ՄԱՐԿՈՍ 10
10
ՅԻՍՈՒՍ ԱՊԱՀԱՐԶԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մատթ. 19.1-2, Ղուկ. 16.18)
1Անկէ ելլելով՝ Հրէաստանի սահմանները գնաց՝ Յորդանանի անդիի կողմէն։ Նորէն ժողովուրդը անոր քով կը ժողվուէին եւ ինչպէս սովորութիւն ունէր, դարձեալ կը սորվեցնէր անոնց։
2Փարիսեցիները քովը եկան եւ զանիկա փորձելով՝ կը հարցնէին անոր թէ «Արժա՞ն է որ այրը իր կինը արձակէ»։ 3Անիկա պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Մովսէս ձեզի ի՞նչ պատուիրեց»։ 4Անոնք ըսին. «Մովսէս հրաման տուաւ արձակման գիր գրել ու արձակել»։ 5Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին կարծրութեանը համար գրեց ձեզի այդ պատուէրը. 6բայց ստեղծագործութեան սկիզբէն Աստուած զանոնք արու եւ էգ ըրաւ», ու ըսաւ. 7«Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի 8ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան. ուստի ա՛լ երկու չեն, հապա մէկ մարմին։ 9Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ»։ 10Եւ տունը իր աշակերտները նորէն նոյն բանը հարցուցին իրեն։ 11Ըսաւ անոնց. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, անոր դէմ շնութիւն կ’ընէ։ 12Ու կին մը եթէ իր էրիկէն զատուի եւ ուրիշ էրիկ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։
ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՐ ՏՂԱՔ Կ’ՕՐՀՆԷ
(Մատթ. 19.13-15, Ղուկ. 18.15-17)
13Մանր տղաք բերին իրեն. որպէս զի անոնց դպչի, բայց աշակերտները կը յանդիմանէին բերողները։ 14Յիսուս երբ տեսաւ, սրդողելով անոնց ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ 15Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։ 16Եւ զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք։
ՀԱՐՈՒՍՏ ՄԱՐԴԸ
(Մատթ. 19.16-30, Ղուկ. 18.18-30)
17Երբ անիկա դուրս ելաւ ճամբուն մէջ, ահա մարդ մը վազեց ու անոր առջեւ ծունկի գալով՝ հարցուց անոր ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ 18Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես։ Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ 19Պատուիրանքները գիտես. շնութիւն մի՛ ըներ, սպանութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, զրկանք մի՛ ըներ, քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։ 20Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ»։ 21Յիսուս անոր նայելով՝ սիրեց զանիկա ու ըսաւ անոր. «Մէկ բան պակաս է քեզի. գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ խաչը վերցուր ու եկուր իմ ետեւէս»։ 22Անիկա այս խօսքին համար խոժոռելով՝ տրտմած գնաց, վասն զի շատ ստացուածք ունէր։ 23Յիսուս իր շուրջը նայելով՝ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին»։ 24Աշակերտները զարմացան անոր խօսքերուն վրայ. բայց Յիսուս նորէն շարունակեց ու անոնց ըսաւ. «Որդեա՛կներ, ո՜րչափ դժուար է Ատուծոյ թագաւորութիւնը մտնել իրենց հարստութեան յուսացողներուն։ 25Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ 26Անոնք խիստ շատ զարմացան ու ըսին իրարու. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ 27Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց ո՛չ Աստուծոյ կողմէ. քանզի Աստուծոյ կողմէն ամէն բան կարելի է»։ 28Պետրոս ըսաւ անոր. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։ 29Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, 30որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’։ 31Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին ու յետիններ՝ առաջին»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մատթ. 20.17-19, Ղուկ. 18.31-34)
