1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:23
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Իսկ լաւ հողը կը նմանի այն մարդուն, որ կը լսէ Աստուծոյ խօսքը եւ կը հասկնայ ու պտուղ կու տայ, մէկի փոխարէն հարիւր, ուրիշ մը՝ վաթսուն եւ ուրիշ մը՝ երեսուն։
Lee anya n'etiti ihe abụọ
Nyochaa ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:23
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:22
Փուշերով ծածկուած հողը կը նմանի այն մարդուն, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսէ, սակայն երկրաւոր կեանքի հոգերը եւ հարստութեան հրապոյրը կը խեղդեն Աստուծոյ խօսքը, որ անպտուղ կը դառնայ իր մէջ։
Nyochaa ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:22
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:19
Ճամբուն եզերքը գտնուող հողը, ուր կ՚իյնայ սերմը, կը նմանի այն մարդուն՝ որ Աստուծոյ արքայութեան քարոզութիւնը կը լսէ եւ սակայն չի հասկնար. չարը կու գայ եւ կը յափշտակէ անոր սիրտին մէջ ցանուածը։
Nyochaa ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:19
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:20-21
Ժայռոտ հողը կը նմանի այն մարդուն, որ հազիւ Աստուծոյ խօսքը լսած՝ ուրախութեամբ կ՚ընդունի զայն։ Սակայն սերմը արմատ չունի իր մէջ, այսինքն՝ ժամանակուան մը համար կը հաւատայ, եւ երբ նեղութեան եւ Աստուծոյ խօսքին համար հալածանքի ենթարկուի՝ անմիջապէս իր հաւատքը կը կորսնցնէ։
Nyochaa ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:20-21
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:44
Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի արտի մը մէջ պահուած գանձի։ Երբ մէկը զայն գտնէ՝ կրկին կը ծածկէ հողին մէջ եւ ուրախութենէն կ՚երթայ, իր ամբողջ ունեցածը կը ծախէ ու կը գնէ այդ արտը։
Nyochaa ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:44
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:8
Իսկ ուրիշներ ալ ինկան լաւ հողի մէջ եւ պտուղ տուին, ոմանք մէկի տեղ հարիւր, ուրիշներ՝ վաթսուն եւ կամ երեսուն։
Nyochaa ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:8
7
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:30
Ձգեցէք որ երկուքն ալ միասին աճին մինչեւ հունձքի ժամանակ. այն ատեն հնձուորներուն կ՚ըսեմ. Նախ որոմը քաղեցէք, խուրձեր կազմեցէք այրելու համար, եւ ապա քաղեցէք ցորենը եւ ամբարեցէք շտեմարաններուս մէջ»։ Ահաւասիկ ճիշդ ասոր կը նմանի երկինքի արքայութիւնը։
Nyochaa ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13:30
Ulo
Akwụkwọ Nsọ
Atụmatụ
Vidiyo