Akara Njirimara YouVersion
Akara Eji Eme Ọchịchọ

ՄԱՏԹԷՈՍ 3

3
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ
(Մարկ. 1.1-8, Ղուկ. 3.1-18, Յովհ. 1.19-28)
1Այն օրերը Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ ու Հրէաստանի անապատին մէջ կը քարոզէր, 2ու կ’ըսէր. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։ 3Ասիկա ան է՝ որուն համար Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուեցաւ, որ կ’ըսէ. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք»։ 4Յովհաննէսին հանդերձը ուղտի մազէ էր ու իր մէջքը կաշիէ գօտի ունէր եւ իր կերակուրը մարախ ու վայրենի մեղր էր։ 5Այն ատեն Երուսաղէմ եւ բոլոր Հրէաստան ու Յորդանանի բոլոր կողմերէն իրեն կու գային 6եւ կը մկրտուէին իրմէ Յորդանանի մէջ ու իրենց մեղքերը կը խոստովանէին։
7Երբ տեսաւ Փարիսեցիներէն ու Սադուկեցիներէն շատեր, որ իր մկրտութեանը եկած էին, ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։ 8Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք. 9եւ մի՛ խորհիք դուք ձեր ներսիդին, թէ ‘Մենք մեզի հայր՝ Աբրահամը ունինք’. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։ 10Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։ 11Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան համար, բայց իմ ետեւէս եկողը ինծմէ զօրաւոր է։ Ես անոր կօշիկները կրելու արժանի չեմ։ Անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով ու կրակով. 12որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու իր ցորենը ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը պիտի այրէ չմարող կրակով»։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
(Մարկ. 1.9-11, Ղուկ. 3.21-22)
13Այն ատեն Յիսուս Գալիլիայէն Յորդանան եկաւ Յովհաննէսին, որպէս զի անկէ մկրտուի։ 14Յովհաննէս կ’արգիլէր զանիկա ու կ’ըսէր. «Ինծի պէտք է որ քեզմէ մկրտուիմ ու դուն ինծի՞ կու գաս»։ 15Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Թող տուր հիմա, վասն զի այսպէս կը վայելէ մեզի, որ բոլոր արդարութիւնը կատարենք»։ Ետքը թող տուաւ անոր։ 16Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։ 17Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։

Nke Ahọpụtara Ugbu A:

ՄԱՏԹԷՈՍ 3: WA2017

Mee ka ọ bụrụ isi

Kesaa

Mapịa

None

Ịchọrọ ka echekwaara gị ihe ndị gasị ị mere ka ha pụta ìhè ná ngwaọrụ gị niile? Debanye aha gị ma ọ bụ mee mbanye