YouVersion 標誌
搜尋圖標

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 3

3
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՆԻԿՈԴԷՄՈՍ
1Փարիսեցիներէն մարդ մը կար Նիկոդէմոս անունով, որ Հրեայ իշխան մըն էր։ 2Ասիկա գիշերով #3:2 Ոմանք, անորՅիսուսին եկաւ եւ ըսաւ անոր. «Ռա՛բբի, գիտենք թէ դուն Աստուծմէ վարդապետ եկած ես, վասն զի մէկը չի կրնար ընել այն հրաշքները, որոնք դուն կ’ընես, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ»։ 3Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Եթէ մարդ մը #3:3 Կամ, վերէննորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել’»։ 4Նիկոդէմոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչպէս կրնայ մարդ մը նորէն ծնանիլ, որ ծերացած է։ Հնարաւո՞ր բան է, որ նորէն իր մօրը որովայնը մտնէ ու ծնանի»։ 5Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Եթէ մարդ մը ջուրէն ու Հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել։ 6Մարմինէն ծնածը մարմին է ու Հոգիէն ծնածը հոգի է։ 7Դուն մի՛ զարմանար որ քեզի ըսի. ‘Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ’։ 8Հովը ուր որ ուզէ՝ կը փչէ։ Անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր ուրկէ՞ կու գայ, կամ ո՞ւր կ’երթայ։ Այսպէս ալ է այն ամէնը, որ Հոգիէն կը ծնանի»։ 9Նիկոդէմոս հարցուց անոր. «Այդ ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ»։ 10Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Դուն Իսրայէլի մէջ վարդապետ մըն ես եւ այս բաները չե՞ս գիտեր։ 11Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք եւ ինչ որ տեսանք՝ կը վկայենք ու մեր վկայութիւնը չէք ընդունիր։ 12Եթէ երկրաւոր բաները ձեզի ըսի ու չէք հաւատար, ի՞նչպէս պիտի հաւատաք եթէ երկնաւոր բաները ձեզի պատմեմ։ 13Մէ՛կը երկինք չելաւ. բայց միայն անիկա, որ երկնքէն իջաւ, Որդին մարդոյ, որ երկնքէն է։ 14Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է որ Որդին մարդոյ բարձրանայ, 15Որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ 16Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ 17Վասն զի Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէս զի աշխարհը դատէ, հապա՝ որպէս զի աշխարհ անով փրկուի։ 18Ան՝ որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր եւ ան որ չի հաւատար՝ անիկա արդէն դատապարտուած է, վասն զի Աստուծոյ միածին Որդիին անուանը չհաւատաց։ 19Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։ 20Վասն զի ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէս զի իր գործերը չյանդիմանուին։ 21Բայց ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէս զի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
22Այս բաներէն ետքը Յիսուս եւ իր աշակերտները Հրէաստանի երկիրը եկան։ Ինք կը կենար անոնց հետ մէկտեղ ու մկրտութիւն կ’ընէր։ 23Յովհաննէս ալ Այենոնի մէջ Սաղիմի մօտ մկրտութիւն կ’ընէր, որովհետեւ հոն շատ ջուր կար ու կու գային եւ կը մկրտուէին. 24Վասն զի Յովհաննէս դեռ բանտը դրուած չէր։
25Այն ատեն վիճաբանութիւն մը եղաւ Յովհաննէսին աշակերտներուն եւ #3:25 Կամ, Հրեայի մըՀրեաներուն միջեւ՝ մաքրութեան վրայով։ 26Աշակերտները գացին Յովհաննէսին եւ անոր ըսին. «Ռա՛բբի, անիկա որ քեզի հետ Յորդանանի անդիի կողմն էր, որուն համար դուն վկայութիւն տուիր, ահա ինք կը մկրտէ եւ ամէնքը անոր կ’երթան»։ 27Պատասխան տուաւ Յովհաննէս եւ ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար բան մը առնել, եթէ երկնքէն տրուած չըլլայ անոր։ 28Դուք ձեզմէ կը վկայէք ինծի համար, որ ըսի թէ ‘Ես Քրիստոսը չեմ, հապա անոր առջեւէն ղրկուած եմ’։ 29Ան որ հարսն ունի, փեսան անիկա է. բայց փեսային բարեկամը, որ կը կենայ ու կը լսէ անոր, մեծապէս կ’ուրախանայ փեսային ձայնին համար։ Ուստի ահա իմ ուրախութիւնս լեցուած է։ 30Անիկա պէտք է որ մեծնայ, բայց ես պզտկնամ»։
ԱՆ ՈՐ ԵՐԿՆՔԷՆ ԿՈՒ ԳԱՅ
31Ան որ վերէն կու գայ՝ ամենէն վեր է. ան որ երկրէն է՝ երկրաւոր է ու երկրէն կը խօսի. ան որ երկնքէն կու գայ՝ ամենէն վեր է։ 32Եւ ինչ որ տեսաւ ու լսեց, զայն կը վկայէ ու անոր վկայութիւնը մէ՛կը չընդունիր։ 33Ան որ անոր վկայութիւնը կ’ընդունի, կ’ապացուցանէ թէ Աստուած ճշմարիտ է։ 34Վասն զի ան որ Աստուած ղրկեց, Աստուծոյ խօսքերը կը խօսի, վասն զի Աստուած անոր չափով չի տար Հոգին։ 35Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան անոր ձեռքը տրուած է։ 36Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ։

醒目顯示

分享

複製

None

想在你所有裝置上儲存你的醒目顯示?註冊帳戶或登入