32Երբ անոնք դէպի Երուսաղէմ կ’ելլէին ու ճամբուն մէջ էին, Յիսուս անոնցմէ առաջ կ’երթար։ Անոնք կը զարմանային ու ետեւէն երթալով՝ կը վախնային։ Նորէն քովը առնելով տասներկուքը, սկսաւ թուել անոնց՝ ինչ բաներ որ իրեն պիտի պատահէին. 33ու ըսաւ. «Ահա Երուսաղէմէն կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն ու զանիկա հեթանոսներուն պիտի մատնեն 34եւ զանիկա ծաղր պիտի ընեն ու ծեծեն եւ անոր վրայ պիտի թքնեն ու զանիկա մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։
ՅԱԿՈԲՈՍԻՆ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔԸ
(Մատթ. 20.20-28)
35Ապա անոր քով գացին Յակոբոսն ու Յովհաննէսը՝ Զեբեդէոսի որդիները՝ ու ըսին. «Վա՛րդապետ, կ’ուզենք որ քեզմէ ինչ որ խնդրենք՝ մեզի ընես»։ 36Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ ձեզի»։ 37Անոնք ալ ըսին իրեն. «Շնորհէ մեզի, որ նստինք մեզմէ մէկը՝ աջ կողմդ եւ միւսը՝ ձախ կողմդ քու փառքիդ մէջ»։ 38Յիսուս ըսաւ անոնց. «Չէք գիտեր ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես կը խմեմ եւ այն մկրտութիւնովը մկրտուիլ՝ որով ես կը մկրտուիմ»։ 39Անոնք ըսին իրեն. «Կրնանք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Այն գաւաթը որ ես կը խմեմ՝ պիտի խմէք եւ այն մկրտութիւնովը որով ես կը մկրտուիմ՝ պիտի մկրտուիք, 40բայց իմ աջ կողմս ու ձախ կողմս նստիլը՝ իմս չէ տալը, հապա որոնց որ պատրաստուած է»։ 41Ու երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին, սկսան Յակոբոսին ու Յովհաննէսին նեղանալ։ 42Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք ու ըսաւ անոնց. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխան սեպուածները կը տիրեն անոնց եւ անոնց մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. 43բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ձեր սպասաւորը պէտք է ըլլայ. 44ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ամենուն ծառայ պէտք է ըլլայ։ 45Քանզի Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու»։
ՅԻՍՈՒՍ ԿՈՅՐ ԲԱՐՏԻՄԷՈՍԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
(Մատթ. 20.29-34, Ղուկ. 18.35-43)
46Եկան Երիքով։ Երբ Երիքովէն կ’ելլէր աշակերտներովը եւ շատ բազմութիւնով, Տիմէոսի որդին կոյր Բարտիմէոս ճամբուն քով նստեր էր մուրալու։ 47Երբ լսեց թէ Յիսուս Նազովրեցին է, սկսաւ աղաղակել ու ըսել. «Յիսո՛ւս, որդի՛ Դաւթի, ողորմէ՛ ինծի»։ 48Շատեր կը յանդիմանէին զանիկա, որպէս զի լռէ։ Բայց անիկա ա՛լ աւելի կ’աղաղակէր. «Որդի՛ Դաւիթի, ողորմէ ինծի»։ 49Յիսուս կանգ առնելով՝ ըսաւ որ զանիկա կանչեն։ Կանչեցին կոյրը ու ըսին անոր. «Քա՛ջ եղիր, ելի՛ր, քեզ կը կանչէ»։ 50Անիկա իր հանդերձը ձգելով, ելաւ ու եկաւ Յիսուսին։ 51Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ» կոյրը ըսաւ. «Ռաբբունի, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։ 52Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Եւ շուտ մը անոր աչքերը բացուեցան ու ճամբան Յիսուսին ետեւէն կ’երթար։
Voafantina amin'izao fotoana izao:
ՄԱՐԿՈՍ 10: WA2017
Asongadina
Hizara
Dika mitovy

Tianao hovoatahiry amin'ireo fitaovana ampiasainao rehetra ve ireo nasongadina? Hisoratra na Hiditra
© Իրաւունքը Վերապահեալ Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան 2017
© Bible Society in Lebanon 2017