ՄԱՐԿՈՍ 5
5
ՅԻՍՈՒՍ ԴԻՒԱՀԱՐԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մատթ. 8.28-34, Ղուկ. 8.26-39)
1Գացին ծովուն անդիի կողմը՝ #5.1 Ոմանք, ԳերգեսացիներունԳադարացիներուն երկիրը։ 2Երբ ինք նաւէն ելաւ, գերեզմաններէն ելած մարդ մը պատահեցաւ իրեն, որ պիղծ ոգի ունէր, 3որուն բնակած տեղն ալ գերեզմաններուն մէջ էր ու շղթայով ալ մէկը չէր կրնար զանիկա կապել, 4որովհետեւ շատ անգամ ոտնակապերով եւ շղթաներով կապուեր էր, բայց անիկա շղթաները կտրեր ու ոտնակապերը կոտրտեր էր եւ մէ՛կը չէր կրնար զանիկա նուաճել։ 5Միշտ գիշեր ու ցորեկ #5.5 Ոմանք, լեռներուն մէջ ու գերեզմաններուն մէջգերեզմաններուն ու լեռներուն մէջ կը կանչուըռտէր ու իր մարմինը քարերով կը ճեղքռտէր։ 6Երբ հեռուէն Յիսուսը տեսաւ, վազեց ու երկրպագութիւն ըրաւ անոր 7եւ մեծ ձայնով մը աղաղակեց ու ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս, Որդի Բարձրեալ Աստուծոյ, քեզ Աստուծմով կ’երդմնցնեմ, զիս մի՛ տանջեր»։ 8(Քանզի կ’ըսէր անոր. «Պի՛ղծ ոգի, ելիր այդ մարդէն»)։ 9Յիսուս անոր հարցուց. «Անունդ ի՞նչ է»։ Ան ալ ըսաւ. «Իմ անունս Լէգէոն է, վասն զի շատուոր ենք»։ 10Եւ շատ #5.10 Կամ, կ’աղաչէրկ’աղաչէին անոր՝ որ զիրենք այն երկրէն դուրս չղրկէ։ 11Հոն լերանը մօտ խոզերու մեծ երամակ մը կար՝ որ կ’արածէին։ 12Բոլոր դեւերը աղաչեցին անոր ու ըսին. «Մեզ խոզերուն ղրկէ, որպէս զի անոնց մէջ մտնենք»։ 13Յիսուս հրաման տուաւ անոնց։ Երբ պիղծ ոգիները ելան, խոզերուն մէջ մտան եւ երամակը գահավէժ տեղէն ծովը վազեց, (երկու հազարի չափ կային), ու ծովուն մէջ խեղդուեցան։ 14Խոզարածները փախան ու պատմեցին՝ քաղաքը ու ագարակները եւ մարդիկ եկան տեսնելու՝ թէ ի՛նչ է եղած։ 15Եկան Յիսուսի քով, տեսան դիւահարը, որ լէգէոն ունէր, որ հագուած ու խելքը վրան եկած նստեր էր ու վախցան։ 16Անոնք որ տեսեր էին, պատմեցին անոնց թէ ի՞նչ եղաւ դիւահարին, նաեւ խոզերուն։ 17Անոնք ալ աղաչեցին Յիսուսին, որպէս զի իրենց սահմաններէն երթայ։ 18Երբ անիկա նաւը մտաւ, դիւահարը կ’աղաչէր անոր՝ որ անոր հետ երթայ, 19բայց Յիսուս թող չտուաւ, հապա ըսաւ անոր. «Գնա քու տունդ, քու ընտանիքիդ ու պատմէ թէ Տէրը ինչպէս ողորմեցաւ քեզի»։ 20Ան ալ գնաց եւ սկսաւ Դեկապոլիսի մէջ պատմել ինչ որ Յիսուս իրեն ըրաւ։ Ամէնքը կը զարմանային։
ՅԱՅՐՈՍԻՆ ԱՂՋԻԿԸ ԵՒ ԿԻՆԸ ՈՐ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՂԱՆՑՔԻՆ ԴՊԱՒ
(Մատթ. 9.18-26, Ղուկ. 8.40-56)
21Երբ Յիսուս նաւով նորէն ծովուն անդիի կողմը անցաւ, շատ բազմութիւն ժողվուեցաւ անոր քով եւ ինք ծովեզերքն էր։ 22Ժողովրդապետներէն մէկը եկաւ, որուն անունը Յայրոս էր։ Երբ տեսաւ Յիսուսը, անոր ոտքը ինկաւ, 23աղաչեց անոր ու ըսաւ. «Իմ աղջիկս մեռնելու մօտ է, եկո՛ւր, անոր վրայ ձեռք դիր, որպէս զի ազատի ու պիտի ապրի»։ 24Ան ալ գնաց անոր հետ ու շատ բազմութիւն իր ետեւէն կ’երթային ու կը նեղէին զինք։
