1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:24
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Հոգի է Աստուած, եւ անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն։
Confronta
Esplora ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:24
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:23
Բայց ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ ճշմարիտ երկրպագուները հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը, որովհետեւ Հայրն ալ կ՚ուզէ որ իր երկրպագուները այդպիսին ըլլան։
Esplora ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:23
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:14
բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ։ Ընդհակառակը, ջուրը որ ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ։
Esplora ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:14
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:10
Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՛վ է որ քեզի կ՚ըսէ՝ ջուր տուր ինծի, հաւանաբարդո՛ւն իրմէջուր պիտի ուզէիր, եւ անիկա քեզի կենսատու ջուր պիտի տար։
Esplora ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:10
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:34
Յիսուս ըսաւ. – Իմ կերակուրս այն է՝ որ գործադրեմ զիս ղրկողին կամքը եւ լրումին հասցնեմ անոր գործը։
Esplora ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:34
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:11
Կինը ըսաւ. – Տէ՛ր, դուն դոյլ անգամ չունիս, եւ ջրհորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս կենսատու ջուրը։
Esplora ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:11
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:25-26
Կինը ըսաւ Յիսուսի. – Գիտեմ թէ Մեսիան, այսինքն Քրիստոսը պիտի գայ. երբ անիկա գայ՝ ամէն ինչ պիտի պատմէ մեզի։ Յիսուս ըսաւ. – Ե՛ս եմ անիկա, ես՝ որ հետդ կը խօսիմ։
Esplora ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:25-26
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:29
Եկէք տեսէք. մարդ մը կայ, որ իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի։ Արդեօք ա՞ն է Քրիստոսը։
Esplora ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:29
Home
Bibbia
Piani
Video