ՄԱՏԹԷՈՍ 8

8
ՅԻՍՈՒՍ ԲՈՐՈՏ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մարկ. 1.40-45, Ղուկ. 5.12-16)
1Երբ լեռնէն վար իջաւ, շատեր գացին անոր ետեւէն։ 2Ահա բորոտ մը եկաւ, երկրպագութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր, եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ 3Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ Շուտ մը անոր բորոտութիւնը մաքրուեցաւ։ 4Յիսուս ըսաւ անոր. «Զգոյշ կեցիր, մարդո՛ւ չըսես, հապա գնա, քեզ քահանային ցուցուր եւ Մովսէսին պատուիրած ընծան տուր, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։
ՀԱՐԻՒՐԱՊԵՏԻՆ ԾԱՌԱՅԻՆ ԲԺՇԿՈՒԻԼԸ
(Ղուկ. 7.1-10)
5 # 8.5 Ոմանք, երբ Յիսուս Երբ Կափառնայում մտաւ, հարիւրապետ մը եկաւ քովը, կ’աղաչէր անոր, 6ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր, ծառաս տունը անդամալոյծ պառկած չարաչար կը տանջուի»։ 7Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես կու գամ ու զանիկա կը բժշկեմ»։ 8Հարիւրապետը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես. միայն խօսքով հրամայէ ու իմ ծառաս պիտի բժշկուի։ 9Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ մարդ եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’, ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, ու կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’, ու կ’ընէ»։ 10Յիսուս երբ լսեց, զարմացաւ եւ իր ետեւէն գացողներուն ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ։ 11Ձեզի կ’ըսեմ թէ արեւելքէն ու արեւմուտքէն շատեր պիտի գան ու երկնքի թագաւորութեանը մէջ պիտի բազմին Աբրահամին ու Իսահակին եւ Յակոբին հետ. 12իսկ թագաւորութեանը որդիները դուրսի խաւարը պիտի հանուին. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել» 13Յիսուս հարիւրապետին ըսաւ. «Գնա ու ինչպէս դուն հաւատացիր, այնպէս թող ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր ծառան բժշկուեցաւ։
ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մարկ. 1.29-34, Ղուկ. 4.38-40)
14Յիսուս Պետրոսի տունը գալով, տեսաւ որ անոր զոքանչը ջերմէն բռնուած՝ պառկած էր։ 15Անոր ձեռքէն բռնեց ու ջերմը թող տուաւ զանիկա։ Ան ալ ոտքի ելաւ եւ #8.15 Ոմանք, անորանոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։ 16Երբ իրիկուն եղաւ, շատ դիւահարներ բերին անոր։ Խօսքով հանեց չար ոգիները եւ բոլոր հիւանդները բժշկեց. 17որպէս զի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը կատարուի. «Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ մեր ցաւերը կրեց»։
ՅԻՍՈՒՍԻ ԻՆՔՆԱԿՈՉ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ
(Ղուկ. 9.57-62)
18Յիսուս իր բոլորտիքը շատ ժողովուրդ տեսնելով, հրաման ըրաւ որ միւս կողմը երթան։ 19Դպիր մը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ես քու ետեւէդ պիտի գամ ուր որ երթաս»։ 20Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։ 21Ուրիշ մը, որ անոր աշակերտներէն էր, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր, որ երթամ առաջ իմ հայրս թաղեմ»։ 22Յիսուս ըսաւ անոր. «Եկուր իմ ետեւէս ու թող տուր մեռելներուն, որ թաղեն իրենց մեռելները»։
ՅԻՍՈՒՍ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԿԸ ԽԱՂԱՂԵՑՆԷ
(Մարկ. 4.35-41, Ղուկ. 8.22-25)
23Երբ նաւը մտաւ, իր աշակերտները իր ետեւէն գացին։ 24Ահա մեծ ալեկոծութիւն մը եղաւ ծովուն մէջ, այնպէս որ նաւը ալիքներէն կը ծածկուէր. իսկ ինք կը քնանար։ 25Աշակերտները իր մօտ գացին, արթնցուցին զանիկա ու ըսին. «Տէ՛ր, ազատէ մեզ, ահա կը կորսուինք»։ 26Ան ըսաւ անոնց. «Թերա՛հաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք»։ Ելաւ հովերուն ու ծովուն սաստեց եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ 27Ու մարդիկ զարմացան եւ կ’ըսէին. «Ի՜նչպիսի մարդ է աս որ հովերն ու ծովը իրեն կը հնազանդին»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ԴԻՒԱՀԱՐՆԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մարկ. 5.1-20, Ղուկ. 8.26-39)
28Երբ միւս կողմը #8.28 Ոմանք, ԳադարացիներունԳերգեսացիներուն երկիրը անցաւ, երկու դիւահարներ պատահեցան իրեն գերեզմաններէն ելած՝ սաստիկ կատղած, այնպէս որ անհնար էր որ մարդ այդ ճամբայէն անցնէր։ 29Ահա աղաղակեցին ու ըսին. «Յիսո՛ւս, Որդի Աստուծոյ, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, ատենէն առաջ մեզ տանջելո՞ւ համար հոս եկար»։ 30Անոնցմէ հեռու շատ խոզերու երամակ մը կար, որոնք կ’արածէին։ 31Դեւերը կ’աղաչէին իրեն ու կ’ըսէին. «Եթէ մեզ հանես, հրաման տուր մեզի որ երթանք խոզերուն երամակին մէջ մտնենք»։ 32Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք»։ Անոնք ելան գացին խոզերուն երամակին մէջ մտան եւ ահա բոլոր երամակը գահավէժ տեղէն ծովը վազեցին ու ջուրերու մէջ մեռան։ 33Խոզարածներն ալ փախան եւ քաղաքը երթալով պատմեցին դիւահարներուն պատահած բաները։ 34Ուստի բոլոր քաղաքը Յիսուսի դէմը ելաւ ու երբ տեսան զանիկա, աղաչեցին որ իրենց սահմաններէն երթայ։

Obecnie wybrane:

ՄԱՏԹԷՈՍ 8: WA2017

Podkreślenie

Udostępnij

Kopiuj

None

Chcesz, aby twoje zakreślenia były zapisywane na wszystkich twoich urządzeniach? Zarejestruj się lub zaloguj