25Կին մը, որ տասներկու տարի արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր 26ու շատ նեղութիւն կրած էր շատ բժիշկներէ եւ իր բոլոր ունեցածը վատներ էր ու օգուտ մը չէր գտեր, հապա ալ աւելի սաստկացեր էր, 27երբ Յիսուսի վրայով լսեց, ետեւէն եկաւ բազմութեանը մէջ ու անոր հանդերձին դպաւ. 28քանզի կ’ըսէր. «Եթէ միայն անոր հանդերձներուն դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։ 29Շուտ մը իր արիւնին աղբիւրը ցամքեցաւ ու իր մարմնին մէջ իմացաւ թէ տանջանքէն բժշկուեցաւ։ 30Եւ Յիսուս գիտցաւ թէ զօրութիւն մը իրմէ ելաւ, դարձաւ բազմութեան ու ըսաւ. «Ո՞վ դպաւ իմ հանդերձներուս»։ 31Աշակերտները ըսին իրեն. «Կը տեսնես թէ բազմութիւնը քեզ կը նեղէ ու կ’ըսես թէ՝ ‘Ո՞վ ինծի դպաւ’»։ 32Յիսուս իր բոլորտիքը նայեցաւ, որպէս զի այս բանը ընողը տեսնէ։ 33Կինը վախցաւ ու դողաց, վասն զի գիտէր թէ իրեն ի՛նչ եղաւ եւ եկաւ՝ անոր առջեւ ինկաւ ու բոլոր բաները շիտկէ շիտակ ըսաւ անոր։ 34Յիսուս ըսաւ անոր. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։
35Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն ոմանք եկան ու ըսին. «Աղջիկդ մեռաւ, ալ ինչո՞ւ վարդապետը կը յոգնեցնես»։ 36Իսկ Յիսուս ըսուած խօսքը լսելուն պէս ժողովրդապետին ըսաւ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա»։ 37Եւ մէկը թող չտուաւ որ իրեն հետ երթայ, միայն Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յակոբոսին եղբայրը՝ Յովհաննէսը։ 38Ժողովրդապետին տունը հասնելով՝ տեսաւ սաստիկ լացողներ ու լսեց աղաղակներ։ 39Ներս մտնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ խռովեր էք ու կու լաք. մանուկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ 40Ոմանք ծաղր կ’ընէին զանիկա. բայց ինք ամէնքը դուրս հանելով՝ իրեն հետ առաւ մանուկին հայրն ու մայրը եւ զանոնք որ իրեն հետ էին ու մտաւ հոն՝ ուր մանուկը պառկած էր։ 41Մանուկին ձեռքէն բռնելով՝ ըսաւ անոր. «Տալի՛թա, կո՛ւմի». որ կը թարգմանուի՝ «Աղջի՛կ, (քեզի կ’ըսեմ), ելիր»։ 42Իսկոյն աղջիկը ոտքի ելաւ ու կը քալէր, վասն զի տասներկու տարեկան էր. տեսնողները շատ ապշեցան։ 43Յիսուս սաստիկ պատուէր տուաւ անոնց՝ որ մա՛րդ չգիտնայ այս բանը ու ըսաւ, որ անոր ուտելիք տան։
Voafantina amin'izao fotoana izao:
ՄԱՐԿՈՍ 5: WA2017
Asongadina
Hizara
Dika mitovy

Tianao hovoatahiry amin'ireo fitaovana ampiasainao rehetra ve ireo nasongadina? Hisoratra na Hiditra
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017