցէ՛ք այս տաճարը ու երեք օրուան մէջ զանիկա պիտի կանգնեցնէմ»։ 20Հրեաները ըսին. «Քառասունըվեց տարուան մէջ շինուեցաւ այս տաճարը եւ դուն երեք օրուան մէ՞ջ պիտի կանգնեցնես զանիկա»։ 21Բայց ինք իր մարմնին տաճարին համար կ’ըսէր։ 22Ուստի երբ ինք մեռելներէն յարութիւն առաւ, իր աշակերտները մտքերնին բերին այս ըսածը#2:22 Ոմանք կ’աւելցնեն, իրենցու հաւատացին գրքին եւ Յիսուսին ըսած խօսքին։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՐ
23Երբ զատկի տօնին Երուսաղէմ էր, շատ մարդիկ անոր ըրած հրաշքները տեսնելով՝ հաւատացին անոր անուանը։ 24Բայց ինք՝ Յիսուս՝ իր անձը անոնց չէր վստահեր, վասն զի ինք կը ճանչնար ամէն մարդ։ 25Պէտք չկար որ ոեւէ մէկը ուրիշ մարդու համար վկայութիւն տար իրեն, քանզի ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդուն ներսիդին։
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.